«Չեմփիընզ Լիկ». Տորթմունտ Յաղթեց. Մխիթարեան Նշանակեց Մրցումին Առաջին Կոլը

Հենրիխ Մխիթարեան` իր նշանակած կոլէն ետք

Հենրիխ Մխիթարեան` իր նշանակած կոլէն ետք

1-16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի ունեցած 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երէկ Պորուսիա Տորթմունտ 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Ռուսիոյ մէջ, ուր պարտութեան մատնեց Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկը:

Մրցումին եւ Տորթմունտի առաջին կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան (4-րդ): Անոր խմբակից Ռոպերթ Լեվանտովսքի նշանակեց երկու կոլ:

Երէկուան երկրորդ մրցումին, Մանչեսթըր Եունայթըտ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Յունաստանի մէջ` Օլիմփիաքոսէն:

Այսօր տեղի կ՛ունենան երկու այլ ճակատումներ` ստորեւ տրուած յայտագիրին հիմամբ (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).

  ԺԱՄ
Կալաթասարայ – Չելսի 21:45
Շալքէ – Ռէալ Մատրիտ 21:45
Share this Article
CATEGORIES