50 Տարի Առաջ (1 Մարտ 1964)
Խմբագրական
Խլրտումներ
Արեւելեան Եւրոպայի Մէջ
Ֆրանսական գործակալութեան մասնաւոր թղթակիցը վերջերս այցելեց Ռումանիա` վերադարձին վեր հանելով կարգ մը յատկանշական երեւոյթներ, որոնք ակնբախ կերպով ցոյց կու տան, թէ ուղղակի խորհրդային հակակշռին ենթակայ այդ երկրէն ներս, որ բոլոր արբանեակներուն մէջ ամէնէն «հնազանդը» կը նկատուի, ծայր տուած է հակառուսական շարժում մը, որուն արտաքին երեւոյթները թէեւ տեսանելի են, հետեւանքները սակայն կը մնան աննախատեսելի:
Թէեւ այս շարժումը կը յատկանշուի իր խոհեմութեամբ, որովհետեւ ռումանացիք չեն ուզեր ըլլալ երկրորդ Հունգարիա մը, որուն ապստամբութիւնը անխնայ ճզմուեցաւ խորհրդային հրասայելով, բայց ռումէն ղեկավար շրջանակներու մէջ հետզհետէ տեղ կը գտնէ այն համոզումը, թէ պիտի կրնան անպատիժ կերպով ազգային նկարագիր տալ իրենց հանրային կեանքին:
Ազգային նկարագրի այս վերադարձը, ըստ ֆրանսացի թղթակցին, կը յատկանշուի հետեւեալ իրողութիւններով:
«Կորքի» կաճառը, ուր կը դասաւանդուէր ռուսերէնը, փակուած է եւ ռուսերէնը պիտի դասաւանդուի համալսարաններու մէջ, հաւասար` այլ օտար լեզուներու:
«Ռուսական գրատուն»-ը անուանափոխութեամբ մը եղած է «Տիեզերական գրատուն», ուր ռուսական գիրքերը կը ծախուին այլ գիրքերու հետ:
Բազմաթիւ շարժանկարի սրահներ եւս անուն փոխած են. «Կորքի» դարձած է «Իւնիոն», «Մայիսեան»-ը` «Էքսելսիոր», «Օգոստոս-23», «Օրօր, իսկ սեպտեմբեր 14-»ը` Տուան:
Միւս կողմէ, 1963-ին տպուած դրամանիշներու վրայ կը գործածուի ռումանական նախկին ուղղագրութիւնը:
Ու ինչ որ ամէնէն կարեւորն է, մասնագէտներ, բանուորներ եւ գիւղացիներ այն տպաւորութիւնն ունին, թէ Ռումանիոյ համար կ՛աշխատին:
Փորձեցինք քանի մը հակիրճ տողերու մէջ տալ ֆրանսացի լրագրողին թղթակցութեան հիմնական կէտերը` անոնցմէ հանելու համար այն հետեւութիւնները, որ ռումէն ղեկավարութիւնը, քաջալերուելով համայնավար ճակատի մէջ ստեղծուած շփոթ կացութենէն, կը փորձէ կատարել վերադարձ մը` երկրին տալու համար իր երբեմնի կենսունակութիւնը:
Աւելի կամ պակաս չափով` ներկայիս պատկերը նոյնն է արբանեակ գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ, որոնցմէ ոմանք, ինչպէս` Լեհաստանը շատոնց բռնած են ապառուսացման ճամբան:
Շարժում մը կարելի է սկսիլ` մեկնակէտին գիտակցութեամբ: Բայց թէ ո՞ւր կը յանգի այդ, ոչ ոք կրնայ ստուգապէս, գիտնալ: Նման շարժում մըն է, որ այսօր ծայր տուած է Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ, ուր ազգային ըմբռնումը մնացած է անմար` հակառակ վերջին քսան տարիներու ընթացքին համայնավար ղեկավարութեան բոլոր ջանքերուն:
Ոչ մէկ կասկած, թէ դէպի ետ այս շարժումը կանգ կրնայ առնել միայն բիրտ ուժի գործածութեամբ: Այս պարագային, նման ուժի մը գործածութիւնը որքանո՞վ հնարաւոր է, կամ` փափաքելի Մոսկուայի համար, որ բազմաթիւ ճակատներու վրայ, ներքին թէ արտաքին, անհամար դժուարութիւններու կը հանդիպի:
Միջազգային դիտողներու կարծիքով, ուշ չէ այն օրը, երբ արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ հետզհետէ աւելի ծաւալ պիտի ստանայ ազգային ինքնորոշման այս շարժումը, որուն նախանշանները կը տեսնենք այսօր, հոգ չէ թէ` համեստ աստիճանի մը վրայ:
Ոչ մէկ կասկած, թէ խորհրդային անծայրածիր կայսրութիւնը անդիմադրելի հոլովոյթի մը ենթակայ է ներկայիս: Այդ հոլովոյթին արտաքին նշանները զգալի են մասնաւորաբար արբանեակ երկիրներու մէջ, որոնք բնական կերպով ենթակայ չեն այն վիճակին, որուն մէջ կը գտնուին Խորհրդային Միութեան մաս կազմող «հանրապետութիւնները»:
Ռումանիոյ պարագան մէկ օղակն է շղթային, որուն ծայրը անպայման որ ազգային ինքնայատկութիւններու շեշտումը պիտի ըլլայ` հանրային եւ քաղաքական կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ:

