Սուրիական Օրագրութիւն 43
ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Այս պատերազմին, հոգեբանական ու ոգեղէն ձեռքբերումներուն հետ, մեծ ու բազմազան եղան հայերուս կորուստները:
Կորուստ` անձնական ունեցուածքի, զոր կուտակելը ու ցուցադրելը կը մնայ մեր հիմնական տկարութիւններէն մէկը` փաստելու համար, թէ հակառակ յաւերժական գաղթողի մեր նկարագրին ու ճակատագրին` տակաւին քաղքենիութեան աստիճանին ենք ու կեանքի խոր իմաստին` անհասու:
Կորուստ` որբ ու գաղթական հայ տղոց աննկարագրելի զոհողութիւններով ձեւաւորուած մշակութային մեր կազմակերպուած կեանքին, զոր այսօր կը փորձենք գերագոյն ճիգերով պահպանել ու վերարծարծել:
Կորուստ` պատերազմի առաջին օրերէն մինչեւ օրս (մանաւանդ Լիբանանի սահմանը բացուելէ ի վեր) գաղութը լքող-հեռացող մեր բարեկամ- հարազատներուն, որ հայու անմարելի Կարօտի խարոյկը մշտաբորբոք կը պահէ. նոյն ատեն… կը հաստատէ, թէ մեր «երկրորդ հայրենիքին» (կը սիրենք տեղի- անտեղի գործածել) մեր կապը որքանո՜վ ամուր է… (առաջինին հանդէպ ինչպէ՜ս ենք, որ երկրորդին հանդէպ ինչպէս ըլլա՛նք):
Կորուստ, որ պատճառեց մահուան գերանդին` պատահարներու կամ բնական շա՜տ արագացուած մահերով հնձելով մեր փոքրի՜կ արտը.
Կորուստ` հոգիի, երբ դրամին գայթակղութիւնը լռեցուց նաեւ կարգ մը հայերու խիղճը ու արթնցուց անոնց մէջ դաւաճան Դաւոյին արիւնը….
Կորուստ` մեր ջիղերուն, որուն առաւել բացայայտ հետեւանքները դեռ յառաջիկային են…
Կորուստ` մեր ցուցադրական, «թշնամիին աչքը հանող» կենցաղին, որ գրեթէ հարիւր տարի կը փորձէր երկրէն բերուած աւանդութիւնները գէթ կարկտանի պէս պահպանել: Այնուհետեւ, երբ «ուշքի գանք», պիտի կարենա՞նք կարկտանը վերստին կարկտել, երբ ծուէն-ծուէն կը հեռանանք: Ահա մեծագոյն հարցականը` ի՞նչ պիտի մնայ հալէպահայ շէնշող գաղութէն. այսօրուան կարծիքները, իրենց լաւատեսութեամբ կամ յոռետեսութեամբ, խիստ հակասական են….
Կորուստներ… ու սակայն, անոնք, որոնք կամայ թէ ակամայ մնացին այս դժնդակ օրերուն մէջ, անոնք շահեցան այլ բան մը` ճանչցան իրենց մէջ մարդը, խորհեցան կեանքի իսկակա՛ն արժէքի մասին:
| Արդ` ակամայ մենք ստիպուած, Յանուն պատուի, | |
| արդարութեան, | |
| Յանուն թափուած անմեղ արեան, Յանուն ազատ | |
| մեր աշխարհքի, | |
| Յանուն Աստծու ու իր փառքի -Բարձրացնում ենք | |
| մեր ձայնն ահա | |
| Եւ մեր սուրը նրա վրայ: | |
|
Յ. Թումանեան |
|
Կը տեսնէ՞ք` ինչպիսի՜ «վսեմ» նպատակի անունով մարդը սուր կը բարձրացնէ իր եղբօր վրայ: Ինչե՜ր յօրիներ է մարդկային միտքը` արդարացնելու իր ագահութիւնը, չարութիւնը, փառամոլութիւնն ու ունայնամտութիւնը: Ահա ծանօթ ու անբեկանելի՛ գաղափար մը եւս` «Մեծ գործերը մեծ զոհեր կը պահանջեն»: Ո՞ր հանճարեղ գլուխը յղացաւ այս միտքը. թերեւս ալ ան իրա՛ւ բարձր նպատակներ նկատի ունէր, սակայն որքա՜ն եւ ի՜նչ կերպերով խեղաթիւրուեցաւ ու շահարկուեցաւ ան` հմայելու ռոմանթիկները ու ծածկելու իրենց … աղտը:
Էտիսըն, Նիւթըն, Այնշթայն, Քիւրի ու մարդկութեան յառաջընթացի սիրոյն տքնող այլ մեծամեծ գիտնականներ յանուն Լոյսի զիրենք կը զոհէին, որպէսզի յետոյ ագահութեան մարմաջով տառապողներ իրենց գիւտերը ծառայեցնէին մարդկութեան ոչնչացումին` «յանուն մեծ գործերու»:
Որո՞նք են, ի վերջոյ, այդ մեծ գործերը` տիեզե՞րքը նուաճել. ինչո՞ւ. հո՛ն ալ սահմաններ գծելու, աւերածութիւններ ու կողոպուտներ ընելու, մահ սփռելու. հոս վերջնականօրէն ոչնչացնելէ ետք հո՞ն ապաստանելու. վկան` ամերիկեան «աստղային պատերազմներ» ժապաւէնները` բիրտ երազանք` իրագործում սպասող…
Եթէ բոլոր պատերազմներու զոհերու եռանդը ու բոլոր նիւթական միջոցները տրամադրուէին երկրագունդը զարգացնելու, այսօր մարդը դրախտի երազանք չէր ունենար (ներեցէ՛ք միամիտ ու կրկնուած երազանքիս համար): Բայց չէ՞ որ նաեւ դժոխք պէտք է… ու ոտքի կ՛ելլէ ճղճիմ, գոռոզ, ախտաւոր Ես-ը ու կա՛յ անոր գործերը «մեծ» հռչակող, փառաբանող մեր ստրկամիտ խեղճութիւնը:
Ես ոչ մէկէն կը խնդրեմ խուժել` զարգացնելու իմ երկիրս, փոխելու իմ բարքերս, ուղղութիւն տալու իմ մտքիս ու ճաշակիս. ձգեցէ՛ք, որ իմ ուզածով յարդարեմ իմ տունս, իսկ դուք ձեր ախոռները մաքրեցէ՛ք, այդպէս միայն կը մարդանաք: Այլապէս բոլոր Ալեքսանդրները, Լենկ Թիմուրները, Աթիլլաները, Հիթլերներն ու այսօրուան մտագարները ընդամէնը եսամոլ, փառամոլ, բարդոյթներէ տառապող մարդակերներ են, նոյնիսկ եթէ իրենց օրերուն այլոք արժէքներ կը ստեղծեն:
«Պէտք չէ՛ փրկածնիդ, կը բաւէ՛ կորսնցուցածնիդ»1:
Ու այսօր հնամենի քաղաքակրթութեան օրրան Սուրիան է հերթական ասպարէզը, ուր կ՛իրագործուին «մեծ » գործերը` արեան ու արցունքի լիճերու մէջ:
****
Հատուած զրոյցէ մը.
«Լսեցինք, որ եղբօրս կինը անհանգիստ եղեր է: Զանգեցի եղբօրս, քանի մը խորհուրդ տուի. բժիշկ ուրկէ՞ գտնեն այդ ժամուն: Վերջը սիրտս չհամբերեց, քրոջս ըսի` «Ելի՛ր, երթանք»: «Այս մութի՞ն», ըսաւ: «Ելի՛ր, ելի՛ր», ստիպեցի: Ժամը հինգ էր, մութ: Գացինք, պէտք եղածը ըրինք: Ստիպեցին, որ մնանք գիշերը, չմնացինք: Հիմա երկու քոյր կը քալենք մութին մէջէն. ամայութի՜ւն, շուն չկայ փողոցը. ու սկսաւ զարկը: Գիտես, որ հեռու է, բայց մութին մէջ կը կարծես գլխուդ պիտի իյնայ: Լապտերի լոյսը բացած` ինչպէս վազեվազ կը քալենք, այս ցաւող ոտքերովս… կոխած տեղերնիս չենք գիտեր… Ու յիշեցի` առաջ որքա՜ն ապահով էր այս քաղաքը, գիշերուան ո՛ր ժամուն ալ ըլլար, վախ չունէիր:
Ներկաներէն իրաքանչիւրը պատմեց անցեալի Հալէպի գիշերային իր դէպքը: Ի՜նչ ապահովութիւն էր…
Կը վերադառնա՞ն այդ օրերը…
****
Կը թուի, թէ այս մղձաւանջը աւարտին կը մօտենայ. գէթ լաւատեսներ այդ կը պնդեն: Նաեւ յուսալու հիմքեր կու տան անակնկալօրէն ու չպատճառաբանուած ձեւով իջնող ու ելլող գիները մթերքներու, շուկայի առաւել առատութիւնը, ելեկտրականութեան գոնէ տասը-տասնհինգ օր միակտուր չանջատուիլը, նոյնը` ջուրի համար, եւ նման «մանրուքներ», որոնց բացակայութիւնը մեր ջիղերը կը ջլատէ, իսկ առկայութիւնը յոյս է, թէ նժարը սկսած է դէպի մեզի հակիլ:
Յուսադրիչ է նաեւ զինուորներու առաւել մեծ թիւերով ներկայութիւնը փողոցներու մէջ: Բոլոր արգելապատնէշները ամրացուած, ստուգումի կէտերու վրայ հսկողութիւնը կրկնապատկուած է, իսկ բանակի հուժկու հարուածներէն գիշերները քունդ կը փախչի: Կարծես թէ անցաւ խոստումներու շրջանը ու եկաւ գործինը: Կործանիչ օդանաւերը առաւել յաճախ կը ձեւեն երկինքը, ու երբ երկրաշարժային հզօրութեան ահաւոր ցնցումէն սոսկումով արթնցած, հուսկ ապա կը մխիթարուինք` «Օդանաւը զարկաւ», «Բանակը հրթիռ նետեց», փառք կու տանք, որ ողջ մնացինք դարձեալ: Մինչ օդանաւերու վար թափած « ծաղիկներէն» փողոցները մնացած տնանկներու մեծ հոսքերը, քանի մը սպունգ, լաթեր, բազմաթիւ սեւաւոր կիներ ու անհամար մանուկներ բարձած` մեր թաղերուն մէջ ապաստարան կը փնտռեն:
Անոնցմէ շատերու համար քրիստոնեայ մեր թաղերը Փարիզի բոյր կու տան (նոյնիսկ այս խղճալի վիճակով), մեր հագուածքը, նիստուկացը, վարք ու բարքը ու մանաւանդ մեր աղջիկներն ու կիները` տարաշխարհիկ, զորս վերափոխել հարկ է…
Այս մարդիկ երկրին տէրերն են, այո՛, սակայն մեծ մասամբ իրենք էին, որ գրկաբաց ընդունեցին «ազատարարները», մինչ անոնց բերած «բարիք-պտուղները» կը քաղենք բոլորս: Ու հիմա, երբ կը տեսնես ոտքէ գլուխ սեւերու մէջ ու սեւ քողին վրայէն սեւ ակնոցով ալ այրական հայեացքներէ «պատսպարուած» կիներ, կը խորհիս` ինչպիսի՞ ազատութիւն կ՛երեւակայեն ստանալ անոնք ու մանաւանդ` անոնց ազատասէր ամուսինները…
1. Դ. Վարուժան

