Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքները, կախակայեց շարք մը մարզիկներ եւ պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ տուգանքներ սահմանեց կարգ մը ակումբներու նկատմամբ եւ հրապարակեց շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը: Հրապարակուեցաւ նաեւ Գ. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի մրցումներուն ամբողջական յայտագիրը:

Ահլի Նապաթիէի պատասխանատուներէն Մոհսեն Սապպահի ստացած պատիժը կրկնապատկուեցաւ երկու տարուան` նկատի ունենալով, որ ան Նեպի Շիթի դէմ տեղի ունեցած մրցումին դաշտ ներկայացաւ:

ՀՄՄ-ի դէմ տեղի ունեցած մրցումին իր համակիրներուն դրսեւորած անկարգապահ կեցուածքին պատճառով Շապապ Արապի 500 հազար լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ: Տուգանքի ենթարկուեցան նաեւ Հիլալ Հարեթ Նաամէ (մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկի) եւ Շարք (500 հազար լիբանանեան ոսկի):

Բացի ատկէ, Հիլալ Հարեթ Նաամէ եւ Շարք Գ. դասակարգի ախոյեանութեան իրենց մնացեալ բոլոր մրցումները պիտի կատարեն առանց իրենց համակիրներուն ներկայութեան:

Իրենց երրորդ դեղին քարտը ստացած ըլլալուն պատճառով մէկական մրցումով կախակայուած մարզիկներուն ցանկը եղաւ բաւական երկար: Անոնց կարգին է ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն Մամաս Քէհէեան, որ մէկ մրցումով կախակայուեցաւ:

Բաւական ծանր պատիժներ ստացաւ նաեւ Ֆաժըր Արապսալիմ, որ ստացաւ մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանք մը` իր անկարգապահ համակիրներուն պատճառով:

Բացի անկէ, Ֆաժըր Արապսալիմ 750 հազար լիբանանեան ոսկի տուգանքի ալ ենթարկուեցաւ, որովհետեւ անոր մարզիկներէն մէկը վնաս հասցուց իրաւարարին ինքնաշարժին:

Անոր մարզիկներէն Թարեք Մըհիշ ցմահ կախակայուեցաւ` իրաւարարներուն վրայ յարձակած ըլլալուն պատճառով:

Խումբը ախոյեանութեան գծով իր մնացեալ բոլոր մրցումները պիտի կատարէ առանց իր համակիրներուն ներկայութեան:

Վերջապէս, Արապսալիմի մարզիկներէն Եուսեֆ Ֆարհաթ, Իպրահիմ Պաղտատի եւ Մոհամետ Այյաշ երեքական մրցումով կախակայուեցան, իսկ հինգ պատասխանատուներ` վեցական ամիսով:

Շապապ Թրիփոլիի (կրտսերներ) մարզիկներէն Սերժ Գույումճեան իր ստացած կարմիր քարտին պատճառով երկու մրցումով կախակայուեցաւ:

Ստորեւ կու տանք շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.

Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 19-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.    
ՈՒՐԲԱԹ, 28 ՓԵՏՐՈՒԱՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Թատամոն Պէյրութ – Նեպի Շիթ 14:15 Ահտ
Ամալ Թրիփոլի – Շապապ Ղազիէ 14:15 Թրիփոլի
ՇԱԲԱԹ, 1 ՄԱՐՏ    
Շապապ Թրիփոլի – Խըյուլ 14:15 Թրիփոլի
Սաժես – Շեպիպեթ Մազրաա 14:15 Սաֆա
ԿԻՐԱԿԻ, 2 ՄԱՐՏ    
Ահլի Սայտա – Նահտա Պար Էլիաս 14:15 Սայտա
Ռիատա Ուալ Ատապ – Ահլի Նապաթիէ 14:15 Թրիփոլի
 

Գ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 6-ՐԴ ԵՒ ԴԱՐՁԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.

   
ՇԱԲԱԹ, 1 ՄԱՐՏ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
ՀՄԸՄ – Շեքքա 14:15 Պուրճ Համուտ
Ամալ Թրիփոլի – ՀՄՄ 14:15 Թրիփոլի
ԿԻՐԱԿԻ, 2 ՄԱՐՏ    
Շապապ Արապի – Հարըֆ Ըրտէ Խէյրի 14:15 Սաֆա
 

ԿՐՏՍԵՐՆԵՐ. 3-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.

   
ԿԻՐԱԿԻ, 2 ՄԱՐՏ    ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Անսար – ՀՄԸՄ Պէյրութ 11:00 Անսար
Շապապ Արապի – Սաֆա 11:00 Սաֆա
Ռասինկ – Ահտ 11:00 Ահտ
Շեպիպեթ Մազրաա – Մապարրա 11:00 Շարք
Ժապալ Մաժտալպաանա – Շապապ Թրիփոլի 14:15 Անսար
Իժթիմահի – Ախա Ահլի Ալէյ 14:15 Թրիփոլի
Սալամ Զղարթա – Թրիփոլի 14:15 Սալամ Զղարթա
Share this Article
CATEGORIES