Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներ. Դասական Եւ Ժողովրդային Երաժշտութեան Ունկնդրութիւն
Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն եւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցին կազմակերպութեամբ ամսական դրութեամբ կը շարունակուին աւանդութիւն դարձած դասական եւ ժողովրդական երաժշտութեան ունկնդրութիւնները, որոնց կը մասնակցին երաժշտանոցի ուսուցիչները եւ խումբ մը աշակերտներ:
Նմանօրինակ ունկնդրութեան երեկոյ մը տեղի ունեցաւ երէկ` չորեքշաբթի, 26 փետրուարի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ:
Ելոյթ ունեցան հետեւեալները` համապատասխան կտորներով. Աքասիա Ազատեան` «Ռեկթայմ»-ը, Քրիստ եւ Մարք Աբրահամեաններ` Չայքովսքիի «Կըրզ Քորըս»-ը, Կասիա Լեւոնեան` Հենտըլի «Ատաճիօ»-ն, Նանօր Այնթապլեան` Խաչատուրեանի «Ցատկայ պարան»-ը, Մարիա Եագուպեան` ժողովրդային «Սրտիկ մալուլ մի՛ մնա»-ն, Անժելա Պուճիքեան` Քլիմենթիի «Սոնաթինա ին Տի»-ին առաջին շարժումը, Լիւսի Չամսարեան` Չայքովսքիի «Սենթիմենթըլ Ուալթց»-ը, Կլորիա Զալըֆեան` Կոմիտասի «Երկինքն ամպել ա»-ն, Հերմինէ Նիւրբէթլեան` Օպերթի «Թամպուրին»-ը, Անդրանիկ Գասպարեան` Նարվայեզի «Վաքաս»-ը, Ալեքս Սուսանի` Շոփենի «Ուալթց»-ը եւ Նարեկ Նաճարեան` Փերկոլեսիի «Նինա՞»-ն: Նուագակցեցան Աբիկ Չոլաքեան, Հենրի Իշխանեան, Սագօ Հալլաճեան եւ Արեւիկ Սարգիս:
Իսկ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի մենակատարներու համոյթը, բաղկացած` Արմէն եւ Աշոտ Ճենտերեճեաններէ, նուագեց Կոմիտասի «Քելէ-քելէ»-ն, Քուրթիսի «Թոռնա ա Սուրիենթօ»-ն (մեներգչուհի` Շողիկ Թորոսեան), Վիվալտիի «Քոնչերթօ Կրոսսօ Ալլա Ռուսթիքա»-ն եւ Ֆիննական «Ժողովրդային պար»-ը:

