Տօն Կրօնական Եւ Ազգային. Վարդանանք

ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ

«Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է»
(ԵՂԻՇԷ)

Մեր այս գրութեան հիմնական նպատակն է, պատմագիտական, քաղաքական ու մասնագիտական խնդիրներ քննարկելէ աւելի, երթալ մեր եկեղեցական եւ ազգային պատմութեան մայր ակունքներուն` հաղորդակից դառնալու համար հաւատաւոր ու քաջարի սերունդի մը կրօնական եւ քաղաքական գաղափարախօսութեան, որ պատկանելով հանդերձ մեր պատմութեան ամէնէն բախտորոշ ժամանակաշրջանի մը, այսօր եւս, աւելի քան 1,500 տարիներ ետք, հիմքը կը կազմէ մեր գոյութեան պայքարին, կորիզը` հայ ժողովուրդի զաւակներու մեծամասնութեան աշխարհահայեացքին եւ կեանքի իմաստասիրութեան:

Եւ որպէսզի մեր հաստատումները վերացական ճշմարտութեանց տպաւորութիւնը չձգեն, անհրաժեշտ է պահ մը մտքի աչքերով ետ երթալ աւելի քան տասնվեց դարեր եւ դիտել Վարդանանց սրբազան պատերազմը Դ. եւ Ե. դարերու պատմական խորքին վրայ, ժամանակի ազգային եւ միջազգային իրադարձութեանց շրջագիծին մէջ:

387 թուականին Հայաստան աշխարհը երկուքի բաժնուած էր դրացի երկու հզօր կայսրութեանց` Բիւզանդիոնի եւ Պարսկաստանի միջեւ: Իսկ 428-ին Վռամշապուհ արքայի որդի Արտաշէսի դէմ եղած պարսկասէր հայ նախարարներու ամբաստանութեանց եւ անհեռատես քաղաքականութեան պատճառով վերջ գտած էր շուրջ 360 տարիներ շարունակաբար Հայաստանի գահին տէր կանգնած Արշակունեաց հարստութիւնը Պարսկահայաստանի մէջ: Ինչ կը վերաբերի Բիւզանդական Հայաստանին, Արշակ Գ.ի մահէն ետք, 390-ին, յոյները արդէն վերջ տուած էին հայկական թագաւորութեան: Ճիշդ էր, որ հայկական այս երկու հողամասերուն մէջ ալ հին նախարարական տուները տակաւին ժամանակ մըն ալ պահեցին իրենց ժառանգական իրաւունքները եւ ինքնավար իշխանութիւնը իրենց գաւառներուն մէջ, սակայն պատմական Հայաստանի անկախ պետականութեան դէմ արդէն գործուած էր անդարմանելի չարիքը, կատարուած էր ազգային անձնասպանութիւնը պարսկասէր նախարարներու ձեռքով: Այլ խօսքով, հայկական թագաւորութեան ջնջումով եւ պարսիկ մարզպանի մը նշանակումով առաջին քայլը առնուած էր Հայաստանը վերջնականօրէն ենթարկելու պարսկական լուծին:

Արդարեւ, Դ. դարու վերջաւորութեան եւ Ե. դարու կիսուն Հայաստան, բաժնուած երկու մրցակից կայսրութեանց միջեւ, կ՛ապրէր քաղաքական եւ կրօնական ծանր պայմաններու տակ: Մէկ կողմէ հայ ժողովուրդը բիւզանդական իշխանութեան ներքեւ, կտրուած իր հոգեւոր եւ աշխարհիկ կեդրոնէն` Վաղարշապատէն, կ՛ապրէր ամէն օր ձուլման եւ ապազգայնացման վտանգը, միւս կողմէ, Պարսկահայաստանի մէջ, ուր կը գտնուէր հայրապետական աթոռը, 428-էն ի վեր, Սահակ կաթողիկոսի Տիզբոն կանչուելով եւ պաշտօնազրկումով, Հայաստանեայց եկեղեցին ալ մատնուած էր ծանր կացութեան:

Թէեւ Հայաստան 387-էն ի վեր կորսնցուցած էր իր պետական անկախութիւնը եւ հայրենիքին աշխարհագրական միութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը, սակայն Ե. դարուն սկիզբը, հայոց պատմութեան դժուարին եւ տագնապալից այդ օրերուն, հայ կեանքի տխուր երկնակամարին վրայ շողացեր էր հայ գրերու գիւտին հրաշքը: Մեծն Սահակ Պարթեւ իմաստուն հայրապետը եւ Հացեկացի հանճարեղ զաւակը` Մեսրոպ վարդապետ, հայ գրին յօրինումով եւ սրբազան դպրութեան հիմնադրութեամբ կառուցեր էին Հայաստան աշխարհի զոյգ երկրամասերուն մէջ հայ հոգիին եւ մարմնոյն անառիկ բերդերը, մեր քրիստոնէական հաւատքին եւ ազգային նկարագրին պաշտպանութեան լոյսի անխորտակելի ամրոցները:

Կարենալ լաւագոյնս ճանչնալու համար ազգային եւ կրօնական ապրումներուն այն աւազանը, ուրկէ Վարդանանց սերունդը իր արեան եւ կրակի` վերստին ծնունդն էր ստացած, անհրաժեշտ է այստեղ շեշտել հետեւեալ պատմական իրողութիւնը: Եթէ Դ. դարու սկզբնաւորութեան հայ ժողովուրդը ընդունելով քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօնք լոկ անուանապէս քրիստոնէացաւ, ապա միայն Ե. դարու առաջին կիսուն էր որ քրիստոնէական կրօնը, Թարգմանիչ վարդապետներու յաւէտ օրհնեալ ճիգերով հայացաւ եւ Հայաստանեայց եկեղեցին ալ ստացաւ իր հայադրոշմ եւ ազգային իւրայատուկ նկարագիրը: Իսկ ոսկեդարու այդ հրաշագործ ոգին, որով զսպանակուած էին մեր երախտարժան թարգմանիչ հայրերը, ո՛չ թէ միայն ներշնչումի եւ ստեղծագործութեան անսպառ աղբիւր հանդիսացաւ անոնց անմիջական աշակերտներուն համար, այլ նաեւ սպառազինեց հոգեւոր անխորտակելի զէնքերով` վասն Յիսուսի եւ վասն հայրենեաց պատերազմի դաշտ նետուող հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու քաջարի բանակը:

Օրինակ մը տալու համար յիշենք միայն, թէ Վարդանանց պատերազմի պատմութեան անմահանուն դիւցազներգակ Եղիշէն, նոյնպէս օրուան կաթողիկոսը` Յովսէփ Հողոցմեցին, որ հայոց ապստամբութեան գլխաւոր ղեկավարներէն մէկն էր, աշակերտներն էին Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ հայրապետի, ինչպէս էր մեծամասնութիւնը Վարդանանց ապստամբութիւնը հրահրող եւ զայն կազմակերպող հոգեւորականութեան: Ինչ կը վերաբերի Մամիկոնեան տոհմի առիւծասիրտ սպարապետ Վարդանին, ան հարազատ թոռն էր թարգմանչաց շարժումին հայրը հանդիսացած Սահակ կաթողիկոսին: Ան իր մեծ հօր ծունկերուն վրայ բացած էր իր հոգին քրիստոնէական ճշմարտութեանց, սնած եւ աճած էր Աստուածաշունչի պատգամներով, դաստիարակուած էր քրիստոնէական հաւատալիքներու եւ աստուածային ճշմարտութեանց շունչով եւ թրծուած` աստուածսիրութեան եւ հայրենապաշտութեան անխառն ապրումով եւ անյողդողդ հաւատքով: Կանուխէն զինուորականի ասպարէզ ընդգրկած` հայոց պատմութեան առասպելական եւ դիւցազնաշունչ այս սպարապետը իր մէջ կը մարմնաւորէր թէ՛ (մօր կողմէ) իր մեծ հօր` Լուսաւորչի տան վերջին շառաւիղին` Սահակ Կաթողիկոսի քրիստոնէական հաւատքին զօրութիւնն ու իմաստութիւնը, եւ թէ՛ (հօր կողմէ) իր Մամիկոնեան պապերուն հայրենասիրութիւնն ու քաջութիւնը հայրենիքի սուրբ հողին պաշտպանութեան ի խնդիր չար ոսոխին դէմ միշտ բարձրացող քաջայաղթ բազուկը Հայկի:

Արքայից արքայ Յազկերտ Բ.-ի հալածանքները Հայաստանի մէջ սկսեր էին արդէն 440¬ական թուականներէն: Սակայն Պարսկաստանի վարած քրիստոնէահալած քաղաքականութիւնը հայութեան նկատմամբ նորութիւն չէր: Ան սկիզբ առած էր այն օրէն, երբ քրիստոնէութիւնը, Գրիգոր Լուսաւորչի եւ Տրդատ արքայի ճիգերով, 301 թուին պետական կրօն էր դարձած Հայաստանի մէջ: Պարսկաստանի կասկածոտ վերաբերմունքը հայութեան կրօնական անջատողականութեան նկատմամբ առաւել մտահոգիչ դարձած էր Դ. դարու առաջին քառորդէն ետք, երբ քրիստոնէութիւնը դարձաւ նաեւ Հռոմէական կայսրութեան սահմաններուն մէջ նախապատուութիւն վայելող եւ տիրապետող կրօն, Մեծն Կոստանդիանոսի օրով: Եւ որովհետեւ Հայաստանի կրօնական եւ քաղաքական իշխանութիւնները շատ բնականօրէն իրենք զիրենք աւելի հակած եւ կապուած կը զգային քրիստոնեայ Բիւզանդիոնին, քան թէ` զրադաշտական Սասանեաններուն, դիւրին է մեզի համար ըմբռնել, թէ ինչո՛ւ դարեր շարունակ, մինչեւ իր կայսրութեան քայքայման օրերը, Տիզբոնի քաղաքականութիւնը եղած էր ջնջել, ջախջախել եւ արմատախիլ ընել քրիստոնէութիւնը Հայաստանէն:

Դ. դարու առաջին կիսուն ի մասնաւորի Հայաստանի մէջ եւ առ հասարակ Կովկասի մէջ կատարուող կրօնական այս յեղաշրջումին եւ քաղաքական նոր կողմնորոշման Սասանեան կայսրութեան պետական ղեկավարութիւնը` յանձինս արքայից արքաներու եւ անոնց ծայրայեղօրէն մոլեռանդ զրադաշտական խորհրդականներուն, անշուշտ որ չէր կրնար անտարբեր եւ հաշտ աչքով նայիլ, երբ Տիզբոնի եւ Բիւզանդիոնի միջեւ պահպանուող միջազգային ուժերու հաւասարակշռութիւնը եւ դիւրաբեկ խաղաղութիւնը սպառնալիքի տակ էին: Ուստի, եթէ Տիզբոն ինքզինք պաշտպանուած պիտի զգար Արեւմուտքի վտանգին դէմ, իր շահերը կը պահանջէին, որ նոր կրօնին միջոցով Հայաստանի եւ Հռոմէական կայսրութեան միջեւ ժամանակի ընթացքին ամրապնդուող եւ խորացող քաղաքական դաշնակցութիւնը խզուէր: Անոր փոխարէն, անհրաժեշտ էր, որ հայերը իրենք զիրենք կապուած  զգային, այս անգամ` զրադաշտականութեան ճամբով, Սասանեան Պարսկաստանին: Այս քաղաքական նպատակին իրագործման ճամբուն վրայ կեցող գլխաւոր արգելքը կը հանդիսանար քրիստոնէութիւնը, այլ խօսքով` Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին:

Այլապէս, ինչպէ՞ս բացատրել տակաւին Դ. դարէն սկսեալ մերթ բռնութեամբ, մերթ խարդաւանութեամբ Մեհրուժաններու եւ պարսիկ զօրքերու միջոցով հայութեան պարտադրուող հաւատուրացութիւնն ու կրակապաշտութիւնը: Այսուհանդերձ, ի տես քրիստոնեայ կայսրերու հայատեաց եւ ազգակործան քաղաքականութեան` գործադրուող յունական բաժնի հայերուն վրայ 387 թուականէն ետք, հայ քաղաքական միտքը եւ հոգեւորական ղեկավարութիւնը չէին կրնար հայութեան ճակատագիրը ամբողջութեամբ կապել քրիստոնեայ կայսրութեան, իր նախարարական տուներն ու ինքնանկախ նուիրապետութիւնը նետելով Բիւզանդիոնի ձուլարանին մէջ: Եթէ անոնք բարի աչքով կը նայէին իրենց հաւատակից հայերու կրօնին, այսուհանդերձ, հռոմէական կեդրոնաձիգ եւ միապետական վարչակագրին տակ հայութեան պետական անկախութիւնն  ու ազգային իւրայատուկ նկարագիրը դատապարտուած էին կորստեան եւ բնաջնջումի: Այլ խօսքով, պատմական Հայաստանն ալ կ՛ապրէր այդ օրերուն երկու հզօր կայսրութեանց` պարսկական սալին եւ հռոմէական մուրճին միջեւ:

Սակայն հայ կեանքին վրայ կախուած այդ դամոկլեան սուրին մնայուն սպառնալիքը մասամբ հեռացուցեր եւ այդ անել կացութեան լուծում մը գտեր էր Հայաստանեայց եկեղեցին գիրերու գիւտին հրաշքով, որմէ ետք, աշխարհագրական սահմաններով եւ վարչակարգերու տարբերութեամբ բաժնուած հայութիւնը, իր հայածէս պաշտամունքով, հայերէնի թարգմանուած Աստուածաշունչով եւ ազգային սեփական մշակոյթով իրեն համար կերտեր էր հոգեկան նոր հայրենիք մը, որուն սահմանները կ՛անդրանցնէին հողային ամէն բաժանում, պետական ամէն կառոյց եւ օտար ազդեցութիւն, բռնացող իր երկրին եւ հոգիին վրայ:

Այդ հոգեկան հայրենիքին մաս կազմող հայութիւնը այլեւս ունէր իր կրօնական ինքնուրոյն արտայայտութեան ճամբով եւ ազգային խորունկ գիտակցութեամբ ըմբռնուած` յոյնէն եւ պարսիկէն տարբեր ժողովուրդի մը զաւակները եղած ըլլալու արդար հպարտութիւնը: Եւ տակաւին, այդ հոգեկան հայրենիքին պատկանող Հայութիւնը, որ ունէր իր ոտքերուն տակ իր պապերուն արեամբ եւ արցունքով թրջուած հողը, իր նայուածքին եւ հոգիին մէջ հայրենի լեռներու վսեմ ճակատներն ու անդնդախոր հովիտները, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ երկնակարկառ կաթողիկէներն ու անոնց գմբէթներուն վրայ յաղթականօրէն աստուածարեալ խաչերը, իր առաջին մարտիրոսներուն եւ սուրբերուն նշխարները, կ՛ուզէր ի գին ամէն զոհողութեան այդպէս մնալ եւ ի պահանջել հարկին ունէր նաեւ իր կեանքով զայն պաշտպանելու անվկանդ վճռակամութիւնը:

Ահաւասիկ այսօրինակ հայութեան մը հաւատքի ապառաժին եւ հայրենասիրութեան կրանիտին եկեր էր զարնուելու Յազկերտ արքայից արքայի հաւատափոխութեան հրամանը Հայաստանի մէջ:

Յազկերտ արտաքին պատերազմներու եւ ներքին երկպառակութեանց պատճառով չէր աճապարած այդ հրահանգը աւելի կանուխ գործադրել իր հպատակ հայերուն վրայ: Նախ խաղաղ եւ անուղղակի միջոցներով ան փորձեց տկարացնել երկրին պատերազմական կարողութիւնը, ըստ Եղիշէի վկայութեան, առաջին անգամ ըլլալով 443 թուականէն սկսեալ հայկական զօրքը ղրկելով Արար աշխարհ` քուշաններու դէմ կռուելու համար: Թէեւ երկու տարիներ ետք անոնք ղրկուեցան տուն, սակայն նորերը կանչուեցան անոնց տեղ ամէն տարի եւ ասիկա շարունակուեցաւ մինչեւ 449 թուականը: Հայկական բանակի այս զինուորներուն վրայ, կտրուած հայրենի աշխարհէն, մերթ անուղղակի եւ յաճախ ալ բացորոշ կերպով ճնշում կը բանեցուէր ուրանալու քրիստոնէութիւնը եւ ընդունելու զրադաշտականութիւնը:

450 թուականին Յազկերտի եւ իր խորհրդականներուն համար հասած էր այլեւս ժամը հայութիւնը միանգամընդմիշտ մազդեզական կրօնին երկրպագու ժողովուրդի մը վերածելու: Այս ուղղութեամբ առնուած առաջին քայլերն էին` նոր մարդահամար Հայաստանի մէջ, պետական հարկերու ծանրացում, նոր տուրքեր` դրուած նոյնիսկ միայնակեացներու, վանականներու եւ եկեղեցականներու վրայ, վանքերու ո՛չ թէ միայն մշակուած եւ խոպան հողերու, այլ նաեւ` աւերակ կալուածներու վրայ: Յաջորդ աղէտալի հարուածը կը տրուէր Հայաստանին, երբ անոր դարերու ինքնավար եւ ինքնանկախ պետական կառոյցէն տակաւին վերապրող երկու ամէնէն հիմնական պաշտօնները կ՛առնուէին հայութեան ձեռքէն եւ կը տրուէին պարսիկին: Առաջինը` հայոց Երկրին հազարապետութիւնն էր, որ առնուելով ամբողջ ժողովուրդին սիրելի հայրը նկատուող Վահան Ամատունիէն (այս աշակերտած Մեսրոպ Մաշտոցի, Վարդան Մամիկոնեանի եղբօր` Հմայեակի հետ)` կը տրուէր պարսիկի մը: Երկրորդը` դատաւորութիւնը, որ միշտ մենաշնորհն էր Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ, կը տրուէր մոգպետի մը:

Իսկ Եղիշէն, նկարագրելով Հայաստան աշխարհի կողոպտումը այդ յափշտակիչներուն կողմէ, կ՛ըսէ, որ պարսիկներն ալ մեծապէս կը զարմանային թէ` «ուստի՞ այս ամենայն գանձ ելանէ, զիա՞րդ շէն կայցէ աշխարհն Հայաստանեայց»: Եւ վերջապէս, երբ այդ բոլոր տնտեսական եւ ազգային աղէտները չկրցան ընկճել հայ ժողովուրդին ոգին, չուշացաւ Միհրներսեհ հրամանատարի անունով գրուած Յազկերտի համբաւաւոր հրովարտակը` ուղղուած «Հայոց Մեծաց», ուր ամենայն յստակութեամբ կը հրամայուէր հայոց` անմիջապէս ընդունիլ զրադաշտական կրօնը, այլապէս կա՛մ կէտ առ կէտ պատասխանել հրովարտակին յարուցած աստուածաբանական եւ քաղաքական հարցերուն, կա՛մ ալ անձամբ ներկայանալ Տիզբոնի մեծ ատեան:

Սեւ, մութ ամպեր ծանրացեր էին հայուն հոգիի երկնակամարին վրայ եւ աշխարհակործան աղէտի մը ուրուականը կախուեր էր հայ կեանքի երկնակամարէն: Յազկերտի նամակէն արիւն կը կաթէր: Փոթորկած էր աշխարհն հայրենի, եւ մեծամեծները Հայոց Աշխարհի, կաթողիկոս եւ եպիսկոպոս, վանական ու քահանայ, աւագ իշխան եւ նախարար, հաւաքուեր էին երբեմնի թագաւորանիստ Արտաշատ մայրաքաղաքը: Ժողով կար այնտեղ Յազկերտի նամակին պատասխանելու համար: Եւ ահա միաբան, միահաւան եւ միահամուռ պատասխանը հայոց մեծամեծներուն:

«Եթէ ազատ ձգես մեզ մեր կրօնին մէջ, երկրի վրայ քեզմէ զատ ուրիշ տէր չենք ճանչնար, իսկ եթէ երբեք կը կարծես, որ մեր երկնաւոր Տէրը` Յիսուս Քրիստոսը ուրանալով քու սուտ ու պատիր կրօնիդ պիտի հետեւինք, այդ անկարելի է, որովհետեւ այս հաւատքէն մեզ ո՛չ ոք կրնայ խախտել` ո՛չ հրեշտակները եւ ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուրը, ո՛չ հուրը եւ ո՛չ ալ ջուրը եւ ո՛չ ալ որեւէ այլ դառն հարուած: Մենք ոչինչով աւելի լաւ ենք մեր նախնիներէն, որոնք իրենց այս հաւատքին համար զոհեցին իրենց ամբողջ ստացուածքներն ու մարմինները: Որովհետեւ եթէ անմահներ ալ ըլլայինք եւ պահանջուէր մեզմէ Քրիստոսի սիրոյն մեռնիլ, մենք յօժարութեամբ յանձն պիտի առնէինք զայն: Եթէ Աստուածորդին, որ անմահ էր, մեզ շատ սիրելուն համար մինչեւ իսկ մահը յանձն առաւ, հապա մենք, որ մահկանացուներ ենք, որքա՜ն առաւել յօժարութեամբ պէտք է անմահ Քրիստոսի համար չխնայենք մեր կեանքերը»:

Մնացեալ պատմութիւնը արդէն ծանօթ է բոլորիս: Մեր դպրոցական գրասեղաններէն սորված ենք, թէ ի՛նչպէս հայոց այդ յանդուգն պատասխանը կատղեցուց ինքզինք աստուածներու կարգին դասող Յազկերտը, որ անմիջապէս իր մօտ կանչեց հայ ապստամբ նախարարները, որոնք Տիզբոնի մէջ, մեծ ատեանին առջեւ, իրենց հարազատներն ու հայրենի օճախները անտէր եւ անպաշտպան չձգելու հեռատեսութեամբ, երեսանց ուրացան իրենց կրօնը. թէ ինչպէ՛ս հայ նախարարները, զրադաշտական կրօնի քարոզիչներու ընկերակցութեամբ տակաւին Հայաստան չհասած, անոնց հաւատուրացութեան, դաւաճանութեան գոյժը իրենց դէմ լարած էր եւ գրգռած` ամբողջ ժողովուրդը: Եղիշէ, ակնարկելով այդ համաժողովրդային ինքնաբուխ պոռթկումին, կը գրէ. «Այն ատեն արանց եւ կանանց, շինականներու եւ ազատներու, քահանաներու եւ ճգնաւորներու բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ: Անոնք հրապարակ իջան զինուած, սաղաւարտները գլուխնին, սուրերը մէջքերնին, վահանները ձեռքերնին, ոչ միայն քաջ տղամարդիկը, այլ նաեւ` առնական ու քաջասիրտ կիները»:

Կիրակի առաւօտ մը, Անգղ գիւղին մէջ, Ղեւոնդ Երէցի գլխաւորութեամբ, պարսիկներու դէմ ցոյց տրուած զինեալ դիմադրութիւնը, հայ գիւղացիներու հարուածներէն արիւնլուայ եւ ջարդուփշուր գլուխներով փախչող մոգերուն զգայացունց դէպքը, սկիզբ դրաւ համահայկական այն մեծ ապստամբութեան, որուն համար հայ նախարարները, Վարդան Մամիկոնեանի առաջնորդութեամբ եւ եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականութեան ներկայութեան նախ սրբեցին իրենց ճակատներէն հաւատուրացութեան եւ վատութեան ամօթը: Իրարու քով գալով` Աւետարանի վրայ երդում ըրին այնուհետեւ հաւատարիմ մնալ իրենց սուրբ կրօնին եւ պաշտպանել զայն գերագոյն զոհողութեամբ չար ոսոխին դէմ: Հայկական բանակը բաժնուեցաւ երեքի. առաջինը ղրկուեցաւ Ատրպատական, երկրորդը յանձնուեցաւ սպարապետ Վարդանին, որ մեկնեցաւ աղուանից աշխարհ օգնութեան հասնելու հոն արդէն պարսիկին դէմ ծագած ապստամբութեան, երրորդը վստահուեցաւ Վասակ մարզպանին, որ պահէ երկրին անդորրութիւնը, եւ որ սակայն դաւաճանելով իր ուխտին, երկրին կեդրոնը աւերներ գործելէ ետք պարսիկներու հաշուին, խոյս տուաւ Սիւնիք:

Հոս անհրաժեշտ կը գտնենք ընդգծել պատմական ճշմարտութիւն մը, որ յաճախ սխալ ըմբռնուելով` պատճառ հանդիսացած է նաեւ Վարդանանց ապստամբութիւնը ներշնչած եւ առաջնորդած սերունդին հասցէին կատարուած անճիշդ վերագրումներու: Վարդանանք, կրօնական մոլեռանդութեամբ կուրցած, անհեռատես, ռոմանթիկ եւ անիրատես քաղաքականութեան մը զոհերը չէին եւ ո՛չ ալ անոնց որոշած ապստամբութիւնը դատապարտուած էր տակաւին իր սաղմին մէջ խեղդուելու: Անշուշտ որ անոնք գիտակցութիւնը ունէին, թէ իրենց բարձրացուցած ապստամբութեան դրօշը շուտով իրենց արեամբ պիտի ներկուէր, բայց քաղաքական այն հեռաւոր նպատակները` ազատագրել Հայաստանը պարսիկներու լուծէն եւ միացեալ ինքնավար Հայաստանի մը մէջ վերականգնել հայկական կործանած պետականութիւնը քրիստոնեայ կայսրութեան հովանիին տակ, կանգնած էին պատմական իմաստութեան եւ ազգային խորունկ ձգտումներու հիմերուն վրայ:

Բայց կար անշուշտ եւ ամէնէն առաջ գոյութեան կռիւը, լինելութեան` ըլլալու եւ չըլլալու, որպէս ազգ գոյատեւելո՞ւ, թէ՞ պատմութեան եւ աշխարհի երեսէն բնաջնջուելու հրամայական հարցականը: Հոս կը բաւէ միայն յիշել, թէ հայ նախարարները ապստամբութեան առաջին օրերուն իսկ Կովկասեան դրացի ժողովուրդներու` վրաց, աղուանից եւ այլ բարբարոս ցեղերու օժանդակութենէն զատ, կը յուսային նաեւ հայոց բարեկամ նկատուող Թէոդոսիոս կայսեր եւ յունական Հայաստանի մէջ ապրող հայ նախարարներու զինուորական միջամտութիւնը ունենալ իրենց կողքին` պարսկական թուով իրենցմէ բազում անգամներ գերակշիռ բանակներու դէմ: Ուստի այս ուղղութեամբ Վարդան սպարապետ, աղուանից աշխարհ մեկնելէ առաջ, ապահոված էր հայոց մարզպանին` Վասակի ձեռքով գրուած պաշտօնական նամակները եւ յատուկ պատգամաւորութիւններով ղրկած զանոնք Բիւզանդիոն: Սակայն պատմութեան մէկ չար խաղով, Թէոդոսիոս կայսեր անակնկալ մահով եւ Մարկիանոս կայսեր իշխանութեան տիրանալով` Բիւզանդիոնէն գալիք քաղաքական միջամտութիւնն ու զինուորական ուժը զլացուեցան Հայաստանի:

Վարդան երբ իմացաւ Վասակի գործերը, պարսից բանակը Աղուանքի մէջ ջախջախելէ ետք փութաց Հայաստան, ուր անմիջապէս իր շուրջ համախմբեց տակաւին եկեղեցւոյ սուրբ ուխտին հաւատարիմ մնացած հայ նախարարները եւ սկսաւ պատրաստուիլ պատերազմական մեծ գործին, պարսկական մեծ բանակներու հետ ունենալիք վճռական հանդիպումին: Անկէ ետք դէպքերը ստացան իրենց թաւալգլոր ընթացքը: Նման այն նետին, որ արձակուելէ ետք աղեղէն այլեւս ետ չի դառնար, այնպէս ալ հայութեան ազատատենչ ոգին խորտակելէ ետք իր խղճի ազատութեան եւ մտքի ճախրանքին վրայ ծանրացող շղթաները, դուրս հանելէ ետք արդար ընդվզումի եւ սրբազան ըմբոստութեան սուրը, ա՛լ չէր կրնար զայն առանց իր նենգ ոսոխին արեամբ յագեցնելու ետ իր պատեանը դնել:

Հայրենական եւ սրբազան մեծ պատերազմին վրայ կախուած գիշերն է հիմա: Մինչ խաւարը իր արձոյլին մէջ է առած պարսիկ բանակը, երկինք ու երկիր երկունքի մէջ են առած հոգիները հայոց: Սրտերն ալեկոծ են վաղուան խոհերով, երկնային խորհուրդներով եւ ապագայի խռովքներով: Թէքէեանի բառերով`

  «Հոս խաչեր եւ հոն սաղաւարտ ու սուր,
  Խաւարի ծովուն շիթերն են մաքուր:
  Ամէն կողմ մոմեր, խաչեր, երէցներ,
  Բանակը ճաշակ կ՛առնէ այս գիշեր»:

Հսկում, աղօթք, պատարագ ու հաղորդութիւն: Վարդանի, Յովսէփ կաթողիկոսի եւ Ղեւոնդ Երէցի բոցաշունչ եւ հոգեզմայլ ճառերը, հոգիի կտակ են եւ վերջին պատգամ. եւ ամէն հայ զինուորի հոգիին մէջ հիմա սրբազան կրակ մը կայ բոցարծարծ: Վերջապէս արիւնոտ առաւօտը կը բռնկի հորիզոնին վրայ եւ արդարութեան արեգակը իր պայծառ լոյսը կը հեղու հայ հոգիներու եւ Շաւարշանայ դաշտին վրայ, ուր քիչ ետք այս կեանքէն առաւել կեանքին` յաւիտենականութեան պիտի երթան զինուորները հայոց:

Թողունք, որ այդ հերոսամարտին ականատես եւ մասնակից Եղիշէն խօսի. «Երկու կողմերու բանակները այնպիսի թափով մը կը բախէին իրարու, որ կարծէք քարանձաւները դղրդեցնող ամպերու որոտումը ըլլար: Պատերազմիկներու զրահները, սաղաւարտներն ու սուրերը կը փայլէին արեւի ճառագայթներուն մէջ: Արձակուող նետերու եւ ճօճուող նիզակներու պատկերը երկնքէն թափուող կրակի տպաւորութիւն կը ձգէր: Ո՜վ կրնայ նկարագրել վահանաւորներուն թնդիւնը, աղեղներու լարերուն ճայթիւնը եւ առհասարակ մարդկային ահաւոր գոռումգոչումները: Ուժգին թափով երկու զօրքերն ալ կը զարնուէին իրարու եւ երկուքէն ալ բազմաթիւ վիրաւորներ գետին ինկած` կը թպրտային: Վարդան իր քաջ նիզակակիցներով փախուստի մատնելէ ետք Մատեան գունդը եւ մեծ աւերներ գործելէ ետք պարսկական բանակին մէջ, ինքն ալ կ՛իյնայ հերոսի եւ մարտիրոսի մահով: Պատերազմական գործողութիւնները կ՛երկարին մինչեւ երեկոյ, աղջամուղջին կռիւը կը դադրի»:

Որովհետեւ հայոց բանակը կորսնցուցած էր իր սպարապետը, ցիրուցան եղաւ ամուր ձորերու եւ լեռնադաշտերու մէջ. ապա գրաւելով բազմաթիւ ամուր բերդեր` շարունակեց ինքնապաշտպանութեան կռիւը: Որովհետեւ ժամանակը գարնանային էր, կը յիշեցնէ Եղիշէ, ծաղկալից դաշտերը ներկուեցան յորդահոս արիւնով: Երբ մէկը տեսնէր ինկած բազմաթիւ դիակները եւ լսէր վիրաւորներուն, սողացողներուն եւ գալարուողներուն աղեկտուր ճիչերը, խառնուած կանացի սգաւոր վայնասուններուն, սիրտը կը բզկտուէր. «Որովհետեւ այդ կռիւին մէջ ոչ մէկ կողմը յաղթական դուրս եկաւ, այլ քաջերը քաջերուն դէմ կռիւի ելան եւ երկու կողմերն ալ պարտուեցան»: Վարդանէն զատ` ինկեր էին հոն նաեւ նախարարական ընտանիքներէ ութ հայ իշխաններ` կորովին Խորէն, արի Արտակը, զարմանալի Տաճատը, իմաստուն Հմայեակը, հրաշակերտ Ներսեհը, մանուկ Վահանը, արդար Արսէնը եւ յառաջադէմ Գարեգինը: Հայոց ամբողջ նահատակներուն թիւն էր հազար երեսուն եւ վեց: Իսկ թշնամիին զոհերուն թիւը եւ մեծամեծներուն կոտորածը եռապատիկն էր:

Երբ Վարդանանց ապստամբութիւնը դիտենք անոր անմիջապէս յաջորդող դէպքերուն եւ Վահանեան շարժումին լոյսին տակ, բազմիցս կրկնուած եւ իր իմաստէն պարպուած`  ճիշդ է պարտուեցանք, բայց «բարոյական յաղթանակը տարինք»-ը պիտի չըսենք, այլ քաղաքական եւ կրօնական ճակատներու վրայ` Վարդանանց արեամբ գնուած գործնական եւ նիւթական յաղթանակ մը տարինք: Ճիշդ է, որ երբ Վասակ կանչուեցաւ Տիզբոն, հայոց աշխարհի գլխուն եկած բոլոր չարիքներուն պատասխանատուն նկատուելով բանտ նետուեցաւ եւ այնտեղ երդմնալից մահ ունեցաւ, իսկ իր տեղը Հայաստան ղրկուած պարսիկ մարզպանին օրով մասամբ դադրեցան բռնի ուրացումներն ու բացայայտ հալածանքները, սակայն վերջնական յաղթանակը շահուեցաւ աւելի ուշ, դարձեալ Մամիկոնեան սերունդէն, Վարդանի եղբօր որդիին` Վահան իշխանի ձեռքով:

Մեր նիւթէն չշեղելու համար այստեղ չենք ուզեր անդրադառնալ 451-484 տարիներու ընթացքին Հայաստանի մէջ տիրող քաղաքական եւ կրօնական կացութեան, եւ ո՛չ ալ այս յօդուածին նպատակադրած սահմանները կը թոյլատրեն մեզի մտնելու նոյն շրջանի միջազգային իրադարձութեանց մէջ, որոնք նպաստեցին Վահանի մղած հրոսակային կռիւներուն կատարեալ յաղթանակով պսակուելուն: Այսուհանդերձ, ինչ որ կարելի չէ զանց առնել այստեղ, հետեւեալն է:

484 թուին Նուարսակի դաշնագրով հայ ժողովուրդը տիրացաւ աւելի քան կէս դարէ ի վեր իր կորսնցուցած իրաւունքներուն: Այլ խօսքով, զրադաշտական կրօնին պատկանող բոլոր տաճարները փակուեցան Հայաստանի մէջ եւ քրիստոնէութիւնը անգամ մը եւս դարձաւ պետական ազատ կրօն: Նաեւ Վահան իշխան նախ նշանակուեցաւ հայոց բանակին սպարապետ եւ յարքունիս գրաւուած հայ նախարարներուն կալուածները սկսան ետ տրուիլ: Տարի մը ետք, իր քաջութեամբ եւ հաւատարմութեամբ շահելով վստահութիւնն ու համակրութիւնը արքայից արքայ Վաղարշի, Վահանին տրուեցաւ նաեւ Հայաստանի մարզպանութեան պաշտօնը:

Արդ, ինչպէս կարելի չէ Քրիստոսի խաչելութեան պատմութիւնը անջատել անոր յարութենէն, այնպէս ալ կարելի չէ «Վասն Յիսուսի եւ վասն հայրենեաց» մղուած Վարդանանց պատերազմը անջատել Վահանի ապստամբութեամբ տարուած վերջնական յաղթանակէն:

Իսկ այդ բոլորէն ետք, ո՞ւր է տեղը Վարդանանց խորհուրդին մեր կեանքին մէջ:

Արդարեւ, հայոց պատմութեան էջերուն մէջ թուականներ կան, որոնցմէ ցեղին արիւնը կը կաթի եւ հաւատքը կը ճառագայթէ: Այս թուականներուն սերտիւ աղերսուած են պատմական սխրագործութիւններ, խորհրդանշական դէպքեր եւ առասպելական անուններ, որոնք ճակատագրական եւ վճռական դեր խաղացած են մեր ժողովուրդի հոգեբանութեան կազմաւորման եւ անմահութեան մէջ, որոնք անկիւնադարձեր ստեղծած են եւ դարագլուխ բացած` մեր պատմութեան մէջ: Ահա այդ բացառիկ թուականներէն մէկն է 451-ը եւ անկէ անբաժան Վարդանանց խորհուրդը, յաւերժօրէն քանդակուած մեր սրտի տախտակներուն վրայ արի արանց արութեան գործերով եւ պայծառակերպուած Վարդանանց լուսապսակ սուրբերով:

Արտաքնապէս պատմական սովորական եղելութիւն մը թուող, ռազմական ընթացիկ գործողութիւն մը նկարագրող, լոկ միօրեայ ճակատամարտ մը պատմող այսօրուան տօնին մէջ սակայն մենք կը գտնենք ամբողջ ժողովուրդի մը հոգեկան աշխարհը բիւրեղացած, ներքին իսկութիւնը մերկացած եւ հաւատքին ուժը խտացած: Անոր մէջ մենք կը տեսնենք ցոլացած ժողովուրդի մը դարերով փայփայած երազներուն, հաւատացած իտէալներուն դրսեւորումը, եղերականօրէն շքեղ փայլատակումը, ազնուագոյն ձգտումներուն բաբախող մարմինը:

Այստեղ կը տեսնենք հաւատքի եւ առաքինութեանց գերագոյն արտայայտութիւններ, որոնք անկասկած ծնունդ են քանի մը տասնամեակներու ընթացքին մեր ժողովուրդի զաւակներու հոգիներուն մէջ գոյացած համոզումներուն:

Յատկապէս այս օրերուն, երբ կը պատրաստուինք ազգովին ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, պէտք ունինք սպառազինուելու այն սրբազան հաւատքով եւ հայրենապաշտութեան ոգիով, որով առաջնորդուած` Վարդանանց քաջամարտիկները նետուեցան ռազմադաշտ, կերտեցին Աւարայրամարտը մեր պատմութեան եւ «Իմացեալ մահով» յաղթեցին մահուան:

Ուրեմն լեցուինք Վարդանանց խորհուրդով, վերստին ծնինք անոնց կրակի եւ արեան մկրտութեամբ, հաղորդուինք այդ լոյսի ասպետներուն լոյս տեսիլքով, ջրդեղենք կամքը մեր հազար երեսուն եւ վեց վկաներու անխորտակ վճռակամութեամբ, որպէսզի «Վասն Յիսուսի եւ վասն հայրենեաց» մղուելիք նոր պատերազմներու մէջ յաղթական դուրս գանք` որպէս նոր Վարդանանք:

27 փետրուար 2014
Անթիլիաս

Share this Article
CATEGORIES