Բախում` Խրիմի Խորհրդարանի Շէնքին Մօտ

SebastopolGazeta.ru կը հաղորդէ, որ Խրիմի խորհրդարանի շէնքին մօտ Ուքրանիոյ նոր իշխանութիւններու քանի մը հարիւր հակառակորդներու եւ առնուազն երկու հազար թաթարներու միջեւ բախում տեղի ունեցած է: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ նոր իշխանութիւններուն հակառակորդները երեքշաբթի օրուընէ ի վեր Խրիմի խորհրդարանին մօտ անժամկէտ ցոյց կը կատարէին` Խրիմի ղեկավարութենէն պահանջելով չճանչնալ Ուքրանիոյ նոր իշխանութիւնները:

«Պի.Պի.Սի.» հաղորդեց, որ թաթարները «փառք Ուքրանիոյ» բացագանչած են, իսկ ռուսամէտները «Ռուսիա» պատասխանած են:

Ուքրանիոյ նախկին նախագահներ Լէոնիտ Քրաւչուք, Լէոնիտ Քուչմա եւ Վիքթոր Եուշչենքօ երէկ միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակելով դատապարտեցին խրիմեան քաղաքականութեան մէջ Ռուսիոյ միջամտութիւնը:

Փութին Ռուսիոյ Զօրքերու Մարտական
Պատրաստուածութիւնը Ստուգել Հրամայած Է

«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան հրամայած է արեւմտեան եւ կեդրոնական Ռուսիոյ զինուորական շրջաններու զօրքերու, ինչպէս նաեւ քանի մը մարտական միաւորներու մարտական պատրաստուածութեան համապարփակ ստուգում կատարել:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու ըսած է. «Ռուսիոյ նախագահին կարգադրութեան համաձայն, այսօր ժամը 14:00-ին անսպասելիօրէն յայտարարուած տագնապի իբրեւ արդիւնք պատրաստ վիճակի բերուած են արեւմտեան զինուորական շրջանի զօրքերը, ինչպէս նաեւ միաւորներն ու ռազմակայանները, որոնք տեղակայուած են այդ տարածքին մէջ, կեդրոնական զինուորական շրջանի 2-րդ զօրքը, օդատիեզերական պաշտպանութեան, անկարգելաւոր զօրքերու, հեռաւոր ու զինուորական փոխադրութեան օդուժի հրամանատարութիւնները»:

Ստուգումը պիտի կատարուի 26 փետրուարէն 3 մարտ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ ԵԱՀԿ-ին կոչ ուղղեց դատապարտելու արեւմտեան Ուքրանիոյ մէջ «ազգայնական եւ նոր ֆաշական» զգացումը եւ «ռուսերէնը արգիլելու, ռուսախօս բնակչութիւնը «ոչ քաղաքացիի» վերածելու եւ խօսքի ազատութիւնը սահմանափակելու կոչերը»:

Միւս կողմէ, Ուքրանիոյ ժամանակաւոր նախագահ Օլեքսանտր Թուրչինով յայտարարեց, որ զինեալ ուժերու գերագոյն հրամանատարի պարտականութիւնները կը ստանձնէ:

Ուքրանիոյ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արսէն Աւագով յայտնեց, որ ոստիկանական «Պերքութ» մասնայատուկ ուժերը, որոնք ցուցարարներու մահուան համար կը մեղադրուին, լուծարուած են:

Սեպաստոփոլի նոր ղեկավար Ալեքսէյ Չալին «Պերքութ» մասնայատուկ ուժերու անդամները հրաւիրեց իր քաղաքը` խոստանալով աշխատավարձ վճարել եւ ապահովել անոնց եւ անոնց ընտանիքներուն անվտանգութիւնը:

«Այդ մարդիկը արժանապատիւ կերպով կատարած են իրենց երկրին առջեւ պարտաւորութիւնը, տղամարդու կեցուածք ունեցած են, իսկ այժմ յօշոտման նետուած են կատղած նացիներու առջեւ` իրենց իսկ նախկին ղեկավարներուն կողմէ», ըսած է ան:

Միւս կողմէ, ըստ ուքրանական «քորրեսփոնտընթ» կայքին վրայ կատարուած հարցախոյզին արդիւնքներուն, հարցախոյզի մասնակիցներուն 18.6 առ հարիւրին կարծիքով Ուքրանիոյ նախագահ պիտի դառնայ «ՈՒԴԱՌ» կուսակցութեան ղեկավար, աշխարհահռչակ բռնցքամարտիկ Վիթալի Քլիչքոն, երկրորդ դիրքի վրայ է նախկին վարչապետ Եուլիա Թիմոշենքոն` 12.1 առ հարիւրով, իսկ երրորդ դիրքի վրայ է Շրջաններու կուսակցութենէն Սերկէյ Թիկիփքոն` 10.7 առ հարիւրով:

Երէկ գիշեր Ուքրանիոյ նոր կառավարութիւնը ներկայացուեցաւ Քիեւի Մայտան հրապարակին վրայ հաւաքուած ցուցարարներուն: Արսէնի Եացենիուք վարչապետի թեկնածու առաջադրուեցաւ: Խորհրդարանին մէջ Մայտանի շարք մը գործիչներէ կազմուած նախարարաց խորհուրդին շուրջ այսօր վստահութեան քուէարկութիւն տեղի պիտի ունենայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES