Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Յստակօրէն պիտի կարենաք տեսնել ձեր ասպարէզին վերաբերեալ հարցերը: Դրական արդիւնքներ կ՛ակնկալէիք, պիտի ստանաք եւ օրը պիտի ըլլայ յաջող:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ծրագրեցէք, կառուցեցէք, ինչ որ պէտք է ձեր կեանքին համար: Ձեր գործունէութեան մասնակից դարձուցէք ձեր բարեկամները: Օրը ունի լաւ անակնկալ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ կարգ մը դժուարութիւններ ունենաք, յետաձգեցէք ձեր ընելիքը յաջորդ օրուան, առանց մտահոգուելու: Օրը յարմար չէ այդ նպատակին համար:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ինչ որ կրնաք ընել այսօր, կատարեցէք` առանց վաղուան ձգելու կարգ մը գործնական հարցեր: Ձեր եռանդը պահեցէք, որպէսզի օրը ըլլայ յաջող:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Երէկուան ձեր կատարած աշխատանքը շատ պիտի գնահատուի, որովհետեւ երեւան կու գայ ձեր արդարամիտ ըլլալը. պիտի գնահատուիք բոլորէն:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մի՛ տատամսիք որոշում մը տալու, որովհետեւ այսօր պէտք է ըսէք ձեր այոն կամ ոչը: Ձեր պատասխանը եթէ դրական ըլլայ, կը շահիք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Առանց ժամադրութեան մի՛ երթաք հոն, ուր կարեւոր ըսելիք մը ունիք: Ձեզ սպասող անձը կրնայ տրամադրութիւն չունենալ, հետեւաբար նախ անոր դիմեցէք, թէ կարելիութիւն կա՞յ գործնական ըլլալու:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
«Հինգ անգամ չափէ, մէկ անգամ ձեւելու համար» կ՛ըսէ առածը: Այսօր ուշադիր եղէք ձեր ծրագրած աշխատանքը կատարելէ առաջ: Չսխալիք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր բարեացակամ վերաբերումը արձագանգ պիտի ունենայ հոն, ուր պէտք էր: Այս մասին պիտի լսէք եւ շնորհակալութիւն պիտի յայտնէք ձեր բարեկամներուն եւ ձեզի օգնողներուն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մի՛ կարծէք, որ ուրիշներ պիտի կարենան կատարել այն, ինչ որ դուք չէք կրցած իրագործել: Անգամ մը եւս փորձեցէք, կրնաք յաջողիլ: Հոգ չէ որ յոգնիք, ետքը կ՛ուրախանաք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր յաջողութեան ուրախութեամբ պիտի ուրախանան նաեւ ձեր հարազատները: Այս առիթով կրնաք սարքել բարեկամական խնճոյք մը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Հոգ տարէք ձեր բնակարանին նորոգութեան, ինչ որ ծրագրած էք բայց տակաւին կը տնտնաք: Ժամանակը զուր մի անցընէք, եղէք իրատես:

