Անգարայի, Պոլսոյ, Իզմիրի Եւ Այլ Քաղաքներու Մէջ Հակակառավարական Ցոյցեր

KadikoyԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ քանի մը քաղաքներու մէջ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցած են ընդդէմ կառավարութեան անդամներու շրջանակին մէջ փտածութեան:

Բողոքի ցոյցերուն դրդապատճառը վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ անոր որդիին միջեւ գաղտնալսուած հեռաձայնային հաղորդակցութեանց պարունակութիւնն է: Անոնցմէ մէկուն մէջ Էրտողան իր որդիին կը թելադրէ տան մէջ գտնուող միլիոններու հասնող գումարները պահել, իսկ այլ զրոյցի մը մէջ Պիլալ Էրտողան կը յայտնէ, որ դրամներուն մեծամասնութիւնը տեղափոխած է եւ տան մէջ միայն 20 միլիոն եւրօ մնացած է:

Մայրաքաղաք Անգարայի, Պոլսոյ եւ Իզմիրի մէջ ոստիկանութիւնը ցուցարարները ցրուելու համար յատուկ միջոցներու ձեռնարկած է:

Մեծագոյն թիւով ցուցարարները` շուրջ 500 հոգի, հաւաքուած են Պոլսոյ Քատըքէօյ թաղամասին մէջ: Անոնք փորձած են մուտք գործել իշխող կուսակցութեան տարածքային գրասենեակի շէնք, սակայն ոստիկանութիւնը ճամբաները փակած է:

Ընդհանուր առմամբ, Քատըքէօյ մեկնած են քսան փոխադրակառքով յատուկ ջոկատայիններ, որոնք ցուցարարներուն դէմ ջրաշիթ մեքենաներ օգտագործած են:

Անգարայի մէջ ցուցարարները փորձած են անցնիլ այն փողոցէն, ուր կը գտնուի խորհրդարանը, սակայն ոստիկանութիւնը կոչ ուղղած է ցրուելու եւ մերժում ստանալէ ետք` այդ նպատակին իրագործման համար յատուկ միջոցներ կիրարկած է:

Նոյնպիսի իրավիճակ ստեղծուած է նաեւ Իզմիրի մէջ, ուր ցուցարարները կեդրոնական շրջաններէն դուրս մղուած են կազի եւ ջրաշիթ մեքենաներու օգնութեամբ: 300 ցուցարարներ դէպի քաղաքին մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կեդրոն քայլարշաւ կատարած են, կառավարութեան վարած քաղաքականութեան եւ փտածութեան դէմ կարգախօսներ բացագանչած:

Ցուցարարները, հակառակ ոստիկանութեան միջամտութեան, մեծ թիւով հաւկիթներ նետած են իշխող կուսակցութեան կեդրոնատեղիին վրայ:

Պուրսա, Էսքիշեհիր եւ Տրապիզոն քաղաքներուն մէջ ցոյցերը աւարտած են առանց միջադէպերու: Ցոյցեր տեղի ունեցած են նաեւ Իզմիթի, Անթալիոյ, Անտիոքի եւ Չանաքքալէի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES