«Էն. Պի. Էյ.». Անթոնի Նշանակեց 44 Կէտ, Բայց Նիքս Պարտուեցաւ
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, թէեւ Քարմելօ Անթոնի նշանակեց 44 կէտ, սակայն անոր կազմը` Նիւ Եորք Նիքս, մրցումին վերջին վայրկեանին 110-108 արդիւնքով պարտուեցաւ Տալաս Մավըրիքսէն:
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 123-110 արդիւնքով յաղթեց Նիւ Օրլինզին: Ժամալ Քրոֆորտ (Քլիփըրզ) նշանակեց 24 կէտ:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
| Միլուոքի Պաքս – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ | 130-110 |
| Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ | 104-96 |
| Տալաս Մավըրիքս – Նիւ Եորք Նիքս | 110-108 |
| Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Նիւ Օրլինզ | 123-110 |
| Եութա Ճեզ – Պոսթըն Սելթիքս | 110-98 |
Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Ինտիանա Փէյսըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Օրլանտօ Մեճիք
Աթլանթա Հոքս – Շիքակօ Պուլզ
Տենվըր Նակեթց – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Մինեսոթա Վուլվզ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Հիուսթըն Ռոքեթց
CATEGORIES Մարզական

