Տիգրանակերտի Քաղաքապետարանի Ցուցանակին Վրայ` Հայերէն
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Տիգրանակերտի Սուրի քաղաքապետարանի մուտքին զետեղուած է չորս լեզուներով ցուցանակ մը, որուն վրայ քրտերէն, թրքերէն, հայերէն եւ ասորերէն գրուած է «Սուրի քաղաքապետարան»:
Սուրի փոխքաղաքապետ, քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամ Նաքշի Սայար ցուցանակի տեղադրման կապակցութեամբ յայտարարած է, որ ատիկա աննախադէպ իրադարձութիւն է, եւ Թուրքիոյ մէջ երբեք այդպիսի բան չէ եղած: Ըստ անոր, քաղաքապետարանին մէջ սրտանց կ՛ուզէին, որ ցուցանակը գրուած ըլլար նաեւ շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող այլ լեզուներով` ատիկա որակելով իբրեւ երախտագիտութեան դրսեւորում:
Փոխքաղաքապետը ցուցանակը զետեղելու փաստը կապած է իսլամութեան հետ` ըսելով. «Ես իսլամական ինքնութիւն ունեցող եմ. կախելով այս բազմալեզու ցուցանակը` կը կատարեմ իսլամութեան առջեւ իմ պարտականութիւնս: Տիեզերքն ալ, լեզուներն ալ Աստուած ստեղծած է: Կ՛ուզեմ կոչ ուղղել իսլամական շրջանակներուն` ուր ալ ըլլաք, ինչ պաշտօն ու ուժ ալ ունենաք, յարգեցէ՛ք լեզուները: Զանոնք Աստուած ստեղծած է»:
Յիշեցնենք, որ Սուրի քաղաքապետ Ապտուլլահ Տեմիրպաշի նախաձեռնութեամբ Սուր մտնող ճամբուն վրայ գրուած է «Բարո՛վ եկաք», իսկ «Տիարպեքիր» զբօսաշրջական ուղեցոյցը թարգմանուած է հայերէնի:

