Տեսակէտ. Վարդանանք
ՕՀԱՆ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆ
Ամէն ճակատամարտի մէջ յաղթականներ եւ պարտեալներ կ՛ըլլան: Այդպիսին էր նաեւ Աւարայրի ճակատամարտին, ուր պարտեալները անհերքելիօրէն Վարդանանք էին, հայերն էին, իսկ յաղթականը հայոց թշնամին էր, որուն շարքերուն միացած էր Վասակ Սիւնին:
Այս է պատմական ճշմարտութիւնը. սակայն, պատմութիւն կերտողը ժողովուրդն է, եւ ոչ թէ ղեկավարը, որ առաջնորդի դերը կը ստանձնէ ժողովուրդի մը պատմութեան տուեալ մէկ ժամանակաշրջանին, երբ իր անձնական արժանիքներով ու ժամանակի պահանջին համապատասխան իր տուեալներով, կ՛անցնի ժողովուրդին գլուխը:
Այսօր, դարե՜ր, դարե՜ր ետք պատմագիտութիւնը կու գայ հաստատելու, թէ քաջն Վարդանը, որքան որ քաջ էր իր հայրենասիրութեան, իր անձնազոհութեան մէջ, նոյնքան եւ տկար էր իբրեւ քաղաքագէտ, իբրեւ դիւանագէտ, որ չկրցաւ, չգիտցաւ ժողովուրդը, երկիրը առաջնորդել այնպիսի ուղիէ մը, որ կարենար խուսափիլ անհաւասար գուպարէ մը, որուն ելքը ի սկզբանէ յայտնի էր:
Եւ ընդհակառակը, մեր օրերուն, պատմաբաններ կ՛ընդգծեն, թէ այդ օրերու հայ ժողովուրդին մեծագոյն քաղաքագէտը, դիւանագէտը Վասակ Սիւնին էր, իր ընթացքը դաւաճանութիւն չէր, այլ դիւանագիտական քայլ մը, հայրենիքը ամբողջական կործանումէ փրկելու, որուն կ՛առաջնորդէր Վարդան, շարժելով իր զգացումներով, գործելով համաձայն իր սրտի թելադրութեան:
Գուցէ եւ ճիշդ է, ամէն պարագայի, պատմաբանները տակաւին շատ մելան պիտի հոսեցնեն թեր ու դէմ իրենց կարծիքները յայտնելու համար, մինչեւ որ օր մը թերեւս, կամ անպայման, կարենան փաստել ճշմարտութիւնը, կարենան համոզել ժողովուրդը, գալիք սերունդները: Բայց մինչ այդ, Վարդան պիտի մնայ իբրեւ փրկիչը մեր ժողովուրդին, իսկ Վասակ` հայրենադաւութեան, հայրենաուրացութեան, դաւաճանութեան տիպարը:
Ի՜նչ զարմանալի բան չէ՞, որ ճշմարտութիւնը, որ պէտք է ըլլայ մի՛շտ պայծառ` արեւուն նման, մի՛շտ ալ ծածկուած է թանձր ամպերուն ետին` արեւուն նման: Գիտնականներուն գործն է` այդ ամպերը ցրուել:
Բայց ամենազարմանալին ժողովուրդն է, որ դատողութիւն չի ճանչնար, որ միայն զգացումով կը շարժի, որ ունի հոգեկան խորաթափանց աչք: Ժողովուրդը չի սպասեր, որ գիտնականները կարենան ցրուել ամպերը, որպէսզի անոր ետեւ պահուըտած արեւը տեսնէ, ան արդէն իր սրտին ճառագայթներով թափանցած է այդ ամպերէն եւ անոր ետին կը տեսնէ ի՛ր արեւը` իր ճշմարտութիւնը:
Եւ այդ ճշմարտութիւնը, ժողովուրդի՛ն ճշմարտութիւնը, զայն պարտութեան առաջնորդած ղեկավարը բարձրացուցած է հմուտ քաղաքագէտին, բանիմաց դիւանագէտին մակարդակէն ալ վեր, զայն հասցուցած է ժողովրդային հերոսի ամենաբարձր պատուանդանին, եւ զայն վերածած է յաղթանակի խորհրդանշանին: Պարտուած Վարդանին մէջ հայ ժողովուրդը կը տեսնէ իր յաղթանակը, զոր ո՛չ զէնքի ուժով կարելի էր ձեռք ձգել, ո՛չ ամեհի բանակներով:
Եւ ընդհակառակը, հայ ժողովուրդը անցեալ, ներկայ թէ ապագայ գիտնական-պատմաբաններուն վճիռները առ ոչինչ համարելով` տուած է իր անբեկանելի վճիռը Վասակին դէմ: Ժողովուրդը կը մերժէ, եւ այս պարագային հայ ժողովուրդը մերժե՛ց քաղաքականութեան մթին ծալքերուն ապաւինիլ, մերժե՛ց նոյնիսկ եւ այն, որ Վարդանի պարտութիւնը եթէ յաղթանակի վերածուեցաւ, գուցէ եւ ատոր մէջ բաժին ունէր Վասակի քաղաքականութիւնը, դիւանագիտութիւնը, եւ միայն այն իրողութիւնը, որ ան զէնք ճօճեց իր հայրենիքին դէմ` անոր թշնամիին շարքերուն մէջէն, բաւեց, որ Վասակ իջնէր հայրենադաւութեան տիղմին մէջ, ըլլար խորհրդանշանը դաւաճանութեան:
Եթէ պատմաբանները կը հաստատեն, թէ Վասակի եղերական վախճանը հետեւանքն էր իր քաղաքականութեան, որ այլեւս քողազերծուած էր թշնամիին համար, ժողովուրդին համար անիկա դաւաճաններուն վիճակուած բնական վախճանն էր պարզապէս:
Եւ այս եղած է, է՛ եւ պիտի մնա՛յ Վարդանանց խորհուրդը հայրենիքին համար ինկած մարդը ժողովուրդին պաշտելի կուռքն է. հայրենիքին դէմ սուր շարժող մարդը դաւաճան է: Իսկ ժողովուրդին վճիռը անբեկանելի լէ:

