Ռուհանի Ալիեւը Հրաւիրած Է Իրան
ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհսուն Փաք Ային երեքշաբթի օր հանդիպում ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Դեսպանատունէն ԱՓԱ-ին յայտնած են, որ դեսպանը Ալիեւին փոխանցած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի` Իրան այցելելու հրաւէրը:
Ալիեւ ընդունած է Իրանի նախագահին հրաւէրը եւ աւելցուցած, որ Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ Իրանի նախագահին հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք, երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ նոր փուլ սկսած է:
Ալիեւ ընդգծած է, որ Ազրպէյճան պատրաստ է Իրանի հետ բոլոր մարզերուն մէջ համագործակցութեան:
CATEGORIES Միջազգային

