Հետաքրքրական. Վենետիկը Պիտի Փրկուի
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Վենետիկ քաղաքը կը գտնուի Իտալիոյ հիւսիս արեւելքը: Ան հիմնուած է հարիւրաւոր պզտիկ կղզիներու վրայ, որոնք իրնրու կապուած են կամուրջներով: Հոն կը գտնուին սքանչելի պալատներ, եւ քաղաքը ամէն տարի կը կազմակերպէ բարեկենդանի հանրածանօթ փառատօն մը: Ամէն տարի աւելի քան 20 միլիոն զբօսաշրջիկ կ՛այցելեն քաղաք:
Սակայն Վենետիկը վտանգի տակ է: Քաղաքին տակի ջրակոյտին հողը կրնայ խորտակուիլ, օդին ապականումը իր վնասներով կը սպառնայ քաղաքին, նաեւ հսկայական մակընթացութիւնները զայն մնայուն կերպով կ՛ողողեն:

Բացառիկ Մակընթացութիւններ
Ծովուն կողքին գտնուող Վենետիկ քաղաքը միշտ ջուրի մակընթացութիւններու ազդեցութեան տակ է: Կարգ մը մակընթացութիւններ բացառիկ ուժ ունին: Այդ երեւոյթը կը կոչուի «աքուա ալթա» (իտալերէնով` բարձր ջուրեր): Զօրաւոր հովեր կը քշեն ծովէն եկած այս մակընթացութիւնները, որոնք կրնան քաղաքը ողողել: Այս պատճառով է, որ պետութիւնը իւրայատուկ ծրագիր մը յղացած է:
Պաշտպանուած Մէկ Դարու Ընթացքին
Վենետիկի ծովու ջուրերուն մէջ սկսած են դրուիլ հսկայական ամբարտակներ: Երբ ծովուն ջուրերը շատ կը բարձրանան, ամբարտակներն ալ կը բարձրանան եւ ալիքները կը կեցնեն: 2016 թուականին երբ ամբողջ դրութիւնը վերջնականապէս հաստատուի, գոյութիւն պիտի ունենան 3 հսկայական ամբարտակներ: Ճարտարագէտները կը նախատեսեն, որ այս ձեւով Վենետիկ մակընթացութիւններէն պաշտպանուած պիտի ըլլայ նուազագոյնը մէկ դար:
Ձեռային Աշխատանք
Բարեկենդանի Դիմակներ
Ա.- Իւրայատուկ ակնոցներ
Պէտք ունիս. Սեւ խաւաքարտի, զոյգ մը ակնոցի, բաց գոյնով ներկ մատիտի, մկրատի, հաւկիթի խաւաքարտ տուփի, ջրաներկի (աքրիլիք), վրձիններու, ճերմակ խէժի եւ խէժի վրձինի- փակցնելու անտեսանելի երիզի, ծխամորճ մաքրելիք ցպիկի:
Պատրաստութիւն.

1.- Իսկական ակնոցները դիր սեւ խաւաքարտին վրայ եւ բաց գոյնի մատիտով մը գծէ անոր շրջագիծը, ստանալու համար աչքերուն եւ քիթին ճիշդ տեղերը: Կտրէ խաւաքարտէ ակնոցը:
2.- Հաւկիթի խաւաքարտէ տուփիկէն երկու փոսիկ կտրէ աչքերուն համար: Չափահասէ մը խնդրէ, որ անոնց մէջտեղը ծակ մը բանայ աչքերուն համար: Ապա տուփէն կտոր մը կտրէ քիթին համար: Աչքերը եւ քիթը ներկէ, ձգէ որ չորնան:
3.- Երբ անոնք չորնան, աչքերը եւ քիթը փակցուր սեւ ակնոցներուն վրայ: Երբ անոնք ալ չորնան, քիթին մէկ ծայրը քիչ մը դէպի վեր ծալէ, միւս ծայրը փակցնելիք երիզով փակցնելով:

4.- Երկու ծխամորճի ցպիկներ սեւով ներկէ, եւ ձգէ, որ չորնան: Սեւ խաւաքարտէ ակնոցին ծայրերը ճերմակ խէժ դիր եւ ցպիկները այդ ծայրերուն վրայ փաթթէ քանի մը անգամ. ձգէ, որ չորնան: Ցպիկներուն ծայրերը ծռէ, որպէսզի կարենաս ակնոցը ականջներուդ ետեւը անցընել:


* * *
Բ.- Տխուր եւ ուրախ դիմակը
Պէտք ունիս. խաւաքարտէ պնակի, մկրատի, ջրաներկի (աքրիլիք) եւ վրձիններու, մատիտի, խոհանոցի տաբակ սպունգի, խոռովածի երկու երկար ցպիկներու, ճերմակ խէժի, խէժի վրձինի, ժապաւէնի:
Պատրաստութիւն.

1.- Չափահասէ մը խնդրէ, որ քեզի օգնէ խաւաքարտէ պնակին վրայ աչքերուն երկու ծակերը կտրելու` անոնց տեղերը ստուգելով քու դէմքիդ վրայ: Դիմակին կէսը դեղին ներկէ, միւս կէսը կապոյտ: Երբ ներկը չորնայ, սեւ գիծերը աւելցուր:
2.- Խաւաքարտի մը վրայ գծէ եւ կտրէ տխուր բերան մը եւ ուրախ բերան մը: Այս երկու բերանները իբրեւ կաղապար գործածելով անոնց շրջագիծերը գծէ տաբակ սպունգին վրայ. զանոնք կտրէ: Չափահասէ մը խնդրէ, որ ցպիկներուն սուր ծայրերը կտրէ: Իւրաքանչիւր բերանի համար, խաւաքարտէ բերանին վրայ խէժ դիր եւ զայն փակցուր սպունգէ բերանին վրայ` երկուքին միջեւ անցնելով ցպիկը: Ձգէ, որ չորնան:
3.- Խաւաքարտէ պնակին ետեւը 1 մեթր ժապաւէն փակցուր եւ ձգէ, որ չորնայ: Այս ժապաւէնով է, որ դիմակը դէմքիդ վրայ պիտի պահես:


4.- Բերանները կարմիր ներկով ներկէ եւ ձգէ, որ չորնան: Անոնք քեզի պիտի ծառայեն երբեմն տխուր, երբեմն ալ ուրախ պատմութիւններ պատմելու:
Գ.- Թէյնիկը
Պէտք ունիս.
Ալիւմինյոմէ կլորակ խորունկ ամանի մը, մկրատի մը, խաւաքարտի, մատիտի, ճերմակ խէժի եւ խէժի վրձինի, ակրաֆի գործիքի, թերթերու, ջրաներկի (աքրիլիք) եւ վրձինի ժապաւէնի:
Պատրաստութիւն.

1.- Չափահասէ մը խնդրէ, որ քեզի օգնէ ալիւմինիոմ պնակին վրայ ճշդելու եւ կտրելու աչքերուն եւ բերանին տեղերը:
2.- Խաւաքարտի կտորի մը վրայ գծէ եւ կտրէ թյէնիկին կոթը, բերանը եւ կափարիչը: Անոնց չափերէն վստահ ըլլալու համար, սկիզբը գծէ ամանին շրջագիծը, ապա աւելցուր տարբեր մասերը:
3.- Թէյնիկին կոթը, բերանը եւ կափարիչը փակցուր, ապա ակրաֆներով ամրացուր: Երբ չորնան, ամբողջ թէյնիկին վրայ ճերմակ խէժով թերթի պատրտուած կտորներ փակցուր: Զայն ամբողջովին ծածկէ: Կրնաս թերթերու երկրորդ խաւ մըն ալ փակցնել: Ձգէ, որ չորնայ:

4.- Թէյնիկդ կարմիր ներկէ եւ ձգէ, որ չորնայ: Երբ չորնայ վրան պզտիկ ճերմակ կէտեր ըրէ փոքր վրձինով մը:
5.- Դիմակը գլխուդ վրայ անցընելու համար, իւրաքանչիւր կողմի վրայ, իրարմէ մօտաւորապէս 3 սմ հեռաւորութեամբ, երկու ծակեր բաց: Մէկ կողմի ծակերէն ժապաւէն մը անցուր եւ հանգոյց մը ըրէ. դիմակը դէմքիդ վրայ դիր (հայելիի մը առջեւ կենալով), միւս կողմի ծակերէն անցուր ժապաւէն եւ ամրացուր զայն:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ գոյութիւն ունեցող 12 անբնական մանրամասնութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ինը տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել պատկերին համապատասխանող հայելի պատկերը:

Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ թիւերուն համապատասխանող տեղերը:

