ՑԱՍՈՒՄԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Երբ Սթեֆան Հեսսել իր արդէն հանրածանօթ «Indignez-vous!» գրութիւնը հաւանաբար հրապարակութեան կը յանձնէր անցեալ տարուան դեկտեմբերին, Թունուզի մէջ քսանվեցամեայ Մոհամետ Պու Ազիզի ինքզինք կը հրկիզէր որպէս բողոքի նշան` ի դէմս իր շարժուն կրպակի բռնագրաւման եւ արժանապատուութեան հրապարակային ոտնահարման` կին ոստիկանի մը ապտակով: Արդար ցասումի այդ արարքը ծայր տուաւ զանգուածային զօրաշարժի, որ այսօր կը ցնցէ արաբական աշխարհը եւ անկէ անդին:
Հեսսել վստահաբար ի մտի չունէր այս երեւոյթը, երբ թուղթին կը յանձնէր ցասումի երեւոյթին մասին իր մտածումները եւ անհրաժեշտ կը նկատէր վերադառնալ արդար հասարակարգերու կերտման հաւաքական յանձնառութեան, առանց որուն, կը գրէր, նացիական բռնագրաւման դէմ Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի ազատագրութեան պայքարը իմաստ պիտի չունենար: Ֆրանսացի ազատամարտիկը լաւ հասկցած էր, որ առանց ընկերային արդարութեան իմաստ չունի որեւէ ազատագրական պայքար, որեւէ համակարգ, որքան ալ որ ժողովրդական ուզէր ըլլալ կամ այդպէս ճանչցուիլ: Հեսսել ցասման հրաւէր կը կարդար անընդունելի նկատելով Եւրոպայի մէջ նոր-ազատական հասարակարգի ստեղծած հասարակական անհաւասարութեան պայմանները, որոնք ոչ միայն լայնածաւալ անգործութիւն յառաջացուցած են, այլ մանաւանդ կը քանդեն ազատագրական պայքարի ճամբով ձեռք բերուած այն ընկերային պետութիւնը, որ Եւրոպայի զարգացման գլխաւոր շարժակը հանդիսացած էր 1945-1975 երեք յաջորդական տասնամեակներուն եւ, հարկ է մատնանշել, յանգած էր 1980-ական թուականներուն կեդրոնձախ ընկերվարժողովրդավար կուսակցութիւններու իշխանութեան հասնելուն:
Սխալ չէ հաստատել, որ Եւրոպայի մէջ շրջանային համարկումի գործընթացը, որ փաստօրէն անհնար դարձուցած է միջպետական պատերազմը` ամբողջ չորս դար իրարու հետ ճակատած եւ քսաներորդ դարուն երկու աշխարհամարտի թատերաբեմ ու դերակատար հանդիսացած երկիրներուն ու ժողովուրդներուն համար, մեծաքայլ յառաջացաւ քսաներորդ դարու վերջին երկու տասնամեակներուն: Ճիշդ է նաեւ, որ կեդրոնձախի օրուան տիտաններու օրով է, որ եւրոպական ընկերվարժողովրդավարութիւնը հեռացաւ իր հաւասարական սկզբունքներէն եւ մտաւ այսպէս կոչուած Երրորդ ուղիի լպրծուն ջուրերը, ուր ժորեսներու եւ օուըններու ամբողջ ժառանգը նեխեցաւ եւ իր բովանդակութենէն պարպուեցաւ`յանգելու համար կուսակցական այսօրեայ անձնաւորութիւններուն, որոնք, յարգելով բացառութիւնները, ոչ միայն ձախողութեանց մեծ վարպետներ են քաղաքական կեանքի մէջ, այլ մանաւանդ բարոյական հսկայ հակասութիւններ` իրենց դաւանած գաղափարախօսութեան հետ:
Կեդրոն-ձախի յառաջդիմական դիրքերէն գրելով` Հեսսել նաեւ անխուսափելիօրէն Եւրոպայի ընկերվար-ժողովրդավար ղեկավարութիւնը քննադատութեան թիրախ կը դարձնէ: Այդ իսկ պատճառով անակնկալ չէ, որ իր գրութեան հետեւումով Փորթուգալի, բայց մանաւանդ Սպանիոյ մէջ ծայր առած ցասումի զօրաշարժը այդ երկիրներուն մէջ իշխանութեան վրայ գտնուած եւ թերեւս գտնուող ընկերվար-ժողովրդավար կառավարութիւններուն ալ դէմ էր: Նաեւ` թէկուզ եւ այս շարժումը ակամայ իշխանութեան բերէ աջակողմեան ուժեր, ցասման զանգուածային դրսեւորումները, ինչպիսին է, օրինակի համար, Մատրիտի կեդրոնական հրապարակին վրայ նստացոյցը, այլեւս չեն հաւատար այն ժողովրդավարութեան, ուր կառավարութեան փոփոխութիւնը միայն ձեւական է եւ ոչ բովանդակալից, ուր իշխանութեան փոփոխութիւնը միեւնոյն հակաընկերային քաղաքականութիւնը լոկ վերաթարմացնելու կը ծառայէ:
Ցասման բողոքը այսօր կը պահանջէ տնտեսական քաղաքականութեան վրայ իշխող նոր-ազատական համակարգի փոփոխութիւն: Հարցը միայն թեքնիք չէ այն իմաստով, որ զանգուածային զօրաշարժերը կրկին իմաստաւորելու սկսած են ժողովրդային գերիշխանութիւնն ու արժանապատիւ կեանքի իրաւունքը, որ կը սկսի կայուն եւ կենսամակարդակի բարելաւման յոյս ներշնչող աշխատանքի ապահովումով: Իսլանտան այս իմաստով օրինակ կու տայ: Հազիւ երեք տարիներ առաջ ելեւմտական ահաւոր փլուզում ապրած այս փոքր երկրի քաղաքացիները վերջին ընտրութիւններուն իշխանութեան գլուխ բերին կեդրոնձախ ուժերու համախմբում մը` առանց սակայն կանաչ լոյս տալու անոր: Նաեւ երբ կառավարութիւնը սկսաւ տեղի տալ միջազգային ելեւմտական կազմակերպութիւններու ճնշումներուն առջեւ եւ որոշեց գերադասել օտար ներդրողներու շահերը, ժողովուրդը կրկին փողոց իջաւ եւ արգելք հանդիսացաւ, որ կառավարութիւնը նման քայլի դիմէ:
Հեսսել, որ ծագումով հրեայ է, իր գրութեան մէջ ամուր յանձնառութիւն ցոյց կու տայ պաղեստինցի ժողովուրդի դատին` իր ցասումը արտայայտելով անոր պարտադրուած իրավիճակին: Արաբական երկիրներուն մէջ զօրաշարժի ենթարկուած ցասկոտ զանգուածները այս անգամ պաղեստինեան դատը չէ, որ պաշտպանելու ելած են: Տասնամեակներ շարունակ անոնց ղեկավարները շատ շնականօրէն շահագործած էին այն, ինչ, Պաղեստինի բաժանման որոշումէն ի վեր նկատուած էր արաբական ազգային դատ` իշխանութեան վրայ իրենց շարունակականութիւնը ապահովելու համար: Ինչպէս այլուր, արաբական աշխարհի մէջ ալ իշխանութեան մարմաջով տառապող հատուածներուն համար ազգայնութիւնը յաճախ եղաւ ժողովուրդները քնացնող թմրեցուցիչ: Այս մէկը չի նշանակեր, որ ընկերատնտեսական պահանջներով յատկանշուող արաբական բողոքի ներկայ գործընթացը մոռացութեան պիտի մատնէ պաղեստինեան դատը: Ընդհակառա՛կը: Եգիպտոսի մէջ, Մուպարաքի մենատիրական իշխանակարգի տապալումէն ետք միայն, Կազայի պարտադրուած շրջափակումը վերացուեցաւ եւ փրկութեան յոյս ներշնչեց իսրայէլաեգիպտական աքցանին մէջ շնչահեղձ եղող եւ ենթամարդկային պայմաններու մէջ հազիւ վերապրող մէկուկէս միլիոն պաղեստինցիներուն: Աւելի՛ն, արաբական աշխարհի մէջ զանգուածային զօրաշարժը իր անդրադարձը ունեցաւ ներպաղեստինեան ոլորտին մէջ, ուր 2007էն ի վեր իրարու հետ արիւնալի ճակատման մէջ եղող Համասն ու Ֆաթհը հաշտուեցան, ինչ որ կրնայ ուղի հարթել խաղաղութեան գործընթացի վերսկսման, եթէ, անշուշտ, այլ պայմաններ ալ ամբողջանան:
Զգուշանալով հանդերձ պարզունակ եզրայանգումներու փութկոտութենէն, կարելի է այնուամենայնիւ խորհրդածել ընկերային արդարութեան եւ ազգային ազատագրութեան առնչակցութեան մասին` հետեւելով Հեսսելի հիմնական բանաձեւումին: Արաբական աշխարհի իրադարձութիւնները կու գան ցոյց տալու, որ թէկուզ եւ պատմական բոլորովին տարբեր ժամանակներու եւ վայրերու մէջ որքա՛ն ճշմարիտ է Հեսսելի հիմնադրոյթը, որ իրարու կը շաղկապէ ազատագրական պայքարն ու ընկերային արդար համակարգի յանձնառութիւնը: Փտտած իշխանակարգերու ազգայնականութիւնը պարզապէս այլ կեղծիք մըն է, որ կը ծառայէ իշխանութեան յաւերժացման: Ընդհակառակը, միայն ժողովուրդին կողմէ ընտրուած, անոր կամքով առաջնորդուող եւ անոր վերահսկողութեան տակ գտնուող իշխանութիւններն են, որոնք ազգային ազատագրութեան իտէալներուն բիւրեղութիւնը կրնան պահպանել: Ազատագրական պայքարը իրական է միայն, երբ գաղափարախօսականօրէն բանաձեւուած է ժողովրդավարութեան ու ընկերային արդարութեան յանձնառութիւններով:
Պատճառական ոչ մէկ անմիջական կապ կայ արաբական աշխարհի իրադարձութիւններուն եւ եւրոպական երկիրներու մէջ ցասման քաղաքականութեան տրամաբանութեան պատճառով ծնունդ առած զօրաշարժերուն միջեւ: Սխալ պիտի ըլլայ, սակայն, անտեսել այն, ինչ որ հեկելեան սահմանումով պիտի կազմէ 21-րդ դարու այս սկիզբի «Ժամանակի ոգի»ին` նոր-ազատական աշխարհակարգի դէմ զանգուածներու ըմբոստութիւնը` ի խնդիր ընկերային արդար կարգերու: Ի դէպ, անոր ազդանշանը տրուեցաւ դեռեւս 2001-2003 թուականներուն, երբ Հարաւային Ամերիկայի մէջ զանգուածային զօրաշարժեր, բողոքի ելոյթներով թէ քուէի ուժով, բայց ամէն պարագայի` առանց զինեալ պայքարի արիւնահեղութեան դիմելու, իշխանութենէ հեռացուցին 1990-ական թուականներուն այդ բոլոր երկիրներուն պարտադրուած նոր-ազատական հասարակարգի պահապան հատուածները եւ նախաձեռնեցին ընկերատնտեսական համակարգային բարեփոխումներու ե՛ւ ներազգային ոլորտին մէջ, ե՛ւ տարածաշրջանային մակարդակով: Հարաւային Ամերիկայի մէջ «թեքում դէպի ձախ» երեւոյթը պատճառական կապ չունի արաբական աշխարհի մէջ տեղի ունեցող զօրաշարժին հետ: Բայց պատճառներն ու նպատակները իրարու շատ մօտ են: Նոյն այդ տրամաբանութեամբ պէտք է դիտել նաե՛ւ Ֆրանսայի մէջ 2005-ին Եւրոպական Միութեան սահմանադրութեան մերժումի քուէն, որուն ետին էին յատկապէս այն հատուածները, որոնք ոչ թէ եւրոպական գործընթացը կը մերժէին, այլ` այդ գործընթացը բացառապէս ազատշուկայականութեան տրամաբանութեամբ յառաջ տանիլը:
Այս իմաստով պէտք է ընկալել ցասումի քաղաքականութեան համաշխարհային երեւոյթը, որմէ հազիւ թէ անմասն մնայ ընկերատնտեսական անարդար համակարգի մէջ շահագործուող, որեւէ հասարակութիւն որեւէ երկրի մէջ:
Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ