Այս Տարեշրջանի Աւարտին. Փիւյոլ Կրնայ Հեռանալ Պարսելոնայէն
Սպանական մամուլին համաձայն, այս տարեշրջանի աւարտին Պարսելոնայի յետսապահ Քարլես Փիւյոլ պիտի լքէ իր կազմը:
Պարսայի խմբապետը այս որոշումին յանգած է նկատի առնելով կարգ մը հարցեր, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը:
Նախ եւ առաջ, ան երկար ժամանակ առիթ չ՛ունենար տեսնուելու ֆութպոլի կանաչ դաշտերուն վրայ` նկատի ունենալով, որ ատոր գլխաւոր պատճառը իր ունեցած ծունկի ցաւերն են: Բնականաբար, այդ ձեւով ան դժուարին պատասխանատուութիւն չի կրնար ստանձնել:
Բացի ատկէ, ան կը փափաքի ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել այլ երկրի մը ախոյեանութեան մասնակցելով:
CATEGORIES Մարզական

