Նախարարական Յանձնախումբի Նիստ. «Պաապտայի Յայտարարութեան» Մասին Քաղաքական Բոլոր Ուժերուն Կեցուածքներուն Համընկնող Տարբերակի Մը Յանգած Ենք» Յայտնեց Ապու Ֆաուր

Յանձնախումբի նիստէն պահ մը
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ երեկոյեան ժամը 5:50-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակող յանձնախումբին չորրորդ նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նախարարներ Մոհամետ Ֆընէյշ, Ալի Հասան Խալիլ, Պութրոս Հարպ, Ժըպրան Պասիլ, Սըժաան Քազզի, Նուհատ Մաշնուք եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուր:
Նիստէն ետք, նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ նախարարական յանձնախումբին նիստերը կատարեալ լրջութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ կ՛ընթանան:
Ան ըսաւ, որ յանձնախումբը արդէն իսկ աւարտած է տարակարծութիւններ յառաջացնող հարցերուն մեծ մասին քննարկումը, «իսկ մնացեալը պիտի քննարկուին ուրբաթ, 28 փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին:
Ուաէլ Ապու Ֆաուր նշեց նաեւ, որ յանձնախումբը «Պաապտայի յայտարարութեան» մասին քաղաքական բոլոր ուժերուն կեցուածքներուն համընկնող տարբերակի մը յանգած է: Ան յոյս յայտնեց, որ ուրբաթ օրուան նիստը ըլլայ յանձնախումբի աշխատանքին բարի աւարտի նիստը, որմէ ետք կարելի ըլլայ յայտարարել կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակման աւարտը:
Նշենք, որ վարչապետ Սալամ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց Մուքպելի նախագահած նախարարական յանձնախումբերուն աշխատանքը եւ զայն շարունակելու կարեւորութիւնը:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի եւ Հնդկաստանի դեսպաններ Աշրաֆ Համտի եւ Անիթա Նայար:
Միւս կողմէ, Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Պաղեստինեան իշխանութեան վարչապետ Ռամի Համտալլայէն, որ շնորհաւորեց Սալամը Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան առիթով:
Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը եղաւ առիթ մը քննարկելու շրջանային իրադարձութիւնները:

