«Մենք Մինչեւ Վերջ Պիտի Պաշտպանենք «Նայիրիտ»-ի Աշխատողներուն Շահերը» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

Աղուան Վարդանեան
«Յստակ է, որ «Նայիրիտ»-ի վերաբերեալ «մութ» բառը չըսեմ, բայց բազմաթիւ պատմութիւններ կան, վարկերու, պարտքերու եւ արտերկրային ընկերութիւններու հետ կապուած, ուստի շատ հարցեր կը սպասեն իրենց պատասխաններուն», երէկ լրագրողներուն յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Աղուան Վարդանեան:
Ըստ Վարդանեանի, «Նայիրիտ»-ի շուրջ բազմաթիւ ակնյայտ խնդիրներ կան, զորս առանց ուսումնասիրելու, առանց վեր հանելու կարելի չէ որոշել «Նայիրիտ»-ի հետագայ ճակատագիրը: Պատգամաւորը յայտնեց, որ նայիրիտցիները հիմա վատ վիճակի մէջ կը գտնուին, ստիպուած կ՛ըլլան ժամանակ առ ժամանակ բողոքի ցոյցեր կազմակերպել: «Մենք չենք ընդունիր քաղաքական մեծամասնութեան փաստարկները: Այսօր իրանական ընկերութիւն մը «Նայիրիտ»-ի հարցով դատարան դիմած է, եւ այդ դատը տեղի պիտի ունենայ 10 մարտին: Կը կարծեմ, որ թերեւս այս քննարկումներէն ետք կառավարութիւնը ամէն ինչ կ՛ընէ, որ «Նայիրիտ»-ը սնանկացման չտանին, որովհետեւ հակառակ պարագային, պիտի փակուի «Նայիրիտ»-ի բոլոր պատմութիւններու շղթան», ըսաւ Աղուան Վարդանեան` յոյս յայտնելով, որ այսպիսի հոլովոյթ տեղի չ՛ունենար, որովհետեւ Հանրապետական կուսակցութիւնը խոստացած է յառաջիկային մանրամասն զբաղիլ «Նայիրիտ»-ի հարցով:
Աղուան Վարդանեան նշեց նաեւ, որ եթէ կարելի չեղաւ «Նայիրիտ»-ի հետ կապուած խնդիրները Ազգային ժողովին մէջ կազմակերպել, ապա պիտի նախաձեռնեն հրապարակային քննարկումներ` հրաւիրելով այն անձերը, որոնք լաւատեղեակ են «Նայիրիտ»-ի խնդիրներուն, զանգուածային լրատուամիջոցները, որպէսզի փորձեն հասկնալ, թէ ի՛նչ կը կատարուի «Նայիրիտ»-ի շուրջ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք նայիրիտցիները պիտի սպասե՞ն մինչեւ աշուն, երբ այդ հարցը նորէն բարձրացուի, եթէ արդէն հիմա անոնք կը խօսին արտագաղթելու մասին, Աղուան Վարդանեան նշեց, որ թէեւ աշխատակիցները հիմա կը գտնուին ծանր վիճակի մէջ, բայց հարցը նաեւ կառավարութիւն-գործարան յարաբերութիւններուն մէջ է: «Մենք մինչեւ վերջ պիտի պաշտպանենք աշխատողներու շահերը: Եւ երբ նախաձեռնենք հրապարակային քննարկումներ, անոնց պիտի մասնակցին նաեւ «Նայիրիտ»-ի աշխատակիցները, որովհետեւ անոնք կը տիրապետեն «Նայիրիտ»-ի շուրջ ստեղծուած պատմութիւններուն ամբողջ շղթային: Պէտք է տաք պահենք այս նիւթը, մինչեւ տեսնենք, թէ ո՛ւր կը հասնինք», ըսաւ Աղուան Վարդանեան:

