Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` Հուփս – ՀՄԸՄ

Շանվիլ – Սաժես մրցումէն
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը տեղի կ՛ունենայ Հուփս – ՀՄԸՄ մրցումը, Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ, երեկոյեան ժամը 19:30-ին:
8-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, երէկ Շանվիլ իր դաշտին վրայ կէտի մը տարբերութեամբ պարտութեան մատնեց Սաժեսը` երկարաձգումէն ետք: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով` 20-18, 41-34, 69-56 եւ 79-79, որոնցմէ ետք Շանվիլ տարաւ վերջնական յաղթանակը` 94-93 արդիւնքով:
Շանվիլէն Վլատան Վուքոսաժեւիչ նշանակեց 36 կէտ, իսկ Սաժեսէն Չարլզ Թոմաս` 26 կէտ:
CATEGORIES Մարզական

