Հայ Եկեղեցւոյ Լուսապսակ Սուրբեր. Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետ Լուսաւորիչ Միտքերու
ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ
Փ. Բիւզանդ հետեւեալ տողերէն կարելի է յստակ պատկերացում մը ունենալ Մաշտոցի ունեցած դժուարութեանց մասին.
«Եթէ վարդապետները նստելով գիշեր ցերեկ ամպերու նման [քրիստոնէական] վարդապետութիւնը ինչպէս յորդ անձրեւ անոնց վրայ հոսեցնէին, անոնցմէ ոչ մէկը, ոչ մէկ խօսք, ոչ կէս խօսք, ոչ մէկ բան, ոչ մի նշոյլ իրենց լսածներէն կրնար միտք պահել կամ հասկնալ»(1):
Անհրաժեշտ է այստեղ նշել, որ պարսիկներ Հայաստանի իրենց բաժնին մէջ արգիլած էին յունարէնի գործածութիւնը, ուստի Մաշտոց պէտք էր Սուրբ Գրոց որեւէ ընթերցում նախ կատարէր ասորերէն լեզուով եւ ապա տեղւոյն վրայ թարգմանէր հայերէնի:
Այս նպատակով հայ եկեղեցականներու մէջ երկու խումբեր կազմուած էին. անոնք կը կոչուէին վերածանողներ եւ թարգմանողներ: Անոնցմէ առաջին խումբին պարտականութիւնն էր կարդալ ասորերէն բնագիրը. իսկ երկրորդինը` տեղւոյն վրայ թարգմանել հայերէնի: Կարելի է պատկերացնել ստեղծուած ձանձրանալի եւ ապարդիւն աշխատանքը. հապա ինչպէ՞ս կարելի էր թարգմանել երգեցողութիւնը եւ այլն:
Մաշտոց, երբ գիշեր ցերեկ տագնապահար եւ խռովայոյզ հոգիով կը մտածէր լուծում մը գտնել այս հարցին, կը լսէ, որ ըստ Փարպեցիի, «Գոն նշանագիրք հայերէն լեզուոյս»: Ուստի կ՛որոշէ անմիջապէս երթալ Վաղարշապատ հայոց հայրապետին մօտ` անկէ խորհուրդ եւ գործնական օգնութիւն ստանալու նպատակով: Խորհրդակցելով զինք մտատանջող խնդիրներու շուրջ, նաեւ կը յայտնէ անոր հայերէն տառերու գոյութեան մասին:
Կաթողիկոսին կողմէ Մաշտոց կ՛արժանանայ ջերմ ընդունելութեան` ցուցաբերելով ցաւակից, սրտակից եւ համախոհ վերաբերմունք. ուստի, նոյն նպատակի իրագործման համար անոնք կ՛որոշեն միասնաբար հետապնդել այս խնդիրը, բայց նախքան որեւէ գործնական քայլի դիմելը` յարմար կը տեսնեն ներկայանալ Վռամշապուհ հայոց արքային ստանալու համար անոր հովանաւորութիւնն ու աջակցութիւնը, կարենալ ձեռք բերելու համար, այսպէս կոչուած, հայերէն նորագիւտ նշանագրերը:
Բարեբախտաբար Վռամշապուհ արքայ իր հերթին տեղեկացած էր այս հայերէն գիրերու մասին, իր Միջագետք եղած շրջանին: Ուստի, կը պատմէ անոնց Դանիէլ անունով ազնուական ասորի եպիսկոպոսի մը մասին, որ յանկարծ գտած է հայոց լեզուին նշանագրերը: Վռամշապուհի հաղորդած այս ուրախ լուրի հիման վրայ անոնք խնդրեցին թագաւորէն օր առաջ ունենալ նորագիւտ այդ գիրերը: Ուստի, հայոց արքան յատուկ հրովարտակով մը ուղարկեց Վահրիճ անուն, իրեն վստահելի անձ մը` Հաբէլ երէցի մօտ, որ ազգական էր Դանիէլ ասորի եպիսկոպոսին: Ըստ Խորենացիի, Վահրիճ եւ Հաբէլ, այցելելով Դանիէլին, ստացան անկէ վերոյիշեալ Դանիէլեան նշանագրերը: Երբ անոնք բերուեցան Հայաստան, արքան, սուրբ Սահակն ու Մաշտոցը մեծապէս ուրախացան:
Արքայի օգնութեամբ շուտով հաւաքուեցան ուշիմ մանուկներ, որպէսզի անոնց սորվեցնեն նորագիւտ տառերը. սակայն երկու տարի դասաւանդելէ ետք համոզուեցան, որ այդ տառերով կարելի չէր հայերէն վանկերն ու բառերը կազմել, նոյնպէս` հայոց լեզուին բոլոր հնչիւնները արտայայտել: Օրմանեանի կարծիքով, «Դանիէլեան նշանագրերը, ասորական կամ սեմական աղբիւրէ բխած, առանց ձայնաւորի այբուբեն մը եղած պէտք էր ըլլային, մինչ Սահակ եւ Մեսրոպ` յունական դպրութեանց հմուտ անձեր, հարկաւ արեւմտեան յունալատին այբուբենի դրութեամբ, ձայնաւորներով լրացեալ տառեր կը հետամտէին կազմել»(2): Յամենայն դէպս, դառն իրականութիւնն այն էր, որ Դանիէլեան տառերուն ձախող ըլլալը փաստուելէ ետք, Սահակ ու Մեսրոպ դարձեալ մատնուեցան խորը մտահոգութեան: Այսուհանդերձ, առանց յուսահատելու որոշեցին կրկնապատկել իրենց ճիգերը եւ բազմապատկել աղօթքները առ Աստուած` հասնելու ազգօգուտ նպատակի յաջողութեան:
Ուստի «Երանելի Մաշտոցը», կը գրէ Կորիւն, «արքայի հրամանով եւ Սուրբ Սահակի համաձայնութեամբ», իրեն հետ առնելով իր յառաջադէմ աշակերտներէն քանի մը հատը, իջաւ Միջագետք` Ասորիք: Այդ աշակերտներէն երկուքին անունները` Յովհան Եկեղեցացի եւ Յովսէփ Պաղնացի, կը յիշէ Կորիւնը, երբ սկսեր էին Ասորիքի մէջ թարգմանական աշխատանքի, իսկ Փարպեցին անոնց վրայ կ՛աւելցնէ երրորդ եւ չորրորդ աշակերտներու` Տէր (Տիրայր) Պաղնացիի եւ Մուշէ Տարօնացիի անունները:
Մաշտոց Դանիէլ եպիսկոպոսին մօտ որեւէ նորութիւն չգտնելով` կ՛անցնի Եդեսիա (Ուրֆա), ապա Ամիդ (Տիգրանակերտ) եւ Սամոսատ քաղաքները: Կը տեսակցի յունարէնի եւ գեղագրութեան մասնագէտ Հռոփանոսի հետ: Ան իր այցելած բոլոր քաղաքներուն մէջ կ՛արժանանայ տեղւոյն եպիսկոպոսներու եւ գիտնական վարդապետներու, ինչպէս նաեւ իշխաններու սիրալիր ընդունելութեան եւ մեծարանքին: Ամէնուրեք կը ջանայ գտնել պատասխանները իր միտքը տանջող հարցումներուն:
Ասորիքի մէջ իր աշակերտները կը բաժնէ երկու խումբի. ոմանց պարտականութիւն կու տայ հմտանալու ասորերէն, իսկ ոմանց` յունարէն դպրութեանց մէջ: Սակայն դժբախտաբար ո՛չ մէկ տեղ, ո՛չ մէկ անձի մօտ կը յաջողի գտնել իր փնտռածը, այն, ինչ որ կը պակսէր հայոց լեզուն գրաւոր կերպով հայութեան ընծայելու համար:
Այնուհետեւ, ըստ Կորիւնի վկայութեան, Մաշտոց «իր ընկերներու հետ սկսաւ սովորական աղօթքներն ու տքնութիւնները եւ արտասուալից պաղատանքները, խստամբերութիւնները, աշխարհահեծ հոգսերը… եւ այսպէս ան շատ նեղութիւններ կրեց իր ազգին բարի օգնութիւն գտնելու համար: Ամէն բան շնորհող Աստուած անոր պարգեւեց [այդ] բախտը. ան իր սուրբ աջով հայրաբար ծնունդ տուաւ նոր ու սքանչելի ծնունդներու, [որոնք էին] հայոց լեզուի նշանագրերը: Այնտեղ [Եդեսիոյ մէջ] շուտով նշանակեց, անուանեց ու դասաւորեց, յօրինեց սիղոբաներով` կապերով»(3):
Շուտով վերադառնալով Սամոսատ` Հռոփանոսի մօտ, անոր օգնութեամբ վերջնական ձեւաւորում տուաւ երկնապարգեւ նորագիւտ տառերուն. այնուհետեւ իր երկու աշակերտներուն` Յովհան Եկեղեցացիի եւ Յովսէփ Պաղնացիի հետ ձեռնարկեց Սուրբ Գիրքի թարգմանութեան աշխատանքին` սկսելով Սողոմոնի առակներէն: «Առակաց գիրք»-ի առաջին համարը` «ՃԱՆԱՉԵԼ ԶԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԶԽՐԱՏ, ԻՄԱՆԱԼ ԶԲԱՆՍ ՀԱՆՃԱՐՈՅ», եղաւ աստուածաշնչական առաջին հայացուած նախադասութիւնը, որով հայ գիրն ու գրականութիւնը սկիզբ առին:
Խորենացի խօսելով գիրերու գիւտի մասին` նոյնպէս կը հաստատէ, որ Մաշտոց իր շրջագայութեանց եւ հանդիպումներու ընթացքին չկրցաւ ոեւէ անձէ որեւէ գործնական օգնութիւն ստանալ եւ ուստի ապաւինելով աղօթքի եւ Աստուծոյ զօրութեան, «ո՛չ քնացած ժամանակ երազի մէջ եւ ո՛չ ալ արթնութեան ժամանակ տեսիլքի մէջ», այլ իր հոգիի աչքերով տեսաւ` ինչպէս Աստուծոյ Աջը վանականի իր խուցի պատին վրայ գրեց հայոց տառերը. իսկ ինք այդ բոլորը իր մտքին մէջ պահելով` ստեղծեց մեր նշանագրերը(4):
Երկու հեղինակներու գրերու գիւտի նկարագրութեան մէջ պէտք չէ հակասութիւն տեսնել: Տեղի ունեցածը պարզ է ու հասկնալի մեզի համար: Մաշտոց ծանօթ ըլլալով ասորերէնի, յունարէնի, Դանիէլեան նշանագրերուն ընծայած սահմանափակ եւ անգործնական հնարաւորութեանց, նոյնպէս քաջածանօթ ըլլալով հայոց լեզուի առանձնայատկութիւններուն եւ հնչիւնաբանութեան, երկարօրէն մտածելով հարցի լուծման մասին, Աստուծոյ օգնութեամբ եւ իր հանճարով ստեղծեց այնպիսի այբուբեն մը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլար նախ թարգմանել Աստուածաշունչը հայերէնի եւ ապա հայերէով կարգաւորել Հայ եկեղեցւոյ ժամերգութիւններն ու խորհրդակատարութեանց արարողութիւնները:
Նման յօդուածի մը նպատակէն դուրս համարելով Մեսրոպեան տառերու ակունքները քննարկելու որեւէ փորձ, մեր փափաքն է հետագայ էջերուն մէջ անդրադառնալ միայն այն բարիքներուն եւ գլխաւոր յաջողութեանց, որոնք այբուբենի գիւտին շնորհիւ իրականութիւն դարձան Հայաստանի մէջ: Բայց նախքան այդ` կարելի չէ չյիշել այն աննախընթաց ջերմ ընդունելութիւնը, որուն Մաշտոց եւ իր աշակերտները արժանացան, երբ «օթեւաններ անցնելով, հոգելից ուրախութեամբ հասան Հայաստան աշխարհ, Այրարատեան գաւառի կողմերը, նոր քաղաքի (Վաղարշապատի) սահմանները»:
Կորիւն` Մաշտոցի Աստուծմէ ստացած պարգեւը իր ժողովուրդին ընծայելու արարքը կը բաղդատէ Մովսէս մարգարէի Սինա լերան բարձունքին Աստուծմէ ստացած Տասնաբանեայ պատուիրաններուն նկատմամբ իր ժողովուրդին ցուցաբերած վերաբերմունքին հետ: Ան կ՛ըսէ, որ մինչ հրեայ ժողովուրդը մերժելով Աստուծոյ պատուիրանները Ոսկի Հորթը կը պաշտէր, Մաշտոց Աստուծմէ ստացած նշանագրերը Հայաստան բերելու առիթով կ՛արժանանար համազգային ցնծութեան եւ երախտագիտութեան:
Ստորեւ կը մէջբերենք այդ պատմական հանդիպումի հրճուալից պահուան նկարագրականը Կորիւնի բառերով. «Երբ Մաշտոց մօտեցաւ թագաւորական քաղաքին, տեղեակ պահեցին թագաւորին եւ Սուրբ եպիսկոպոսին (Սահակ Պարթեւ հայրապետին): Անոնք նախարարագունդ աւագանիի բոլոր բազմութիւնը առնելով` քաղաքէն դուրս եկան եւ Ռահ գետի ափին դիմաւորեցին երանելին (Մաշտոցը): Մեծ ուրախութեամբ զիրար ողջունելէ ետք, այնտեղէն ցնծութեան ձայներով եւ հոգեւոր երգերով ու բարձրաձայն օրհնութիւններով վերադարձան քաղաք եւ տօնական ուրախութեամբ անցուցին [յաջորդող] օրերը»(5):
Գիրերու գիւտի թուականի կապակցութեամբ Կորիւնի տուած հակասական տեղեկութեանց պատճառով շփոթ մը յառաջացած է բանասէրներու մօտ: Օրմանեան, որ իր «Ազգապատում»-ին մէջ յատուկ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ առհասարակ հայոց պատմութեան գլխաւոր անցքերը ճիշդ թուականներու վրայ հիմնելու անհրաժեշտութեան եւ այդ ուղղութեամբ կը մտնէ ժամանակագրական տուեալներու մանրամասնութեանց մէջ, 404 տարին կ՛ընդունի որպէս Դանիէլեան նշանագրերու յատնուելու տարի, իսկ Մաշտոցի գիրերու գիւտը կը դնէ 406-ին: Թուականի այս հարցը այնքան ալ կարեւոր խնդիր մը չէ, էականը նորաստեղծ տառերու Հայաստան բերուելէ ետք անոնց ճիշդ ձեւով օգտագործումն է, որով հայերէն դպրութիւնը առաջին մէկ օրէն լեզուական ամուր հիմքերու վրայ կը դրուէր:
Ղ. Փարպեցի հետեւեալ հետաքրքրական տեղեկութիւնները կու տայ Սահակ կաթողիկոսի հայոց գիրերու վերջնական դասաւորումով զբաղած ըլլալու եւ առհասարակ ամբողջ թարգմանական աշխատանքը գլխաւորած ու առաջնորդած ըլլալու մասին:
Հիմա որ նորագիւտ տառերը արդէն հայոց հայրապետի տրամադրութեան տակ էին, նախքան դպրոցներ բանալով զանոնք ուշիմ աշակերտներուն սորվեցնելը, Մաշտոց աշխատեցաւ` յաճախ դիմելով Սուրբ Սահակի խորհուրդներուն, հայերէն այբուբենը կարգաւորել-դասաւորել ըստ յունարէնի հնչիւնային-վանկական անսայթաք դասաւորութեան:
Փարպեցի կը նշէ, որ Սուրբ հայրապետը տառերու դասաւորութեան եւ հնչիւնային ուղղաձայնութեան դիւրին ճանապարհ ցոյց տուաւ Մաշտոցի եւ իր գործակից աշակերտներուն. նաեւ կ՛ընդգծէ հետեւեալ պարագան. «Պարզ է, որ անոնք չէին կրնար անսխալ կատարել գործը` առանց առաջնորդուելու Սուրբ հայրապետին` Սահակի կողմէ, քանի որ ան իր գիտութեամբ եւ փորձառութեամբ աւելի բարձր էր շատ մը յոյն գիտնականներէ, կատարելապէս հմուտ ըլլալով յունարէն տառերու հնչունաբանութեան եւ հռետորական յորդասաց մեկնաբանութեանց»(6):
Գուցէ այս է պատճառը, որ Օրմանեան` հայոց գիրերու վերջնական ձեւաւորման մէջ բնորոշելով Սահակի դերակատարութիւնը` այսպէս կ՛եզրակացնէ.
«Պէտք է ուրեմն ըսել, թէ ինչ որ Մեսրոպ իր շրջագայութեանց մէջ կրցաւ ստանալ, յաջողութիւնը, զոր ձեռք ձգեց, խորհուրդները, զորս Հռոփանոսէ ստացաւ ամէնքն ալ ժողովեց բերաւ եւ Սահակի գերագոյն դատաստանին ենթարկեց, եւ Սահակի ցուցուցած ուղղութիւններով եւ տուած կատարելագործութիւններովն է, որ հայերէն այբուբենը իր վերջնական թիւն ու կարգը, ձեւն ու հեգենան (վանկերը) ստացաւ, եւ գերագոյն հեղինակութեամբ հաստատուեցաւ»(7):
Արդարեւ, անկարելի է խօսիլ Մեսրոպ Մաշտոցի հայերէն գիրերու գիւտի մասին` առանց յիշելու Հացեկացի հանճարեղ սուրբին` Վրաց եւ Աղուանից եկեղեցիներու համար եւս ստեղծած տառերու պարագան: Դարձեալ մեր գլխաւոր աղբիւրը այստեղ Կորիւնի «Վարք Մաշտոցի»-ն է, ուր մանրամասնօրէն նկարագրուած է, թէ ինչպէ՜ս Մաշտոց` տեղական ուժերու համագործակցութեամբ, հնարեց նաեւ հարեւան երկու քոյր եկեղեցիներուն համար իրենց սեփական այբուբենը, որպէսզի Հայաստանի հիւսիսը գտնուող այս երկիրներու մէջ եւս արմատանայ քրիստոնէութիւնը: Կրօնական նպատակներու կողքին, նաեւ պէտք է այստեղ նկատի ունենալ քաղաքական նկատառումները:
Մեր գլխաւոր նիւթէն չշեղելու համար չենք ուզեր այս նիւթի մանրամասնութեանց մէջ մտնել: Այս մասին մենք բաւարար չափով անդրադարձած ենք Հայ եւ Վրաց եկեղեցիներու յարաբերութեանց նուիրուած մեր անգլերէն գիրքին մէջ, «Սուրբ Մաշտոց հայր հայոց եւ վրաց գրականութեան» գլուխին տակ(8): Ի դէպ, նաեւ յիշենք, որ բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ վրացերէն Աստուածաշունչի առաջին թարգմանութիւնը կատարուած է հայերէն Աստուածաշունչի բնագրէն:
Թէեւ վրացի բանասէրներ` մղուած հայութեան նկատմամբ իրենց ունեցած ստորակայութեան բարդոյթէն, չեն ուզեր ընդունիլ այս պատմական իրողութիւնները, այսուհանդերձ`, հիմնուած սկզբնաղբիւրներու եւ տառատեսակներու բաղդատութեան վրայ, ծագումով ոչ վրացի հանրածանօթ, բարձր հեղինակութիւն վայելող վրացագէտներ տասնամեակներէ ի վեր Մաշտոցը կը ճանչնան որպէս հայոց, վրաց եւ աղուանից ժողովուրդներու տառերու հեղինակը(9):
(Շար. 5)
(1) Փ. Բիւզանդ, «Հայոց պատմութիւն», Գ. Դպ. Գլ. ԺԳ: Արեւելահայերէն աշխարհաբար թարգմանութիւն, Ներածութիւն եւ Ծանօթութիւններ, Ս. Մալխասեանց, Գահիրէ, 1954:
(2) Օրմանեան, «Ազգապատում», անդ, Թիւ 192:
(3) Կորիւն, «Վարք Մաշտոցի», բնագիրը արեւելահայերէն թարգմանութեամբ ծանօթութիւններով, ի ձեռն Մ. Աբեղեանի (Գահիրէ, 1954), Գլ. ԼԸ, էջ 48-51: Այսուհետեւ կը յիշուի համառօտ ձեւով` Կորիւն:
(4) Խորենացի, հատուած Գ., Գլ. ԾԳ:
(5) Կորիւն, Գլ. Թ, էջ 51-55:
(6) Փարպեցի, Դրուագ Ա., Գլ. Ժ, էջ 34-37:
(7) «Ազգապատում», անդ, Թիւ193:
(8) Տեսնել Archbishop Gorun Babian, The Relations Between the Armenian and Georgian Churches, “St. Mashtotz, Father of the Armenian and Georgian Literature” (Antelias, 2001), pp. 39-52. Այսուհետեւ այս գիրքը պիտի յիշուի հետեւեալ համառօտ ձեւով,- G. Babian, The Relations Between:
(9) Տեսնել D.M.Lang-ի (Prof. of Gaucasian Studies, London University), The Georgians, հատորը (Bristol, 1966), էջ 153: Ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնենք անոր տեսակէտը.- «Թէեւ Վրացերէն տառերու ստեղծման թուականն ու պարագաները յաճախ վէճի առարկայ են դարձած, իրողութիւնը կը մնայ անառարկելի: Մեսրոպ Մաշտոց` համբաւաւոր հոգեւորական մը, համագործակցելով տեղւոյն բանատեղեակ անձնաւորութեանց հետ, հնարեց` զարմանալիօրէն ճշգրիտ ձայնային հնչիւններով տառեր Հայերէն, Վրացերէն եւ Աղուաներէն լեզուներուն համար»:

