Ուրբաթ, 14 Մարտին` Պլու Սթարզ Ակումբին Ընտրութիւնները
Իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ, Պլու Սթարզ ակումբը իր բոլոր անդամները հրաւիրեց նոր ընտրութիւններու, որոնք տեղի պիտի ունենան ուրբաթ, 14 մարտին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, ակումբին ժամանակաւոր կեդրոնատեղիին` Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ:
Եթէ ներկաներուն թիւը մեծամասնութիւն չըլլայ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան ճիշդ շաբաթ մը ետք` ուրբաթ, 21 մարտին, նոյն վայրին մէջ եւ նոյն ժամուն:
Թեկնածուներուն համար արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է երեքշաբթի, 11 մարտի երեկոյեան ժամը 18:00-ը: Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն իրենց թեկնածութիւնը առաջադրել, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը, յետմիջօրէի ժամը 16:00-էն 19:00 պէտք է ներկայանան հոն եւ իրենց հետ ունենալով պէտք եղած թուղթերը (ներառեալ` իրենց վճարած տարեկան անդամավճարներուն ստացագիրները) արձանագրեն իրենց անունները: Կարելի է կապ հաստատել նաեւ հեռաձայնելով 03-859348 թիւին:

