Պըրրի. «Պատրաստ Ենք Ճկուն Գործակցութիւնը Շարունակելու, Մինչեւ Որ Հասնինք Աշխատանքային Համախոհական Ծրագիրի Մը Վաւերացումին»

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ ինք տակաւին լաւատես է` մօտիկ ապագային կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մշակումը աւարտելու առումով:
«Պատրաստ ենք ճկուն գործակցութիւնը շարունակելու, մինչեւ որ հասնինք կառավարութեան աշխատանքային համախոհական ծրագիրի մը վաւերացումին», ըսաւ Պըրրի:
Անդրադառնալով Դիմադրութեան հարցին` խորհրդարանի նախագահին հետ հանդիպած երեսփոխանները յայտնեցին, որ Պըրրի իրենց ներկայացուցած է արաբական չորս վեհաժողովներու ատենագրութիւններ եւ արաբական երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու յատուկ նիստերու հաղորդագրութիւններ (որոնցմէ վերջինը` 2013-ին), որոնց մէջ ընդգծուած է Լիբանանի իրաւունքը` օրինական բոլոր միջոցներով դիմադրելու իսրայէլեան բռնագրաւումին եւ բռնարարքներուն:
Միւս կողմէ, Պըրրիի այցելուներուն կողմէ լիբանանեան մամուլին սպրդեցուած էին այնպիսի լուրեր, թէ կառավարութեան մշակելիք աշխատանքային ծրագիրին մէջ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը ներառելը պայման նկատելու պարագային, քաղաքական այլ կողմեր կառչած պիտի մնան Բանակ, Ժողովուրդ, Դիմադրութիւն եռեակ տարազին: Պըրրի շեշտած է, որ ինք համաձայն է «Պաապտայի յայտարարութեան», սակայն փոխարէնը անշեղ կը մնայ Բանակ, Ժողովուրդ, Դիմադրութիւն եռեակ տարազէն:

