«Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Յարաբերութիւններուն Մէջ Ոչինչ Փոխուած Է» Նշեց Նախագահ Սարգսեան

Մէյմարաքիս եւ նախագահ Սարգսեան

Մէյմարաքիս եւ նախագահ Սարգսեան

Հայաստանը կարեւոր կը նկատէ դարաւոր բարեկամութեան ու պատմական առնչութիւններու վրայ հիմնուած հայ – յունական բազմաբնոյթ յարաբերութիւնները, որոնք բաւականաչափ ներուժ ունին, եւ ատիկա երկկողմանի ջանքերով անհրաժեշտ է ամրապնդել: Այդ մասին յայտարարեց նախագահ Սերժ Սարգսեան` երէկ ընդունելով պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ Վանկելիս Մէյմարաքիսը:

Յունաստանի խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ դարերու խորքէն եկող հայ եւ յոյն ժողովուրդներու` ընդհանուր արժէքներու վրայ հիմնուած ամուր բարեկամութիւնը մեծ ապագայ ունի:

Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը երկկողմանի քաղաքական երկխօսութիւնը յառաջ մղելու գործին մէջ` դրական գնահատելով Հայաստանի եւ Յունաստանի խորհրդարաններուն մէջ ձեւաւորուած բարեկամութեան խումբերի գործունէութիւնը: Կողմերը շեշտեցին, որ օրէնսդիր մարմիններու միջեւ սերտ գործակցութիւնը կրնայ մեծապէս օգտակար դառնալ երկու երկիրներու կառավարութիւններուն միջեւ փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան զարգացման ու խորացման գործին մէջ:

Հանդիպման ժամանակ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն: Խօսելով անոնց հեռանկարին մասին` նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ այդ յարաբերութիւններուն մէջ ոչինչ փոխուած է. նախորդ տարուան նոյեմբերին Վիլնիւսի վեհաժողովին ընթացքին Հայաստան հաստատեց Եւրոպական Միութեան հետ սերտ համագործակցութիւն զարգացնելու յանձնառութիւնը: Նախանցեալ օր Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին հաւանութեան արժանացաւ «Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան Հայաստանի Հանրապետութիւն – Եւրոպական Միութիւն գործողութիւններու ծրագիրի կատարումը ապահովող 2014-2015 թուականներու նախաձեռնութիւններու ցանկի նախագիծը, եւ հետագայ գործակցութեան խորացման ուղղութեամբ միացեալ աշխատանքները կը շարունակուին:

Եւրոպական Միութեան ներկայիս նախագահող երկրին` Յունաստանի խորհրդարանի նախագահը վստահեցուց, որ իր երկիրը պիտի ընէ առաւելագոյնը` երկկողմանի կապերու ամրապնդումէն բացի, նպաստելու Հայաստան -Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման:

Վանկելիս Մէյմարաքիս երէկ ընդունուեցաւ նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի եւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի կողմէ, տեղի ունեցաւ նաեւ Յունաստանի խորհրդարանի նախագահին հետ Ազգային ժողովի Հայաստան – Յունաստան բարեկամական խումբի անդամներու հանդիպումը:

Երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Յունաստանի խորհրդարանի նախագահին հանդիպումը:

Զրուցակիցները ջերմութեամբ վերյիշեցին նախորդ տարուան մարտին Աթէնքի մէջ ունեցած հանդիպումը եւ գոհունակութեամբ արձանագրեցին, որ երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ հաստատուած է սերտ համագործակցութիւն, միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբերը աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալեն, ինչ որ մեծապէս կը  նպաստէ միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման եւ ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան խորացման:

Յունաստանի խորհրդարանի ղեկավարն ու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը նշեցին միջազգային կազմակերպութիւններուն խորհրդարանական վեհաժողովներուն երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու համագործակցութեան սերտացման անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ-յունական բարեկամական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը: Կարեւոր նկատուեցաւ առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան խթանումը, ապակեդրոնացեալ փոխադարձ գործակցութիւնը:

Եւրոպական Միութեան մէջ Յունաստանի նախագահութեան ծիրին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան:

Կիպրական հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթին մէջ վերջերս արձանագրուած յառաջընթացի ծիրին մէջ Էվանկելոս Մէյմարաքիս ներկայացուց հիմնահարցին վերաբերեալ Յունաստանի մօտեցումները:

Նախարար Նալբանդեան ներկայացուց ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ գործադրուող ջանքերը:

Էդուարդ Նալբանդեան ու Էվանկելոս Մէյմարաքիս միտքեր փոխանակեցին շրջանային խնդիրներու եւ անոնց լուծման ուղիներուն վերաբերեալ:

Share this Article
CATEGORIES