Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ ինք կառավարութեան պիտի առաջարկէ Թրիփոլին հարուածած երկու պայթումներուն եւ մնացեալ բոլոր պայթումներուն թղթածրարները փոխանցել Արդարութեան խորհուրդին:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ սէուտական «Ռիատ» օրաթերթին յայտնած են, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը ներառելու հարցը տակաւին առկայ է: Նոյն աղբիւրները նշեցին, որ նախարարական յանձնախումբը կրնայ համաձայնութիւն գոյացնել Լիբանանի կողմէ Դիմադրութեան իրաւունքին շուրջ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հրաժարած է կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը ներառելու իր պնդումներէն:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն շեշտեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը արագ վաւերացնելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կառավարութիւնը սկսի իր աշխատանքներուն:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ պիտի հովանաւորէ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը վաւերացնելու ելք մը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ նախագահական իսկական ընտրապայքարը պիտի սկսի խորհրդարանին կողմէ կառավարութեան տրուելիք վստահութեան քուէէն ետք:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան ճշդած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը արձանագրած է 300 լ. ոսկիի յաւելում, իսկ մազութինը` 100 լ. ոսկիի յաւելում:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի խորհրդատու Ուեհպէ Քաթիշա յայտնեց, որ Հըզպալլան թիրախ դարձնող ռմբակոծումը 2006-ի պատերազմին շարունակութիւնը կարելի է նկատել: Ան աւելցուց, որ այդ ռմբակոծումով Հըզպալլայի դիմակը ինկած է ու բացայայտուած` անոր իսկական դէմքը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի կոչ ուղղեց համաձայնութիւն մը գոյացնելու` Լիբանանի փրկութիւնը երաշխաւորող կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մը շուրջ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախարարական աղբիւրներէ, կը նշէ, թէ Լիբանանը թիրախ դարձնող ահաբեկչական գործողութիւններն ու պայթումները կը մղեն, որ կառավարութիւնը հաւասարակշռուած աշխատանքային ծրագիր մը մշակէ:

ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական աղբիւրներ անհրաժեշտ կը նկատեն, որ Համաս օժանդակէ հաւատադրժողական շարժումներուն դէմ պատերազմին:

ԱՐԵՒՄՈՒՏՔՑԻ դիւանագէտներ կը հաստատեն, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնները ուղղակիօրէն կապուած են ներքին լիբանանեան իրադարձութիւններուն եւ սուրիական զարգացումներուն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ միամտութիւն է մտածել կամ հաւատալ, թէ Մուսթաքպալ հոսանքը կրնայ զօրակցիլ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի` իբրեւ  նախագահական թեկնածու:

ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ նախագահական առումով անիշխանութիւն պիտի չարձանագրուի` աւելցնելով, որ հանրապետութեան յաջորդ նախագահը համախոհական պիտի ըլլայ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, պաղեստինեան շարժումները լաւ գիտեն պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ գործող ահաբեկիչներն ու անոնց խմբաւորումները:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ իսրայէլեան վտանգը եւ անոր արարքները զիրենք կը մղեն կառչած մնալու Դիմադրութեան իրենց իրաւունքին:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ իրագործելիք ծրագիրներուն մանրամասնութիւնները:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որ խոստացաւ, թէ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանի ապահովական կայունութեան:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի եւ Թուրքիոյ դեսպաններ Ղատանֆար Ապատին եւ Ինան Էօզեըլտըզը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES