Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Քանատայի Դեսպանը

Թաշճեան, Քանատայի դեսպանը եւ Արամ Ա. կաթողիկոս

Թաշճեան, Քանատայի դեսպանը եւ Արամ Ա. կաթողիկոս

Երեքշաբթի, 24 փետրուար 2014-ի առաւօտուն,  վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Հիլըրի Չայլտզ-Էտըմս` ընկերակցութեամբ Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի եւ Իրաքի տնտեսական կցորդ Ժան-Ֆիլիփ Թաշճեանի:

Վեհափառ հայրապետը ընդհանուր գիծերով դեսպանին ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը, անդրադարձաւ Քանատայի հայութեան` ինչպէս նաեւ` Լիբանանի հայութեան, շեշտելով մանաւանդ լիբանանահայութեան քաղաքական դերակատարութիւնը: Վեհափառ հայրապետը նաեւ խօսեցաւ Սուրիոյ հարցին եւ յատկապէս սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին: Խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին մասին` վեհափառը շեշտեց հայ ժողովուրդի` ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման պահանջը:

Իր կարգին` դեսպանը գնահատանքով խօսեցաւ Քանատայի հայութեան մասին, անդրադարձաւ Քանատայի չափաւոր մօտեցումին` աշխարհը յուզող հարցերուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ շեշտեց Քանատայի մարդասիրական օժանդակութիւնը` յատկապէս գաղթականներուն: Անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին` դեսպանը ընդգծեց, որ Քանատան զօրակից է սուրիական տագնապի խաղաղ լուծման աշխատանքներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES