Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

ՀՄԸՄ-ի Հիմնադրութեան 95-Ամեակին Առիթով`
Յոբելինական Հանդիսութիւն

HMEM-95-amiag1Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, նախագահութեամբ` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, մասնակցութեամբ` ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութիւններուն, կիրակի, 23 փետրուար 2014-ին` ժամը 4:00-ին «Գէորգ Եսայեան» սրահին մէջ (Սուլէյմանիէ, Հալէպ) տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 95-րդ ամեակին նուիրուած յոբելինական հանդիսութիւնը (թէեւ անցեալ տարի բոլորուեցաւ 95 տարին):

Ներկայ էին Հայ երեք համայնքապետերը` Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանը, Հայ կաթողիկէ առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեանը եւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեանը, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Կարէն Գրիգորեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան իբրեւ Բերիոյ թեմի ներկայացուցիչը, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կարպիս Թովմասեանը, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամը, Բերիոյ Թեմի Ազգային Գաւառական ժողովի երեսփոխաններ, Ազգային վարչութեան անդամներ, Հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ մշակութային, բարեսիրական, մարզական եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոգեւոր հայրեր:

Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով` ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին նուագակցութեամբ: Ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին ՀՄԸՄ-ի ննջեցեալներուն ու նահատակներուն, յատկապէս 16 փետրուար 2014-ին, Պէյրութի մէջ անակնկալօրէն մահացած ՀՄԸՄ-ական եւ Կեդրոնական վարչութեան գանձապահ Միհրան Շիմշիրեանի,  ինչպէս նաեւ վերջին տարիներուն Սուրիոյ մէջ ինկած տեղացի թէ հայ նահատակներու անմար յիշատակը:

HMEM-95-amiag2Ձեռնարկին սկիզբը ցուցադրուեցաւ ՀՄԸՄ-ի պատմականը` հակիրճ կերպով: Խումբ մը ՀՄԸՄ-ականներ` զանազան տարիքներու  գեղարուեստական յայտագիրով յատուկ երանգ տուին հանդիսութեան: Անոնք ներկայացան անհատական եւ խմբային ասմունքով, իսկ ուրիշներ երգերով, մինչ պաստառի վրայ կը ներկայացուէր ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ գործունէութիւնը:

«Մեր սրտերու ՀՄԸՄ» խորագիրը կրող քերթուածին հեղինակն էր հալէպահայ բանաստեղծ Յակոբ Տըլտլեանը: Եղբ. Եղիա Քիլէճեան մեներգեց «ՀՄԸՄ մեծ դպրոց» երգը: Տեղի ունեցաւ զուգերգ` «Անցեալէ ապագայ ՀՄԸՄ ներկայ», զոր մեկնաբանեցին  Սուրէն Աճէմեանը եւ Նորա Սիմոնեանը: Գեղարուեստական յայտագիրին համար  շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ ասմունքի հեղինակ  Յակոբ Տըլտլեանին, իսկ բեմադրութեան համար` Նշան Օղիկեանին եւ Յուշիկ Ղազարեանին:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց Կարպիս Թովմասեանը:

Իսկ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան խօսքը` Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լեւոն Իսկէնտէրեանը:

Արտասանուած խօսքերէ ետք «Հայրենիքիս հետ» երգը ինքնատիպ, տպաւորիչ եւ ազդու կատարողութեամբ մեներգեց Եղիա Քիլէճեանը, դաշնակի նուագակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի:

ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 95-րդ ամեակին առիթով, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան անդամներուն կողմէ «Ծառայութեան» շքանշանի եւ գիր ծառայութեան գիրի տուչութիւն կատարուեցաւ հետեւեալ ՀՄԸՄ-ականներուն`

Աբրահամ Եագուպեանի, Մանուկ Քէօշկէրեանի,  Զաւէն Էքմէքճեանի (ստանձնեց կինը` Անին), Րաֆֆի Տէր Յակոբեանի, Խաժակ Տիլպէրեանի, Արմէն Քէօշկէրեանի, Պօղոս Պալիոզեանի, Սարգիս Խուրշուտեանի, Զարեհ Փամպուքեանի, Շիրազ Համամճեանի (Յետ մահու ստանձնեց կինը` Ալինը):

ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան կողմէ յատուկ յուշանուէր յանձնուեցաւ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան Ս. Սարգիսեանին:

ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 95-րդ ամեակին նուիրուած տօնակատարութեան ընթացքին իր սրտի խօսքը  արտասանեց Շահան Ս. արք. Սարգիսեանը, որ բոլոր համայնքներուն անունով շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ի 95-ամեակը, եւ նշեց, թէ հակառակ Սուրիոյ ներքին պայմաններուն, տակաւին ան կը գործէ:

Ան ըսաւ, որ ՀՄԸՄ-ի 95-ամեակին առիթով կ՛օրհնենք հայկական հոգիով ու ձգտումներով գործող միութիւնը` մաղթելով սակայն, որ դէպի հարիւրամեակ գացող անդամ-անդամուհիները իրենց գործունէութեան նշանաբան ունենան «Բարձրացիր բարձրացուր»-ի կողքին` «Վերանորոգուիր եւ վերանորոգէ» գաղափարը»: Ապա, շնորհաւորեց տասը պարգեւատրեալները:

ՀՄԸՄ-ի 95-ամեակին նուիրուած յոբելինական հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով, որուն յաջորդեց սրբազան հօր պահպանիչը:

Նշենք, որ տօնակատարութեան բեմավարներն էին Ծերուն Գահուէճեան եւ  Լուսին Ջիլաբոշեան:

Յետ հանդիսութեան, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ մտերմիկ հաւաքոյթ:

 

Գուրգէն Մարգարեանի Յիշատակին Նուիրուած
Ձեռնարկներ

Ֆրանսա

Kourken-Markarian_gomidasՓետրուար 16-ին Փարիզի հայ առաքելական Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ պատարագ` նուիրուած ազրպէյճանցի Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ քնացած պահուն սպաննուած հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի յիշատակին: Պատարագի աւարտին մասնակիցները Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեանի եւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի ղեկավար կազմի գլխաւորութեամբ, երթով ուղեւորուեցան դէպի Փարիզի Երեւանեան զբօսայգի, ուր Կոմիտասի արձանին դիմաց տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Արցախի եւ ֆրանսահայերու անունով ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւն: Նոյն օրը, առաւօտեան, Գուրգէն Մարգարեանի յիշատակին նուիրուած պատարագներ մատուցուեցան Մարսէյի, Լիոնի եւ հայաշատ այլ քաղաքներու հայ առաքելական եկեղեցիներուն մէջ:

 

Ռուսիա

Russia_RequiemՓետրուար 16-ին, հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ Մոսկուայի Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի նորակառոյց Ս. Պայծառակերպութեան եկեղեցւոյ մէջ: Ներկայ եղան Մոսկուայի համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ` Ռուսաստանի հայերու միութեան, «Ռուս-հայկական համագործակցութիւն» հասարակական կազմակերպութեան, «Արարատ» մշակութային միութեան ղեկավարութիւնը եւ բազմաթիւ այլ հիւրեր:

 

Նոր Ջուղա

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին
Նուիրուած Թոք Շօ

talk-showՀայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շրջագիծին մէջ, 7 փետրուարին, Նոր Ջուղայի Հայ Մ. Մ. «Արարատ» միութեան մէջ տեղի ունեցաւ Թոք Շօ «Հայ երիտասարդը եւ ազգային զարգացում» թեմայով: Ձեռնարկի հանդիսավարներն էին  Լեռնիկ Ղազարեան, Լալագէ Իսաղուլեան եւ Ռուբէն Խոսրովեան:

Ծրագրի ընթացքին քննարկուեցին Հայաստանի Հանրապետութեան առնչուող հարցեր, ինչպէս պետութեան գոյատեւման հիմնահարց, երկրի բնակչութեան թիւի նուազում, տնտեսական իրավիճակ եւ արհեստագիտութեան զարգացում:

Աւարտին ներկաները միաձայնութեամբ հաստատեցին, որ պետականութեան գոյատեւման համար անհրաժեշտ է ունենալ տնտեսական կայուն իրավիճակ, զինուժ եւ հզօր կամք, իսկ բնակչութեան թիւի աճի կապակցութեամբ պէտք է պետական մակարդակով յատուկ աջակցութիւն ցուցաբերել բազմազաւակ ընտանիքներուն, իսկ արտագաղթի թափը կեցնելու համար` երկրի քաղաքական եւ տնտեսական բնագաւառներուն մէջ բարեփոխումներ կիրարկել:

Առաջարկներ արձանագրուեցաւ նաեւ երկրի տնտեսական զարգացման ուղղութեամբ, որմէ ետք քննարկուեցաւ հայապահպանման հիմնահարցը:

 

Պերլին

Սումկայիթի, Պաքուի Եւ Գանձակի Ջարդերու
Զոհերու Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

Փետրուար 16-ին, Պերլինի Ս. Լուիզէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` Սումկայիթի, Պաքուի եւ Գանձակի ջարդերու հայ զոհերու, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանցի մարդասպանին կողմէ կացնահարուած երիտասարդ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի յիշատակին:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտէն ետք Պերլինի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ հաւաքուեցան Հայ եկեղեցական եւ մշակութային միութեան ակումբին մէջ:

Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահան Յովհաննիսեան իր խօսքին մէջ շեշտեց կարեւորութիւնը կազմակերպուած հայութեան համախմբումին` հայրենիքի եւ անկախ ու ինքնուրոյն պետականութեան շուրջ:

 

Իտալիա

Մահացաւ Ցեղասպանութիւնը Վերապրած Եւ
Իտալիոյ Մէջ Հանգրուանած Վերջին Հայը

mousheghianՓետրուար 16-ին, 98 տարեկանին, մահացաւ Ցեղասպանութիւնը վերապրած Սերժիօ (Սարգիս) Մուշեղեան, որ կը բնակէր Իտալիոյ Քալապրիա նահանգին մէջ:

Ան ծնած  էր 1916-ի նոյեմբերին: Փրկուած էր իտալացի միսիոնարներու ձեռամբ, երբ 4 տարեկանին անտուն եւ անօթեւան կ՛ապրէր Կոստանդնուպոլսոյ փողոցներուն մէջ: Զայն տարած են Իտալիա, ուր ապրած է կեանքի մեծ մասը` Ափուլիոյ ու Քալապրիոյ միջեւ, ուր նաեւ մահացած է:

Քալապրիոյ քաղաքապետ Անթոնիօ Քարլոմակնօ զինք անուանած է` «մեծ արժանապատուութեամբ ու բարձր բարոյականութեամբ օժտուած մարդ»: Ան պատիւ համարած է հանդիպիլ Մուշեղեանին եւ ծանօթանալ անոր ժողովուրդի պատմութեան:

Կեանքի վերջին տարիներուն Սարգիս Մուշեղեան իր ժամանակին մեծ մասը նուիրած էր Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկներու կազմակերպման:

Յունուար 2013-ին Պարիի մէջ խաչքար մը տեղադրուեցաւ` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն:

 

Միացեալ Նահանգներ

Սիրուն Երէցեանի «Սիրուն Տառեր»
Գիրքին Շնորհահանդէսը

SirounYeretsianԿազմակերպութեամբ «Ապրիլ» գրախանութի եւ հրատարակչութեան, 5 փետրուարին Կլենտէյլի Հանրային գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սիրուն Երէցեանի «Սիրուն տառեր» գիրքին շնորհահանդէսը:

Հայ գլխազարդագրերուն նուիրուած սոյն հատորը կ՛ոգեկոչէ միջնադարեան հայկական արուեստի մանրանկարազարդ ձեռագրերու եւ զարդատառերու` Սիրուն Երէցեանի 25-ամեայ ուսումնասիրութիւնը:

Ողջոյնի խօսքը արտասանեց Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արա Նաճարեան:

Օրուան հանդիսավար արուեստագիտուհիին զաւակը` Առնօ Երէցեան,  ներկայացուց իր մօր ստեղծագործական կեանքէն առնուած նմուշներ:

Այնուհետեւ, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ Յովնան արք. Տէրտէրեան Սիրուն Երէցեանին փոխանցեցին օրհնութեան ու գնահատանքի գիրեր:

Իր կարգին, Սիրուն Երէցեան առաջնորդներուն նուիրեց իր նշանաւոր սիրամարգերէն մէկական հատ:

Սրտի խօսք ուղղեց նաեւ հատորի արուեստի պատասխանատու եւ ձեւաւորող Վահան (Հերի) Մեսրոպեան:

Սիրունին յանձնուեցան գովասանագրեր Նահանգային խորհրդարանական Մայք Կաթոյէն եւ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆէն, նաեւ` պետական տարբեր ներկայացուցիչներէ:

Սիրուն Երէցեանի շնորհակալական խօսքը կարդաց իր որդին` Առնօ Երէցեան:

Առաջնորդը Ընդունեց Կլենտէյլի Նոր
Ոստիկանապետին Այցելութիւնը

Arch.Moushegh-Mardirossian_PoliceՓետրուար 6-ին, Կլենտէյլի նորընտիր ոստիկանապետ Ռապըրթ Քասթրօ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Ազգային առաջնորդարան:

Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան շնորհաւորեց ոստիկանապետը իր նոր պաշտօնին համար, ապա նշեց, թէ հայ համայնքը մօտիկ եւ սերտ գործակցութիւն ունեցած է Կլենտէյլի ոստիկանութեան հետ, յոյս յայտնելով, որ նոյն թափով կը շարունակուի այդ գործակցութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին խօսուեցաւ շրջանի ապահովութեան եւ պատանիներուն եւ երիտասարդներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին: Ոստիկանապետը իր կարգին անդրադարձաւ տարեցներու ապահովութիւնը երաշխաւորելու հարցին:

Առաջնորդը նշեց, թէ այս տարի «Հայ տարեցներու տարի» հռչակուած ըլլալով` լաւագոյն առիթն է ոստիկանութեան համագործակցութեամբ ուսուցողական ձեռնարկներ իրագործելու, որպէսզի տարեցները աւելի իրազեկ դառնան երթեւեկի օրէնքներուն եւ կանոններուն:

Հանդիպման աւարտին սրբազանը յուշանուէր մը յանձնեց ոստիկանապետին:

«Արարատ Տուն»-ի «Աւագեան» Բաժինի
Պաշտօնական Բացում

Ararad_Avakian-openingՓետրուար 8-ին, հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներու առաջնորդներու նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ «Արարատ տուն»-ի «Աւագեան» բաժինի պաշտօնական բացումն ու օրհնութիւնը:

Հոգաբարձութեան ատենապետ Ժոզեֆ Կանիմեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց եկեղեցականներուն` տարուան ընթացքին «Արարատ տուն»-ի բնակիչներուն իրենց տածած հոգեւոր սնունդին համար:

Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան շնորհաւորեց վարչութիւնը` ընդարձակման ծրագիրի յաջողութեան առիթով, որ կենսական էր տարեցներու բոլոր կարիքները հոգալու համար:

Օրուան հանդիսավար Արաքսիա Կարապետեան ներկայացուց պետական պաշտօնական անձնաւորութիւնները եւ անոնց ներկայացուցիչները, ապա զանոնք հրաւիրեց, որպէսզի փոխանցեն իրենց շնորհաւորական գիրերը:                                                                       Բացման արարողութեան եւ օրհնութեան յաջորդեց յոբելենական ճաշկերոյթը:

Այս պատմական հանդիսութեան առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս օրհնութեան գիր շնորհած էր «Արարատ տուն»-ին եւ անոր պատասխանատու մարմիններուն: Առաջնորդը  կարդաց եւ ապա ատենապետ Կանիմեանին յանձնեց օրհնութեան գիրը:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` «Արարատ տուն»-ի կեանքէն օր մը թեմայով, որուն յաջորդեցին Պերճ Շահպազեանի, Ռոն Նազելիի, Կանիմեանի եւ Քալիֆորնիոյ նախկին նահանգապետ Ճորճ Տէօքմէճեանի խօսքերը:

 

Քանատա

Հանդիպում Լաւալի Քաղաքապետին Հետ

Laval_ARF-S.Zeitlian-CommitteeՓետրուար 7-ին, ՀՅԴ «Ս. Զէյթլեան» կոմիտէի ներկայացուցիչները, ընկերակցութեամբ Լաւալի Հայ դատի յանձնախումբի անդամներուն, Լաւալի քաղաքապետարանին մէջ հանդիպում ունեցան Լաւալի նորընտիր քաղաքապետ Մարք Տըմերսի հետ: Հայկական պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց Տեմերսը քաղաքապետի իր պաշտօնը ստանձնելուն առիթով:

Քաղաքապետ Մարք Տըմերս եւ Լաւալի քաղաքապետութեան գործադիր մարմինի անդամները սիրալիր ընդունելութիւն մը ցուցաբերեցին եւ քաղաքապետը տրամադրութիւն յայտնեց գործակցելու հայ գաղութին հետ:

Այս այցելութեան առիթով, Լաւալի Հայ կեդրոնի անունով յուշանուէր մը տրուեցաւ քաղաքապետին, ինչպէս նաեւ անոր յանձնուեցաւ թղթածրար մը, ուր ամփոփ ձեւով կը ներկայացուի Լաւալի հայութեան պատմականը:

Քաղաքապետ Մարք Տըմերս մեծ գոհունակութիւն յայտնեց եւ խոստացաւ անպայման այցելել Լաւալի Հայ կեդրոն` մօտէն ծանօթանալու Լաւալի հայ գաղութին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES