Մխիթարեան. «Շատ Ուրախ Պիտի Ըլլամ, Եթէ Մովսիսեան Միանայ Տորթմունտին»

heno-yuraՀայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան ռուսական sovsport.ru կայքին հետ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին խօսած է Գերմանիա իր տեղափոխութեան եւ յառաջիկային տեղի ունենալիք Ռուսիա – Հայաստան ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումին մասին:

ArmSport.am կը յայտնէ, որ Մխիթարեան իր խօսքին մէջ ըսած է, որ շատ ուրախ պիտի ըլլայ, եթէ հաւաքականի իր խմբակիցը` Եուրա Մովսիսեան միանայ Տորթմունտին, սակայն այդ ուղղութեամբ ինք չի կրնար իր կարծիքը պարտադրել ակումբին պատասխանատուներուն:

Ինչ կը վերաբերի Ռուսիա – Հայաստան մրցումին, ան նշած է, որ ինք մեծ յոյս ունի, որ հայ համակիրները ուղղուելով դաշտ, պիտի քաջալերեն Հայաստանը, որպէսզի ատիկա յաւելեալ պատճառ մը դառնայ, որ իր կազմը յաղթանակ արձանագրէ:

 

Share this Article
CATEGORIES