Սաատ Հարիրիի Դէմ Կեցուածքներ

Rifaat Ali EidԵրէկ լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ շօշափելի դարձան նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի դէմ արձանագրուած կեցուածքները:

Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ռիֆաաթ Ալի Իտ Մուսթաքպալ հոսանքի նախագահ Սաատ Հարիրին ամբաստանեց իր դէմ գրգռութիւններ հրահրելու յանցանքով:

Ան հերքեց, որ իր հայրը` Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Ալի Իտ որեւէ կերպով մեղսակցած ըլլայ Թրիփոլիի Թաքուա եւ Սալամ մզկիթները պայթումի թիրախ դարձնող յանցագործներուն փախուստը ապահովելուն մէջ:

Ռիֆաաթ Իտ հաստատեց, որ այդ յանցագործներուն փախուստը ապահովող կողմերուն անունները ինք փոխանցած է լիբանանեան բանակին եւ դատական իշխանութիւններուն:

Այս շրջագիծին մէջ, Ռիֆաաթ Իտ հարց տուաւ, թէ արդեօք արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի կ՛ուզէ հերոսանալ Ալի Իտի դէմ բերման գի՞ր մը հրապարակելով:

Միւս կողմէ, Ժամաա Իսլամիէի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Ազզամ Այուպի յայտնեց, որ Սաատ Հարիրի իր սկզբունքները յեղաշրջած է եւ լիբանանեան առումով ան իր կեցուածքներէն շեղելուն գինը սուղ պիտի վճարէ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES