Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնի Մասնակի Ընտրութիւններ

cycling-new-memberԼիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ գումարեց իր համագումարը, որ յատկացուած էր Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին մասնակի ընտրութիւններուն` ընտրելու համար հրաժարեալ փոխնախագահ Վազգէն Մելիքեանը փոխարինողը:

Նկատի ունենալով, որ միայն Յովհաննէս Չաւտարեան առաջադրած էր իր թեկնածութիւնը` այդ թափուր մնացած աթոռին համար, ան ընտրուեցաւ նոր ֆետերասիոնի անդամ` մրցակիցի չգոյութեան պատճառով:

Աւարտին տեղի ունեցաւ պաշտօններու բաժանումը` հետեւեալ ձեւով.

Վաչէ Ծատուրեան` նախագահ, Յովհաննէս Չաւտարեան` փոխնախագահ, Ապտօ Նատեր` ընդհանուր քարտուղար, Ռոպեր Փաթափութեան` գանձապահ, Նազարէթ Հապիպեան` հաշուապահ, Քայսար Սալլում եւ Զոհրապ Մարգարեան` խորհրդականներ:

 

Share this Article
CATEGORIES