Իսրայէլեան Օդուժը Ռմբակոծումի Թիրախ Դարձուցած Էր Պեքաայի Ժանթա Շրջանի Հըզպալլայի Դիրքը
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իսրայէլեան օդուժը 24 փետրուարին ռմբակոծումի թիրախ դարձուցած էր Հըզպալլայի դիրքը, որ կը գտնուի Պեքաայի Ժանթա շրջանին մէջ:
«Փառք Աստուծոյ, այս յարձակումը եւ բռնարարքները զոհեր եւ վիրաւորներ չպատճառեցին, եւ պարզապէս նիւթական վնասներ արձանագրուեցան: Հետեւաբար, կարգ մը լրատուամիջոցներուն եւ թերթերուն կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը` հրթիռներ ռմբակոծելու եւ Հըզպալլայի մարտիկներու նահատակութեան մասին, անճիշդ են», նշուեցաւ Հըզպալլայի հաղորդագրութեան մէջ:
Հըզպալլա հաստատեց, որ այս արարքը ոչ միայն Դիմադրութեան, այլեւ Լիբանանի դէմ բացայայտ յարձակում է, եւ Դիմադրութիւնը զայն անպատասխան պիտի չձգէ` ընտրելով յարմար ժամանակը, վայրն ու հակադարձելու միջոցը:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել
Սլէյման երէկ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլէն պահանջեց իսրայէլեան վերջին յարձակումին մասին բոլոր տուեալները հաւաքել` այդ առնչութեամբ Ապահովութեան խորհուրդին բողոքի նամակ մը յղելու համար` նկատի ունենալով, որ այդ յարձակումը ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան խախտում կը նկատուի:
Նշենք, որ այս առումով նախագահ Սլէյման ընդունեց բանակի սպայակոյտի պետի հազարապետ-զօրավար Ուալիտ Սալմանը եւ սպայակոյտի պետի ծրագրաւորման հարցերով տեղակալ գնդապետ-զօրավար Մարուն Հըթթին, որոնցմէ տեղեկացաւ իսրայէլեան յարձակումին մանրամասնութիւնները:
Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի, հանդիպում մը ունենալէ ետք Ժըպրան Պասիլի հետ, յայտնեց, որ ինք ոչ մէկ տեղեկութիւն ունի իսրայէլեան ռմբակոծումին մասին: Ան շեշտեց, որ ՄԱԿ իր հետաքննութիւնները կը կատարէ այս իմաստով եւ մագլցողական որեւէ քայի դիմելէ խուսափիլը անհրաժեշտ կը նկատէ:
Նշենք, որ կարգ մը օրաթերթեր այդ դէպքին մասին գրած էին շարք մը մեկնաբանութիւններ, որոնցմէ են հետեւեալները.
– Սէուտական «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, իսրայէլեան ռմբակոծումները թիրախ դարձուցած են միջցամաքամասային հրթիռներ, որոնք Հըզպալլայի կողմէ Սուրիայէն կը փոխադրուէին Լիբանան:
– «Ժումհուրիա» օրաթերթը գրած էր, որ իսրայէլեան ռմբակոծումները Հըզպալլայի շարքերուն մէջ զոհեր պատճառած են:
– Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին համաձայն, իսրայէլեան ապահովական կառոյցի պատասխանատուներ մտահոգ են, թէ Հըզպալլա կրնայ թիրախ դարձնել իսրայէլացի ղեկավար մը` պատասխանելու համար երկուշաբթիէն երեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին իսրայէլեան օդուժին կատարած ռմբակոծումին:

