ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾ ՍԱՌՑԱՀԱԼԸ

Մինչ անցեալ ձմեռ Թունուզի մէջ սկսած յեղաշրջումը տարածուեցաւ դէպի Եգիպտոս, Լիպիա եւ աւելի անդին, ամբողջ աշխարհի մէջ այլախոհներ կը նայէին Միջին Արեւելքին` ներշնչումի համար: Չինաստանի մէջ համացանցի վրայ գործող գործիչներ,  ներշնչուած Արաբական գարունէն, կոչ ուղղեցին «Յասմիկի յեղափոխութեան» մը: Սինկափուրի մէջ, աշխարհի ամէնէն լուռ երկիրներէն մէկը, այս ամսուան ազգային ընտրութիւններու նախօրեակին ընդդիմութեան անդամներ կոչ ուղղեցին «Խոլորձի (օրքիտ) յեղափոխութեան մը»: Թերեւս իբրեւ արդիւնք, Արեւմուտքէն դիտողները դրականօրէն յաղթանակապաշտ էին իրենց կանխագուշակութիւններուն մէջ: Միջին արեւելքի ընբոստութիւնները կրնան նախակարապետը ըլլալ «Պաղ պատերազմի աւարտէն ի վեր մարդկային իրաւանց մեծագոյն յառաջխաղացքին», պնդեց Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիամ Հէյկ: Իրողապէս ոչ մէկ ատեն Պաղ պատերազմէն ի վեր (երբ Ֆրանսիս Ֆուքույամա ստորագրեց իր հռչակաւոր գրութիւնը` «Պատմութեան վերջը», առաջադրելով թէ` ազատական ժողովրդավարութիւնը աւարտավիճակն էր ամէն քաղաքական վարչաձեւի, այսքան լաւատեսութիւն գոյութիւն ունեցած է համաշխարհային ազատութեան արշաւին վերաբերեալ:

Եթէ միայն այդքա՛ն պարզ ըլլար: Ճշմարտութիւնը այն է, որ Արաբական գարունը ծխածածկոյթն է ամբողջ աշխարհին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն: Ամբողջ աշխարհի շուրջ ժողովրդավարական սառցահալներ են պատահածները եւ ոչ` յեղափոխութիւններ: (Եւ նոյնիսկ Եգիպտոսի եւ Թունուզի նման երկիրներ, որոնք վստահաբար աւելի ազատ են այսօր, քան` անցեալ տարի, չունին երաշխիքը իրենց մենատիրութիւնները ժողովրդավարութիւններով փոխարինելու): Իր ամէնէն վերջին տարեկան վիճակագրութեան մէջ «Ֆրիտըմ հաուս» վերահսկիչ խումբը բացայայտեց, թէ համաշխարհային ազատութիւնները անկում արձանագրած են հինգերորդ յաջորդական տարին ըլլալով. ասիկա ամէնէն երկար շարունակական անկումն է շուրջ քառասուն տարիներէ ի վեր: Անիկա մատնանշեց, թէ բռնատիրական երկիրներուն մեծ մասը դարձած է աւելի ճնշող, թէ` ազատութիւններուն անկումը աւելի շեշտուած է «միջին գետին» երկիրներուն մէջ (անոնք, որոնք սկսած են ժողովրդավարականացման, բայց հաստատուն եւ կայուն ժողովրդավարութիւններ չեն), եւ թէ` ընտրողական ժողովրդավարութիւններուն թիւը ներկայիս ամէնէն ցածն է 1995-էն ի վեր: Մինչ այդ վերջերս Գերմանիոյ Պըրթըլսման հաստատութեան կողմէ կատարուած ուրիշ վիճակագրութիւն մը կը խօսի ժողովրդավարութեան «աստիճանական որակական մաշում»ի մը մասին, եզրակացնելով` թէ «մեծապէս թերի ժողովրդավարութիւններուն» թիւը (այն ժողովրդավարութիւնները, որոնք այնքան թերի են, որ շատ մօտ են ձախող պետութիւններ կամ մենատիրութիւններ կամ երկուքը ըլլալու), կրկնապատկուած է 2006-ի եւ 2010-ի միջեւ:

Անեքտոթային օրինակներուն թիւը շատ մեծ է: Ռուսիայէն մինչեւ Վենեզուելլա, Թայլանտ եւ Ֆիլիփփինեան կղզիներ, երկիրներ, որոնք կը թուէին, թէ կը զարգանային ժողովրդավարութիւններ ըլլալու ուղղութեամբ, այսօր կը թուին ուղղուած ըլլալ դէպի հակառակ կողմ: Մեծաթիւ երկիրներ ներկայիս կը թուին խրած ըլլալ մենատիրութեան եւ ժողովրդավարութեան միջեւ, կը տեղեկացնեն Մարք Փլաթնըր եւ Լերի Տայմընտ` համախմբագիրները «Ճըռնըլ աֆ տիմոքրըսի»ի, եւ թէ` «Այլեւս ընդունելի չէ (այդ կացութիւնը) նկատել պարզապէս ժամանակաւոր հանգրուան մը ժողովրդավարական անցումային գործընթացին մէջ»: Կամ ինչպէս Պուրմայի մէջ (երկար ժամանակէ ի վեր աշխարհի ամէնէն ճնշուած երկիրներէն մէկը) գործած գործիչ մը Թայլանտ փոխադրուելէն եւ այդ երկրին ժողովրդավարական համակարգին քայքայման ականատես ըլլալէն ետք ինծի յայտնեց. «Սկզբունքով միւս երկիրները պէտք էր փոխէին Պուրման..Հիմա այնպէս կը թուի, թէ անոնք Պուրմայի պէս կ՛ըլլան»:

Քսան կամ նոյնիսկ տասը տարի առաջ համաշխարհային ժողովրդավարական անկումի հաւանականութիւնը անկարելի կը թուէր ըլլալ: Լայնատարած համոզումը այն էր, թէ մինչ երկիրներ կը հարստանային, աւելի մեծ միջին դասակարգեր պիտի ունենային: Եւ այդ միջին դասակարգերը, ըստ ժողովրդավարութեան տեսութիւններ զարգացնողներու, ինչպէս Սամուէլ Հանթինկթընը, յառաջ պիտի մղէին ամէն ժամանակներէ աւելի մեծ ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական ազատութիւններ: Մարդկային յառաջխաղացքը, որ մնայուն ընթացքի մէջ է, ժողովրդավարութիւն կը տարածէ ամէնուրեք:

Որոշ ժամանակ այդ վարդագոյն մտածողութիւնը կը թուէր արտօնուած ըլլալ: 1990-ին բռնատէրեր իշխանութեան գլուխ էին Ափրիկէի, Արեւելեան եւրոպայի եւ Ասիոյ մեծ մասին մէջ: Մինչեւ 2005 ժողովրդավարութիւններ մէջտեղ եկած էին այդ ցամաքամասերուն տարածքին, եւ ամէնէն հզօր զարգացող երկիրներէն ոմանք, ներառեալ` Հարաւային Ափրիկէն եւ Պրազիլը, դարձած էին ամուր ժողովրդավարութիւններ: 2005-ին,  պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, աշխարհի բնակչութեան աւելի քան կէսը կ՛ապրէր ժողովրդավարական համակարգերու իշխանութեան տակ:

Յետոյ տարօրինակ եւ չակնկալուած բան մը սկսաւ պատահիլ: Անիկա սկսաւ, երբ այդ երկիրներուն հրապարակ եկած ղեկավարներէն ոմանք կարծէք փոխակերպուեցան եւ դարձան ընտրուած մենատէրեր, երբ իշխանութեան գլուխ եկան: Վենեզուելլայի մէջ Հիւկօ Չաւեզ ներկայիս հիմնականօրէն ընտրուած բռնատէր մըն է: Էքուատորի մէջ ընտրուած նախագահ Ռաֆայէլ Քորէա, որ մեծապէս մենատիրական հակումներ դրսեւորած է, վերջերս յաջողեցաւ վաւերացնել օրէնք մը, որ իրեն պիտի տայ ընդարձակ նոր իրաւասութիւններ: Խըրխըզիստանի մէջ Քուրմանպեք Պաքիեւ, որ առաջնորդեց Կակաչի յեղափոխութիւնը, շուտով փաստեց գրեթէ իր նախորդին չափ մենատիրական ըլլալը: Եւ Ռուսիոյ մէջ Վլատիմիր Փութին ընտրութիւններուն միջոցով իր շահած իշխանութիւնը գործածեց քայքայելու համար երկրին ժողովրդավարութիւնը:

Բայց միայն ղեկավարները չէին, որ այդ փոփոխութիւնները կ՛առաջնորդէին: Կարգ մը պարագաներու ժողովուրդը կը թուէր հաւանութիւն տալ, որ երկրին կառավարութիւնը հեռանար բաց եւ ազատ վարչակարգէն: «Միջազգային քաղաքականութիւններու վարմունքներ»ու ծրագիրին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութեան մը մէջ ռուսերուն միայն տասնվեց տոկոսը «շատ կարեւոր» կը տեսնէ երկրին ժողովրդավարականօրէն կառավարուիլը: Ափրիկեան ցամաքամասի հերթական «աֆրոպարոմեթր» (ափրիկեան օդաչափի) վիճակագրութիւնը ժողովրդավարութեան նեցուկի նուազում ցոյց կու տայ մեծ թիւով բանալի երկիրներու մէջ: Իսկ Կուաթեմալայի, Փարակուէյի, Քոլոմպիոյ, Փերուի, Հոնտուրասի եւ Նիքարակուայի մէջ կա՛մ փոքրամասնութիւն մը, կա՛մ ալ միայն փոքր մեծամասնութիւն մը ունին այն համոզումը, թէ ժողովրդավարութիւնը նախընտրելի է կառավարման որեւէ այլ տեսակէ: Նոյնիսկ արեւելեան Ասիոյ մէջ, որ աշխարհի ամէնէն աւելի ժողովրդավարական շրջաններէն մէկն է, վիճակագրութիւններ ցոյց կու տան հետզհետէ աճող դժգոհութիւն մը` ժողովրդավարութեան նկատմամբ: Իրականութեան մէջ շրջանին մէջ գտնուող շարք մը երկիրներ կ՛ապրին «մենատիրական հայրենաբաղձութիւն» մը, ինչպէս կ՛անուանեն Եու-Ցունկ Չանկը, Եունհան Ժուն եւ Չոնկ-Մին Փարքը, որոնք ուսումնասիրած են ասիական օդաչափի հերթական վիճակագրութիւններուն տեղեկութիւնները: «Շրջանի նախկին մենատիրութիւններու մէկ փոքր մասը միայն ամբողջութեամբ անուանարկուած են», կը գրեն անոնք` նշելով, թէ ժողովրդավարութեան յանձնառութեան շրջանի միջին ցուցանիշը,  վիճակագրութիւններու պատասխաններէն դատելով, վերջերս անկում արձանագրած է:

Հապա՞ միջին դասակարգը.. Նոյնիսկ եթէ բնակչութեան մէկ մեծ բաժինը հետաքրքրուած չէր ազատական ժողովրդավարութեամբ, արդեօ՞ք միջին դասակարգի անդամները չէին, որ պէտք էր գործէին իբրեւ ժողովրդավարականացման գործակալներ, ինչպէս Հանթինկթըն պատկերացուցած էր: Իրողութեան մէջ պատմութիւնը ատկէ քիչ մը աւելի բարդ դուրս եկաւ: Երկրէ երկիր ծանօթ ձեւ մը կը կրկնէ ինքզինք. միջին դասակարգը իրապէս ժխտականօրէն հակազդած է այն ժողովրդական ղեկավարներուն, որոնք կը թուէին սահիլ դէպի մենատիրութիւն: Բայց փոխանակ աշխատելու զանոնք պարտութեան մատնելու քուէարկութեան ատեն կամ զօրացնելու այն հիմնարկութիւնները, որոնք կրնան վերահսկողութեան տակ պահել զանոնք, անոնք նեցուկ կանգնած են զինուորական յեղաշրջումներու կամ այլ ոչ ժողովրդավարական միջոցառումներու:

Թայլանտ այդ երեւոյթը պարզող յստակ օրինակ մըն է: 2001-ին Թաքսին Շինաուաթրա` հեռահաղորդակցութեան նախկին գործարար մը, որ դարձաւ ժողովրդական ղեկավար մը, ընտրուեցաւ Թայլանտի պատմութեան մէջ մեծագոյն ժողովրդային նեցուկով, մեծ մասամբ` աղքատ դասակարգէն, որ ինչպէս մեծ թիւով զարգացող երկիրներու պարագային, տակաւին կը կազմէ բնակչութեան մեծամասնութիւնը: Յաջորդող հինգ տարիներուն Թաքսին ի գործ դրաւ շարք մը քաղաքականութիւններ, որոնք յստակօրէն ի նպաստ աղքատներուն էին, ներառեալ` ազգային առողջապահութեան ապահովագրութիւնը, բայց ան նաեւ խեղդեց Թայլանտի հիմնարկութիւնները` սպառնալով լրագրողներու, շղթայազերծելով «թմրանիւթերու դէմ պատերազմ մը», որ առաջնորդեց անբացատրելի հրացանաձգութեան` ընդդէմ քաղաքական ընդդիմադիրներու, ինչպէս նաեւ` լռեցնելով դիւանակալութիւնը: 2005-ին, երբ հեղինակաւոր վարչապետը շահեցաւ մէկ այլ ազատ ընտրութիւն մը` աւելի մեծ նեցուկով, միջին դասակարգը ըմբոստացաւ` ցոյցեր կազմակերպելով փողոցներուն մէջ, մինչեւ որ անդամալուծեցին Պանքոքը: Վերջապէս, 2006 սեպտեմբերին Թայլանտի բանակը միջամտեց` իշխանութենէն հեռացնելով Թաքսինը: Երբ այդ յեղաշրջումէն ետք շրջեցայ Պանքոքի մէջ, միջին դասակարգի թայլանտցի երիտասարդներ, որոնց նախորդ սերունդը պատերազմած էր զինուորական կառավարիչներու դէմ, սիրահարութիւն մը կ՛ապրէր զօրքերուն հետ` յափշտակելով զինուորներու նկարներ, որոնք փակցուած էին ամբողջ Պանքոքի տարածքին, կարծէք անոնք հռչակաւոր անձնաւորութիւններ ըլլային:

Թայլանտի միջին դասակարգը ունէր մեծաթիւ գործակիցներ: 2001-ին քաղաքային ֆիլիփփինցիները թափեցան փողոցները` տապալելու համար նախագահ Ճոզեֆ Էսթրատան` նախկին դերասան մը, որ իշխանութեան գլուխ եկաւ չքաւորներուն դատը պաշտպանելուն համար, եւ յետոյ, ըստ տեղեկագրութիւններու, օգտագործեց իր դիրքը` մեծագումար դրամ շորթելու համար ընդյատակեայ բախտախաղի աւագ առեւտրականներէ: 2009-ին Հոնտուրասի մէջ ժողովրդական նախագահ Մանուէլ Զելայայի միջին դասակարգի ընդդիմադիրները սկսան բողոքել սահմանադրութիւնը փոխելով իր իշխանութիւնը ընդարձակելու անոր ծրագիրներուն դէմ: Երբ բանակը իշխանութենէն վերցուց զայն այդ տարուան յունիսին, միջամտութիւնը ողջունուեցաւ քաղաքային միջին դասակարգի մեծաթիւ անդամներու կողմէ: Վերջին երկու տասնամեակներուն զարգացող երկիրներու մէջ տեղի ունեցած պետական հարուածներու վերլուծում մը` կատարուած իմ պաշտօնակիցներէս Տէյվիտ Սիլվըրմանի կողմէ, գրեթէ կէսին պարագային` օրինակները քաղուած ըլլալով Ափրիկէէն, Լատին Ամերիկայէն, Ասիայէն եւ Միջին Արեւելքէն, միջին դասակարգի տղամարդիկ եւ կիներ կա՛մ սկիզբէն գրգռուած ըլլալով յեղաշրջման համար, կա՛մ ալ պետական հարուածէն ետք, արտայայտած են իրենց նեցուկը` վիճակագրութիւններու մէջ կամ ականաւոր մամլոյ ծառայութիւններու:

Նոյնիսկ երբ մեծաթիւ զարգացող երկիրներու ներքին քաղաքականութիւնը դարձած է նուազ հակամէտ ժողովրդավարականացման, միջազգային համակարգը եւս փոխուած է` յաւելեալ կերպով տկարացնելով ժողովրդավարական յոյսերը: Հետզհետէ աճող զօրութիւնը մենատիրական ուժերու, գլխաւորաբար Չինաստանի, բայց նաեւ`  Ռուսիոյ, Սէուտական Արաբիոյ եւ այլ պետութիւններու, նպաստած է ժողովրդավարականացման խափանման: Մոսկուա եւ Պէյճինկ յստակօրէն ցնցուեցան 2000-ի սկիզբի եւ կէսի «գունաւոր յեղափոխութիւններով», եւ անոնք զարգացուցին շարք մը հակադարձութիւններ: Նախ անոնք փորձեցին ապաօրինականացնել յեղաշրջումները` պնդելով, թէ անոնք հարազատ շարժումներ չէին, այլ` իրականութեան մէջ արեւմտեան փորձեր վարչակարգ փոխելու: Ապա Քամպոտիոյ, Ուքրանիոյ, Վրաստանի, Խըրխըզիստանի եւ Մոլտաւիոյ նման երկիրներու մէջ Մոսկուա եւ Պէյճինկ ուղղակիօրէն միջամտեցին` փորձելով շրջել ժողովրդավարական օգուտները: Կրեմլինի երիտասարդական խումբը` «Նաշի»ն` ծանօթ` ժողովրդավարական գործիչներու դէմ իր յարձակողական մարտավարութիւններով, մասնաճիւղեր հիմնեց կեդրոն ասիական այլ երկիրներու մէջ: Խըրխըզիստանի մէջ ռուս խորհրդականներ օգնեցին շարք մը ղեկավարներու, որ որդեգրեն քաղաքական հակակշիռի Կրեմլինի ձեւը: Մասամբ այդ ռուսական ազդեցութեան պատճառով «Խըրխըզիստանի խորհրդարանական ժողովրդավարութիւնը սկսած է կաղալ», ըստ «Ճգնաժամերու միջազգային խումբ»ին: Չինաստան եւ Ռուսիա նոյնիսկ ստեղծեցին նոր ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ, որոնք իբր թէ կեդրոնացած էին ժողովրդավարութիւն ծանուցելու վրայ: Բայց այդ կազմակերպութիւնները իրականութեան մէջ տրամադրեցին մասնագիտական օժանդակութիւն եւ դրամ օտար ղեկավարներու` օգնելու համար անոնց, որ խափանեն նոր գունաւոր յեղափոխութիւնները: Ուքրանիոյ մէջ «Ռուսական մամլոյ ակումբ» կոչուող կազմակերպութիւն մը, որ կը վարուէր Փութինի մէկ խորհրդականին կողմէ, ներկայացաւ իբրեւ ոչկառավարական կազմակերպութիւն մը եւ օգնեց ուքրանական ընտրութիւններուն մէջ Ռուսիոյ միջամտութեան:

Սակայն Չինաստան եւ Ռուսիա պարզապէս մէկ մասն են պատմութեան: Շատ մը ձեւերով մեծագոյն յանցապարտները իրականութեան մէջ կայուն ժողովրդավարութիւնները եղած են: Նկատի ա՛ռ պարագան Մըյոյի (Myo)` պուրմացի հրատարակիչ եւ գործիչ մը, որուն տարիներ առաջ հանդիպեցայ Ռանկունի աղօտ նուտըլի ճաշարանի մը մէջ: Յարաբերաբար բարեկեցիկ պուրմացի ընտանիքի մը ուսեալ զաւակը ինծի յայտնեց, թէ կ՛աշխատէր Ռանկունի մէջ հրատարակչատան մը հետ, բայց ստիպուած էր քաղաքական պատգամները սպրդեցնել յօդուածներու մէջ, որ կը հրատարակէր ֆութպոլի եւ պուրմայական ռափի նման ապահով նիւթերու վրայ կեդրոնացած ամսաթերթերու մէջ: «Որոշ ձեւի խաղ մըն է, որ ամէն մարդ կը խաղայ»,- բացատրեց ան: – Բայց որոշ ժամանակ ետք շատ յոգնեցուցիչ կ՛ըլլայ:

Մըյոյի հետ յաջորդ հանդիպումս եղաւ երկու տարի ետք, Թայլանտի մէջ: Ան վերջապէս յոգնած էր իր գրութիւնները գրաքննութենէ փախցնել փորձելէն եւ անցած էր Հնդկաստան, ապա Թայլանտ: «Ես լսած էի, որ նախապէս Հնդկաստան իր դռները լայն բացած էր պուրմացի գործիչներու դիմաց, յատկապէս` 1988-էն ետք», նշեց Մըյօ` ակնարկելով Պուրմայի մէջ տեղի ունեցած կառավարութեան դէմ ցոյցերու ժամանակաշրջանին: Առիթով մը հնդիկ պաշտօնատարներ օգնած էին պուրմացի ժողովրդավարութեան գործիչներու, ինչպէս նաեւ 1998-ի եւ 2004-ի միջեւ Հնդկաստանի պաշտպանութեան նախարարը Ճորճ Ֆերնանտեզն էր` ականաւոր մարդկային իրաւանց ջատագով մը, որ նոյնիսկ իր ընտանիքի կալուածներուն մէջ ապաստան տուաւ կարգ մը պուրմացի արտաքսուածներու: Սակայն, երբ Մըյոն եկաւ Հնդկաստան, Տելհի դադրած էր Պուրմայի խունթան քննադատելէ: Փոխարէնը` ան շրջած էր իր ընթացքը եւ զօրավարները լծած «Արեւելք նայիլ» կոչուած քաղաքականութեան մը: Երբ Պուրմայի խունթայի ղեկավար Թան Շուէ այցելեց Հնդկաստան, ան այցելութիւն մը տուաւ Մահաթմա Կանտիի դամբարանը. մեծապէս երգիծական յարադրութիւն մը, զոր «Ամնըսթի ինթըրնաշընըլ»ի Պուրմայի մասնագէտը կոչեց «ամբողջովին անախորժ»: Մըյոյի համար Հնդկաստանի սարսռագին նոր գործնապաշտութիւնը ցնցիչ էր: «Ես կ՛ակնկալէի, որ Չինաստան գործակցի Պուրմայի հետ,- դիտել տուաւ ան: – Բայց ատիկա տեսնել Հնդկաստանի կողմէ, շա՛տ աւելի յուսախաբութիւն կը պատճառէ»:

Մեծաթիւ արեւմուտքցի պաշտօնատարներ Մըյոյի նման կ՛ակնկալէին, որ զարգացող աշխարհի կայուն ժողովրդավարութիւնները,  ինչպիսիք են` Հնդկաստանը, Ինտոնեզիան, Հարաւային Ափրիկէն, Պրազիլը եւ Թուրքիան,  դուրս կու գան իբրեւ ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւանց հզօր ջատագովներ արտերկրի մէջ: Բայց մինչ անոնք զօրացած են, այդ յառաջ եկող ժողովրդավարական հսկաները աւելի կը վարուին իբրեւ պաղարիւն իրապաշտներ: Հարաւային Ափրիկէն տարիներ հանդուրժած է դրացի Զիմպապուէի մէջ Ռոպըրթ Մուկապէի անգութ վարչակարգը, եւ 2007-ին ան նոյնիսկ արգիլեց ՄԱԿ-ի բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէր Պուրմայի մարդկային իրաւանց բռնաբարումներով: Պրազիլ մտերմութիւն կը մշակէ Իրանի բռնատէր Մոհամետ Ահմատինաժատի, ինչպէս նաեւ Քուպայի Քասթրոներուն նման տեղացի միապետներու հետ: Երբ քուպացի ականաւոր քաղաքական բանտարկեալ մը` Օրլանտօ Զափաթա Թամայօ անունով, հացադուլ հռչակեց եւ վերջաւորութեան մահացաւ, Պրազիլի նախկին նախագահ Լուի Իկնասիոյ Լուլա տա Սիլվա ձեւով մը ծաղրեց Թամայոյի պայքարը` զայն նմանցնելով ոճրագործի մը, որ կը փորձէր համբաւ շահիլ:

Կան բացառութիւններ այդ շարքին մէջ: Լեհաստան, օրինակի համար, իր ազդեցութիւնը գործածած է` նեցուկ կանգնելու համար բարեկարգիչներու ուրիշ յետխորհրդային երկիրներու մէջ, ինչպէս` Պիելոռուսիոյ: Սակայն Լեհաստան արտասովոր է: Միջազգային ժողովրդավարութեան ծանուցման ջանքերուն մէջ սահմանափակ կամ թշնամական դեր խաղալով` Հարաւային Ափրիկէի, Պրազիլի կամ Թուրքիոյ նման երկիրներ աւելի դիւրին դարձուցած են մենատիրական ղեկավարներու համար, որ ժողովրդավարութեան ծանուցումը գծագրեն իբրեւ արեւմտեան երեւոյթ մը, եւ նոյնիսկ զայն ներկայացնեն իբրեւ ապօրինի միջամտութիւն մը:

Ինչո՞ւ շրջանային ժողովրդավարական ուժերը ընտրեցին այդ ուղին: Դժուար կը թուի հաւատալը, թէ Պրազիլի կամ Հարաւային Ափրիկէի նման երկիր մը, անգութ բռնատիրութեան փորձառութեամբ, կրնայ աշխուժօրէն քաջալերել բռնատէրերը ուրիշ երկիրներու մէջ: Բայց հիմա այնպէս կը թուի, որ բացարձակ ինքնիշխանութեան գաղափարը,  յառաջ մղուած` Չինաստանի նման մենատիրական պետութիւններու կողմէ, կը վերարձագանգէ այդ ժողովրդավարական կառավարութիւններուն կողմէ: Այդ յառաջ եկող ժողովրդավարական ուժերուն մեծ մասը առաջատար անդամներն էին Պաղ պատերազմի ընթացքին ոչ յանձնառու շարժումին եւ դիմացան իրենց երկիրներուն մէջ յեղաշրջումներ գրգռելու արեւմտեան ջանքերուն դիմաց: Այսօր անոնք չափազանց անհանգիստ կը զգան` միանալու որեւէ միջազգային համադաշնակցութեան, որ կրնայ ականահարել ուրիշ երկիրներու ինքնիշխանութիւնը, նոյնիսկ եթէ լաւ պատճառով մը ընէ ատիկա: Եւ այդ երկիրներէն շատեր, ինչպէս` Թուրքիան, Ինտոնիզիան եւ Հնդկաստանը, պարզապէս ուրախ կ՛ըլլան խուսափելով իրենց ներքին մարդկային իրաւանց բռնաբարումներուն դէմ ուղղուած որեւէ քննադատութենէ:

Ապա կան Միացեալ նահանգները, որոնք տակաւին աշխարհի ամենաազդեցիկ երկիրն են: Վերջերս անոնց սխալ քայլերը լուրջ էին: Պուշի վարչամեքենայէն ինքզինք տարբերելու Օպամայի ջանքերը, որ մեծապէս ականահարեն Ամերիկայի բարոյական իշխանութիւնը, միացան երկրին տնտեսական տկարացած դիրքին հետ` նուազեցնելով ժողովրդավարութեան ծանուցումը ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Մինչ Օպամա ունեցած է ժողովրդավարութիւնը նշող շարք մը ելոյթներ, ան շատ եռանդ չունի հարցին վերաբերեալ: Երբ շարք մը իրանցի այլախոհներ այցելեցին Ուաշինկթըն 2009-ի ամառը, իրենց երկրին մէջ բարձրացած բողոքի ալիքէն ետք, անոնք չկրցան հանդիպումներ ունենալ Օպամայի վարչամեքենայի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ: Ռապիյա Քատիր` Տալայ Լամայի ույղուր տարբերակը, հանդիպում ունեցաւ Պուշի հետ 2008-ին, բայց հետագային ինքզինք գտաւ մէկդի ձգուած` Օպամայի վարչակարգի արտաքին գործոց նախարարութեան ցած մակարդակի պաշտօնատարներու հետ:

Աւելի նկատառելի է այն, որ վարչամեքենան շեղած է դաշնակցային դիւանակալութեան կեդրոնացումը: Հակառակ անոր որ պահպանած է ժողովրդավարութիւն ծանուցելու պիւտճէի նկատառելի մակարդակ մը, ան չէզոքացուցած է Ազգային ապահովութեան խորհուրդի բարձր մակարդակի դիրքերը, որոնք Պուշի իշխանութեան օրերուն նուիրուած էին ժողովրդավարութեան տարածման աշխատանքին: Վարչամեքենան նշանակած է ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւանաց եւ աշխատաւորութեան նախարարի օգնական մը, որ իր նախկին գործին մէջ ընդհանրապէս կեդրոնացած եղած է Ամերիկայի գործած խախտումները մաքրագործելուն վրայ: Ատիկա վատ բան մը չէր. Պուշի վարչամեքենան իրողապէս ձգած է գլխաւոր անլոյծ հարցեր, բայց ատիկա նաեւ կը նշանակէ, որ ան շատ աւելի նուազ փորձառութիւն ունի, քան իր նախորդները` արտերկրի մէջ ժողովրդավարութեան ծանուցման գործին մէջ:

Արդար ըլլալու համար ըսենք, որ Սպիտակ տունը գործ ունի հետզհետէ աւելի ինքնամեկուսացման ջատագով ամերիկեան հանրային կարծիքի մը հետ: 2005-ին կատարուած վիճակագրութեան մը մէջ ամերիկացիներուն մեծամասնութիւնը նշեց, թէ Միացեալ Նահանգները պէտք է դերակատարութիւն ունենան աշխարհի մէջ ժողովրդավարութեան ծանուցման մէջ: 2007-ին միայն երեսունեօթը տոկոսը ունէր այդ համոզումը: Հետագային կատարուած ուսումնասիրութեան մը մէջ, որ հրապարակուցաւ 2009-ի վերջաւորութեան, ամերիկացիներուն շուրջ կէսը «Փիու ուսումնասիրութիւն» վիճակագրութիւններու կազմակերպութեան ըսաւ, թէ Միացեալ Նահանգները պէտք է «իրենք իրենց գործին խառնուին» միջազգային գետնի վրայ եւ պէտք է ձգեն, որ ուրիշ երկիրներ իրենք իրենց մարտահրաւէրները եւ հարցերը առանձին լուծեն: Ասիկա չորս տասնամեակներէ ի վեր ամէնէն բարձր տոկոսի ինքնամեկուսացման զգացումն էր, որ կը դրսեւորուէր ամերիկեան հանրային կարծիքի վիճակագրութեան մը մէջ:

Յստակ վերանայում մը տեղի կ՛ունենայ այն ծանուցուած գաղափարին, թէ մարդկութեան ազատութեան արշաւը անխուսափելի է: Բայց ոչ միայն պարզամտութիւն է պատմութեան նայիլը իբրեւ պատմութիւն մը` կանխորոշուած ուրախ աւարտով մը, այլ ժողովրդավարութեան տարածումը` տեսնել փափաքողներուն համար այս մօտեցումը չափազանցօրէն վտանգաւոր է: Վերջապէս, եթէ ժողովրդավարութեան վախճանը յաղթանակն է, ապա պատճառ չկայ մեծ ջանք ի գործ դնելու անոր ծանուցման համար: Այդ չափազանցուած ինքնավստահութիւնը կրնայ տարածուիլ դէպի ինքնին զարգացող երկիրները` քնացնելով ժողովրդավարականները այն սուտ ապահովութեան զգացումին մէջ, որ կ՛ունենան ընտրութիւններուն իրականացուելէն ետք,  ինչպէս նաեւ` տարհամոզելով զանոնք երկար ժամանակի վրայ երկիր մը ազատ պահելու համար անհրաժեշտ հիմնարկութիւնները կառուցելէն: Ժողովրդավարութիւնը պարզ բան մը չէ. անիկա բարդ համակարգ մըն է` ամուր հիմնարկութիւններու եւ օրինական ստուգումներու: Շատ փոքրաթիւ ազգեր ամբողջապէս կը տիրապետեն անոր, ինչպէս նաեւ զայն պահելը անվերջանալի ջանք մըն է:

Համաշխարհային ժողովրդավարական ձախորդութիւնը կասեցնելը ուրեմն պիտի պահանջէ հրաժարիլ այն ենթադրութենէն, թէ ժողովրդավարութիւնը պարզապէս պիտի պատահի առանձինը, եւ փոխարէնը մտածել, թէ ի՛նչ կրնանք ընել զայն յառաջ տանելու համար: Հիմնականօրէն Միացեալ Նահանգները կրնան շատ աւելի նուազ շփոթած ըլլալ իրենց ժողովրդավարութեան ջատագովութեան հռետորութեան մէջ եւ ըլլալ շատ աւելի հաստատ: Ինքնակալութիւնը դատապարտելը Պահրէյնի եւ Սէուտական Արաբիոյ նման տեղերու մէջ, ուր Միացեալ Նահանգները ունին նկատառելի ռազմավարական շահեր, կրնայ չէզոքացնել այն համոզումը, թէ ժողովրդավարութիւնը պարզապէս յղացք մըն է, որ Արեւմուտքը կը ճօճէ զայն ծառայեցնելու համար իր սեփական աշխարհաքաղաքական նպատակներուն: Առաւել, Միացեալ Նահանգները եւ իրենց դաշնակիցները աւելին պէտք է ընեն, որպէսզի ժողովրդավարութեան ծանուցումը արժէ նորայայտ ուժերուն համար: Նոր ժողովրդավարական հսկաներ, ինչպէս Պրազիլը, պէտք է արժանան յաւելեալ ուժի ՄԱԿ-ի նման միջազգային հիմնարկութիւններու մէջ, եթէ անշուշտ յանձնառութիւն ցուցաբերեն աշխարհի շուրջ մարդկային իրաւունքներ եւ ազատ կառավարութիւն ընդարձակելու գործին նկատմամբ:

Ներկայիս այդ դասերէն մէկ քանին միայն սորված ենք: Փոխարէնը` կը թուինք բաւարարուած ըլլալ դիտելով աշխարհի շուրջ տեղի ունեցող դէպքերը եւ ենթադրելով, որ ամէն բան յաջողութեամբ պիտի աւարտի, որովհետեւ պատմութիւնը անխուսափելիօրէն ուղղուած է դէպի ազատութիւն: Մենք պէտք է դադրինք մենք մեզի պատմելէ այդ հանգստացնող պատմութիւնը եւ փոխարէնը ընել այն, ինչ որ պէտք է ժողովրդավարութեան ինքզինք փաստելու առիթ տալու համար:

ՃԱՇՈՒԱ ՔՈՒՐԼԱՆԶԻՔ

«Տը Նիու ռիփապլիք»

 

Share this Article
CATEGORIES