Հաղորդագրութիւն
Այսու մեծ ուրախութեամբ կը հաղորդենք, որ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի 25-ամեակին առիթով, Ճեմարանի բարերար Մելանքթոն Արսլանեանի զաւակները` տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան եւ պարոն Արա Արսլանեան վերանորոգեցին իրենց ընտանիքին ուխտը` մեծ նուիրաբերումով ստանձնելով Ճեմարանի տարածքին արդիական մանկամսուրի մը կառուցման ամբողջական ծախսերը:
Նոր մանկամսուրը պիտի կարենայ ընդունիլ շուրջ հարիւր փոքրիկներ, որոնք հայեցի դաստիարակութեամբ պիտի ծլին ու ծաղկին եւ նոր շունչով պիտի ողողեն մեր կրթական պարտէզը: Այս կառոյցի շինութիւնը նոր թափ եւ ոգի պիտի տայ սփիւռքեան դժուարագոյն պայմաններուն մէջ հայ յանձնառու մարդու պատրաստութեան համար թափուող Ճեմարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմի ամէնօրեայ ճիգերուն: Ճեմարանի այս նոր որակ բերող ընդարձակումը յաւելեալ խանդավառութիւն եւ ուժականութիւն պիտի ներշնչէ թէ՛ Համազգայինի աշխարհասփիւռ ընտանիքին, թէ՛ հայապահպանումի գործին մէջ կարեւոր դեր խաղացող լիբանանահայ համայնքին:
Կեդրոնական վարչութիւնը մեծապէս շնորհակալ է եւ իր խոր գնահատանքը կը յայտնէ այս իշխանական եւ օրինակելի նուիրատուութեան համար:
Պէյրութ, 26 փետրուար 2014
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

