Հաղորդագրութիւն

HMEM-EMBLEMHMEM-VAHAN1974-ին համագաղութային կառոյց դառնալէ ետք, ՀՄԸՄ-ը իր նպատակին թելադրութեամբ իւրաքանչիւր քառամեակի, գաղթաշխարհի օտար ափերուն մէջ կազմակերպեց համագաղութային սկաուտական բանակումներ, ապա Հայաստանի մէջ վերընձիւղումով ան դարձաւ համահայկական կառոյց:

ՀՄԸՄ-ը, հաւատարիմ իր կոչումին ու առաքելութեան, 1994-էն ի վեր` հինգերորդ բանակումէն սկսեալ, համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումները կը կազմակերպէ մայր հայրենիքի հողին վրայ` ի մի համախմբելով ՀՄԸՄ-ի աշխարհացրիւ սկաուտները` զանոնք առաւել եւս հաղորդակից դարձնելով մայրենի հողին, պատմութեան, արժէքներուն եւ աւանդութիւններուն:

Հայաստանի մէջ կայացած իրերայաջորդ բանակումներուն արձանագրած յաջողութեան շնորհիւ, համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումները պարբերաբար արձանագրեցին մասնակցութեան թիւի աճ` ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի տրամադրուած հողատարածքը դարձնելով անբաւարար: Իրերայաջորդ Կեդրոնական վարչութիւններ ակամայ դիմեցին թիւի սահմանափակումի` շրջանները մատնելով նեղ կացութեան:

2010-ին` 9-րդ ընդհանուր բանակումին, բանակավայր այցելեցին փոխվարչապետն ու սփիւռքի նախարարը, որոնց պարզուեցաւ բանակավայրի հողային տարածքը եւ մասնակցողներու թիւը: Անոնք խոստացան շուտով լուծել հողատարածքի հարցը: Կարճ ժամանակ ետք խոստումը յարգուեցաւ:

Հողատարածքը բանակատեղիի վերածելու աշխատանքը միութիւնս կը դնէր լուրջ եւ նիւթապէս ծանր յանձնառութեան տակ:

10-րդ Պատգամաւորական ժողովէն ընտրուած Կեդրոնական վարչութիւնը, առաջնահերթ նկատելով ընդհանուր բանակումներու իրագործումն ու անոնց յաջողութիւնը եւ շրջաններու պահանջը, որոշեց ոչինչ խնայել հողատարածքը բանակատեղիի վերածելու համար եւ ի վերջոյ իր կատարած բանակցութիւնները դարձան արդիւնաւէտ:

Առ այդ, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան անցնող շաբաթավերջին կարճատեւ այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Հայաստան եւ 21 փետրուար 2014-ին պաշտօնական հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ` ներկայացնելու համար ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի այժմու բանակավայրի յարմարութիւնները եւ անոր կից տրամադրուած հողաշերտը սարքելու անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ կարելիութիւն պիտի ստեղծէ սփիւռքէն մեծաթիւ բանակողներ հիւրընկալելու:

Նախագահ Սարգսեան դրական մօտեցում ցուցաբերեց այս ծրագիրներուն նկատմամբ` զանոնք նկատելով շինիչ ու կարեւոր եւ պատրաստակամութիւն յայտնելով պետական աջակցութիւն ցուցաբերել «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամին կողքին:

ՀՄԸՄ-ի սկաուտները միշտ երախտապարտ պիտի մնան իրենց բարերարներուն նկատմամբ:

ՀՄԸՄ-Ի
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES