50 Տարի Առաջ (27 Փետրուար 2014)
Փետրուարեան Ապստամբութեան
43-րդ Տարեդարձի Տօնակատարութիւնը
Ս. Նշան Ազգային Միջնակարգ Վարժարանին Մէջ
Երեքշաբթի, 18 փետրուար կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Ս. Նշանի մանկապարտէզի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Փետրուարեան ապստամբութեան 43-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը` կազմակերպուած դպրոցի գրական յանձնախումբին կողմէ:
Օրուան հիւրն էր Կարօ Սասունի:
«Մշակ բանուոր»-ի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք աւարտական կարգի աշակերտներէն Հրայր Պալեան կատարեց հանդէսին բացումը` ընելով հակիրճ պատմականը` փետրուար 18-ի մեր ապստամբութեան:
Գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը: Վարժարանին երգչախումբը մէջընդմէջ երգեց հայրենասիրական կտորներ: Սեպուհ Պալեան կարդաց Փետրուարեան ապստամբութիւնը ներկայացնող հատուած մը` Սիմոն Վրացեանի «Հայաստանի Հանրապետութիւն» գործէն: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ միջնակարգի բաժնի դասախօսներէն Յակոբ Պալեան, որ իր կարգին Փետրուարեան ապստամբութեան պատմականը ըրաւ կարելի զարգացումով եւ եզրակացուց.
– Պատմութիւնը կարելի չէ քննել այնպէս, ինչպէս գիտնականը կը քննէ իր աշխատանոցին մէջ քիմիական նիւթեր: Պատմութիւնը կարելի է զգալ, վերապրիլ: Եւ կարենալ վերապրելու համար զայն, անհրաժեշտ է տրամադրուիլ այն հեղուկ-ջերմիկ զգայնութեան, որ կու գայ անցեալէն ու կը կերպարանափոխէ մեր ներկան` խորհուրդ մը փոխանցելու համար մեզի:
Խորհո՞ւրդ եւ անցեալ…
Այսինքն` մեր ժողովուրդի պատմութիւնը: Ուրեմն` ձեր եւ իմ պատմութիւնը: Անկասկած` նաե՛ւ մեր այսօրը:
Լսեցէ՛ք ուրեմն:
Մարդիկ, ժողովուրդներ կրնան հանդուրժել, որ ուրիշներ գողնան իրենց դրամը, կրնան հանդուրժել հիւղաւաններու կեանքին, պատերազմի արհաւիրքներուն, բայց չեն կրնար հանդուրժել, որ իրենց կեանքին իմաստը կազմող իտէալներ, միտք եւ արարքներ դրժուին, մերժուին, մոռցուին եւ կամ ոտնակոխուին:
Մի՛ զարմանաք.
Հայրենիքը գաղափար չէ, ո՛չ ալ` պետութիւն: Հայրենիքը մինչեւ իսկ լեզուի նոյնութիւն չէ, ոչ ալ` սահմանագծուած հողաշերտ: Հայրենիքը էապէս արժէք է: Արժէք, որ մարդոց բազմազանութիւնը կը վերածէ մէկ յայտարարի: Հայրենիքը շարունակութիւնն է մեր նախահայրերու կեանքին, եւ նաեւ մեր փափաքը` բան մը աւելցնելու անոնց դարաւոր փառքին:
Մի՛ հաւատաք, տղա՛ք, որ հայրենիքներ կրնան անհետանալ:
Ապա խօսք տրուեցաւ օրուան յարգելի հիւր Կարօ Սասունիի, որ շատ հաճելի, բայց եւ փետրուարեան մարդու ապրումով խօսեցաւ սրբազան այս թուականին մասին:
Կարօ Սասունի Փետրուարեան ապստամբութիւնը յարեւնման գտաւ Աւարայրի մեր գոյամարտին, այն տարբերութեամբ միայն, որ փետրուարի մեր ճակատամարտը լոկ բարոյական յաղթանակ մը չէր արձանագրեր, այլ` միա՛յն եւ ամբողջական յաղթութիւն:
Եւ պատգամեց.
– Այն ազգը, որ ծնած է Հայկ, Արտաշէս, Տիգրան Մեծ, Վարդանանք, եւ դեռ` Մայիսեանք եւ Փետրուարեանք անմահ է:
Հանդէսին փակումը կատարեց դպրոցին տնօրէնը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան հիւրին, պաշտօնակից դասախօսին եւ շնորհաւորեց գրական յանձնախումբը` իր երրորդ ձեռնարկին համար, մաղթելով անոր առաւել յաջողութիւն` յառաջիկայ ներքին ձեռնարկներուն ճամբով:
ԾԱՆՕԹ.- Տեղին է արձանագրել, որ դպրոցը ցարդ ունեցած է երեք ձեռնարկներ.
Ա.- Ամանորի խրախճանք, որուն ներկայ եղած է առաջնորդ սրբազան հայրը, եւ ուր օրուան խորհուրդին մասին խօսած է վարժարանի ուսուցիչներէն Վազգէն Այգունի:
Բ.- Վարդանանց տօնակատարութիւն` բանախօս ունենալով դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին եպս. Սարգիսեան:
Եւ վերջապէս, երրորդ այս ձեռնարկը` Փետրուարեան ապստամբութեան 43-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը:
Աւելցնենք նաեւ, որ գրական յանձնախումբը ծրագրած եւ թուականով ճշդած է նաեւ եօթը այլ ձեռնարկներ` այս դպրոցական տարեշրջանին համար գործադրելի:
Յառաջիկայ մեր հաւաքոյթը նուիրուած պիտի ըլլայ Սայաթ Նովայի յիշատակին:
ԱՐԻՍ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

