Հարաւային Տաքոթա Մերժած Է Ազրպէյճանի Հովանաւորած Հակահայկական Բանաձեւը

dakotaՄիացեալ Նահանգներու Հարաւային Տաքոթա նահանգի Ներկայացուցիչներու տունը մերժած է ազրպէյճանցի լոպիիստներու ներկայացուցած հակահայկական թիւ 1020 բանաձեւը:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Քոնկրեսի աղբիւրները Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբին յայտնած են, որ ընդլայնուած քննարկումներէն ետք` բանաձեւը ներկայացուցած քոնկրեսական Լանս Ռասըլ ստիպուած եղած է պաշտօնապէս զայն ետ վերցնել: «Ցաւալի է, որ բանաձեւը այսքան հեռու գացած է, սակայն դրական կողմը այն է, որ Հարաւային Տաքոթայի 105 օրէնսդիրներ ականջալուր եղան հալածուած հայ քրիստոնեաներու վիճակին», ըսած է բանաձեւին դէմ արտայայտուած քոնկրեսական Սթիւ Հիքէյ:

Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Էլըն Ասատրեան նշած է.«Մենք խորապէս երախտապարտ ենք, որ Միացեալ Նահանգներու եւս մէկ նահանգի ընտրուած ղեկավարները ընդդիմացան քարիւղով հարուստ եւ փտած Ազրպէյճանի նախագահի ջանքերուն` իր հայատեաց արշաւը տարածելու Ամերիկայի սրտին մէջ»:

Թիւ 1020 բանաձեւը յառաջ մղուած էր Իլհամ Ալիեւի կողմէ` միջամտելու Հարաւային Տաքոթայի ժողովրդավարական համակարգին: Անիկա կը վերաբերէր Խոջալուի դէպքերուն եւ Ներկայացուցիչներու տուն ներկայացուած էր 21 փետրուարին:

Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբը նախազգուշական միջոցներու ձեռնարկած էր հակազդելու Ազրպէյճանի եւ խոչընդոտելու բանաձեւի որդեգրումը: Յանձնախումբը կոչով դիմած էր Հարաւային Տաքոթայի քաղաքացիներուն, որպէսզի վերջիններս կապուին իրենց Ներկայացուցիչներու տան ղեկավարներուն եւ ներկայացուցիչներուն հետ` յորդորելով դէմ քուէարկել բանաձեւին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES