Բանակը Ձերբակալեց Ժապհաթ Նուսրայի Ղեկավարը Եւ Ահաբեկչական Գործողութիւններ Կատարելու Թեկնածուներ
Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Մաշարիհ Քաայի մէջ ձերբակալեց Ժապհաթ Նուսրայի սուրիացի ղեկավար Նիտալ Սուէյտանը:
Յետմիջօրէին «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը Իրանեան մշակութային կեդրոնին դէմ պայթումին օրը, առաւօտեան կանուխ ժամերուն ձերբակալած է ահաբեկիչ Մահմուտ Ապու Ալֆան, որուն հարցաքննութեան իբրեւ արդիւնք կարելի եղած է բացայայտել վտանգաւոր տեղեկութիւններ, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են Լիբանանի մէջ գործուած ահաբեկչական արարքներու` շէյխ Սրաժէտտին Զրէյքաթի ցուցմունքներուն հիման վրայ:
Միւս կողմէ, «Ախպար» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը` ձերբակալելէ ետք «Ապտալլա Ազզամ փաղանգներու» պատասխանատուներէն Նայիմ Ապպասը, կրցած է անոր խոստովանութիւններուն հիման վրայ ձերբակալել նաեւ ահաբեկչական գործողութիւններ կատարելու երկու թեկնածուներ` Պաքըր Մոհամետ Մահմուտ (Ծնեալ` Ուատի Խալետ, 1996-ին) եւ Օմար Մումթազ Խտըր (Ծնեալ` Պըրքայել, 1991-ին):
Պաքըր Մոհամետ Մահմուտ ձերբակալուեցաւ Պեքաայի մէջ. ան խոստովանեցաւ, որ ինք համաձայն գտնուած էր կատարելու անձնասպանական գործողութիւն մը, որ ֆինանսաւորուած էր ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ եւ կազմակերպուած` Նայիմ Ապպասի կողմէ:
Մահմուտ խոստովանած էր նաեւ, որ զինք Սուրիոյ մէջ զինուորագրած է շէյխ Իմատ Մլիսը:
Իսկ Օմար Մումթազ Խտըր, որ ձերբակալուած էր Սուրիայէն Լիբանան վերադարձի ճամբուն վրայ, խոստովանած էր, որ ինք կ՛ուղղուէր հիւսիսային Լիբանան` հանդիպում մը ունենալու շէյխ Հուսամ Սապպաղի հետ: Ըստ Խտըրի, շէյխ Սապպաղ իրեն պիտի յանձնէր գումար մը` պատրաստելու համար ականուած ինքնաշարժ մը:
Ըստ ապահովական աղբիւրներու, շէյխ Սապպաղ Թրիփոլիի երեւելի կրօնաւորներէն է եւ Թրիփոլիի բոլոր զինեալներուն մօտ հեղինակութիւն կը վայելէ, ամուր կապեր ունի հիւսիսային Լիբանանի եւ Սուրիոյ զինեալ խմբաւորումներուն հետ, ինչպէս նաեւ մտերիմը կը նկատուի Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդի նախկին նախագահ շէյխ Սալեմ Ռաֆիյիի:
Լիբանանեան ապահովական աղբիւրներու տեղեկութիւններուն հիման վրայ «Ախպար» կը գրէ, թէ շէյխ Սապպաղ Լիբանանի մէջ Քայիտայի ներկայացուցիչներէն է եւ 2006-ին ստանձնած է Լիբանանի մէջ գետնի վրայ Քայիտայի ենթահող պատրաստելու, ինչպէս նաեւ Իրաքի մէջ կռուելու նպատակով զինեալներ զինուորագրելու պարտականութիւնը:
Շէյխ Հուսամ Սապպաղ ցարդ կը մնայ ազատ եւ ան մերթ ընդ մերթ կը մասնակցի Թրիփոլիի ապահովական պատասխանատուներու նիստերուն:
ՆՇԵՆՔ, որ Զինուորական ատեանի դատախազ Իմատ Զէյն Նայիմ Ապպասի դէմ արձակեց բերման գիր մը` ահաբեկչական խմբաւորումի անդամ Ժամալ Տաֆթարտարի թղթածրարին հարցով:

