Վախնալով` Կը Քաջալերենք

ԶԱՒԱՐԵԱՆԱԿԱՆ

addiction-withdrawal«Ո՛չ, թմրամոլ է… կը վախնամ», «Առաջ հաշիշ կ’առնէր ան, հիմա կեցուցած է, բայց նորէն ալ…չեմ ուզեր հետը յարաբերիլ»: Նման խօսքեր յաճախ կը լսենք մեր առօրեայ կեանքին մէջ: Թմրամոլները խմբած եւ նետած ենք պատնէշէ մը անդին, կարծես անոնք մարդ չեն կամ անպայման վնաս կը հասցնեն մարդոց: Նոյնիսկ թմրամոլի մը բուժումէն ետք կը շարունակենք վերապահ մնալ անոր հետ յարաբերելէ: Ինչո՞ւ: Կարծես բոլորս հոգեբաններ եւընկերային ծառայողներ ըլլանք, որոշած ենք, որ երբ անհատ մը անգամ մը թմրեցուցիչ առնէ, այլեւս ամբողջ կեանքին կը մնայ «տարբեր»:

Այս տողերուն նպատակը թմրամոլները պաշտպանել եւ անոնց սովորութիւնները քաջալերել չէ: Կ՛ընդունինք, որ թմրամոլութիւնը յոռի երեւոյթ է, կը յանգի անհատին եւ ընկերութեան համար վատ հետեւանքներու, մէկ խօսքով` դատապարտելի արարք է: Սակայն որքանո՞վ կարելի է մեղքը փաթթել թմրեցուցիչ գործածող երիտասարդներուն վզին, որոնք ով գիտէ ընկերային եւ հոգեբանական ի՛նչ ծանր պայմաններու հետեւանքով, յաճախ խաբուելով կ՛իյնան այդ նիւթին կախարդանքին տակ: Միթէ ակամայ կերպով ապառողջ շրջանակի մէջ ապրող պատանի՞ն է յանցաւորը. ինչո՞ւ միշտ նայուածքները կ՛ուղղենք դէպի թմրամոլները եւ լուռ կ՛անցնինք թմրեցուցիչի վաճառականներուն քովէն, կամ կառավարութեան պատասխանատուութիւնը մատնանշելէ` գիտնալով, որ ոչ մէկ ճիգ կը թափէ վերացնելու երիտասարդներուն սպառնացող այս վտանգը, ընդհակառակը` կը սնանի այս առեւտուրէն բխած աղբիւրներով:

Եթէ օգտագործելու ըլլանք ընկերաբանութեան բառամթերքը, կրնանք ըսել, որ թմրամոլները մեր գաղութին մէջ կը նկատուին շեղած (deviant): Ըստ ամէնէն պարզ եւ ընդհանրացած սահմանումին,  շեղած կը նկատուի այն անձը, որ չի հետեւիր ընկերութեան արժէքներուն, անգիր օրէնքներուն, ակնկալութիւններուն, ինչ որ յաճախ անհանգստութիւն կը պատճառէ շրջապատին: Շատ դժուար է որոշել, թէ ո՛ր արարքը իրապէս շեղում է ընկերային կարգերէ, որը` ոչ: Ընդհանրացած երեւոյթ է անձեր շեղած նկատել պարզապէս որովհետեւ անոնք ենթակայական պայմաններու բերումով ստացած են այդ պիտակը: Ինչո՞ւ կարգ մը երկիրներու մէջ թմրամոլութիւնը բնական, ընկերութեան կողմէ ընդունուած երեւոյթ մըն է, իսկ ուրիշներու մէջ` դատապարտուած, շեղում նկատուած: Ճիշդ որովհետեւ արարքներու որպէս շեղում դասուելու պայմանները միշտ փոփոխութեան մէջ են: Ամէնէն մակերերսային օրինակը առնելով կրնանք ըսել, թէ տարօրինակ յամարուող հագուածք մը մէկ տարուան մէջ յանկարծ կը վերածուի նորաձեւութեան, որովհետեւ տուեալ աստղ երգչուհի մը երգահանդէսի մը ընթացքին կ՛որդեգրէ այդ հագուածքը: Ի՞նչն է այս փոփոխութեան պատճառը, եթէ ոչ ենթակայական տուեալ մը:

drug-addictionԸսել կ՛ուզենք, որ թմրամոլներն ալ որպէս շեղած անձեր դասելը կախեալ է բազմաթիւ ենթակայական տուեալներէ և թերեւս ժամանակին այդպիսին դասուած թմրամոլներու խումբը այժմ արժանի չէ այդ պիտակին: Այժմ պարզուած է, որ թմրամոլներուն մեծամասնութիւնը ընկերական ճնշումի եւ հոգեբանական տագնապներու հետեւանքով է որ կը փորձեն թմրեցուցիչներ, և կամ անտեղեակ կամ ապատեղեկացած կ՛ըլլան արարքին վատ հետեւանքներէն: Հետեւաբար, կարելի չէ ըսել, թէ ամբողջական գիտակցութեամբ է, որ անոնք կը դառնան թմրամոլներ: Ուստի, կարելի է հարցականի տակ դնել անոնց շեղած ըլլալը: Նշենք, որ անձ մը շեղած անուանուելուն կ՛ընկերակցի ընկերութեան կողմէ անոր մերժուած ըլլալը:  Այսինքն ըսել կ՛ուզենք, որ նոյնիսկ եթէ տակաւին թմրամոլութիւնը կարելի է նկատել ընկերային արժէքներ խախտող արարք, բայց վստահօրէն այլեւս կարելի չէ վանել թմրամոլները եւ զանոնք նետել ընկերութեան լուսանցքին մէջ:

Երիտասարդ մը կը դիմէ թմրամոլութեան, երբ գտնուի ընկերային վատ միջավայրի մէջ, ան կ՛ուզէ փախուստ տալ իր շրջապատէն եւ կը կարծէ, թէ կրնայ խաղաղութիւն գտնել թմրեցուցիչի երազային աշխարհին մէջ: Թմրամոլ մը արդէն կ՛ունենայ բազմաթիւ հոգեբանական և ընկերային հարցեր, որոնց վրայ ընկերութիւնը կու գայ աւելցնելու հատ մըն ալ` մերժուած ըլլալու հարցը: Նոյնիսկ թմրամոլութենէ բուժուողները կը դիտենք օտարի աչքով, կարծես տարբեր մոլորակէ ժամանած անձեր ըլլան: Բայց չէ՞ որ բուժուեցաւ, չէ՞ որ ինքն իր կամքով բուժուեցաւ, քանի որ չէր իսկ կրնար բուժուիլ եթէ չկամենար: Զայն վանելով մեր շրջապատէն, ոչ միայն վանած կ՛ըլլանք մեզի պէս սովորական անձ մը, այլ նաեւ` թէեւ սկիզբը խաբուած, բայց ի վերջոյ կամքի տէր դարձած երիտասարդ մը:

Եւ այսպէս, այնքան ատեն որ կը շարունակենք մեր այս վանողական կեցուածքը պիտի շարունակենք ակամայ քաջալերել թմրամոլութիւնը: Անզգալաբար մեր այս կեցուածքը պիտի վերածուի ընկերային անգիր օրէնքի, արժէքի, պիտի մտնէ մեր կենցաղին մէջ. եւ մենք անգիտակցաբար պիտի սկսինք բնական նկատել թմրամոլի մը մեր շրջանակէն հեռու պահելը: Բուժուած երիտասարդը տեսնելով որ տեղ չունի այս ընկերութեան մէջ դարձեալ պիտի դիմէ իր երազային աշխարհի «բարեկամ»-ին` թմրեցուցիչին եւ այդ շրջապատի ընկերներուն: Ինչո՞ւ. որովհետեւ չունի ուրիշ ընկերներ, որովհտեւ իր իսկական ընկերները զայն արհամարհեցին, որովհետեւ չփորձեցինք փոխել ընկերութեան վանողական յոռի երեւոյթը: Այո՛, յոռի սովորութենէ ծնող թմրամոլները մերժելն ալ յոռի երեւոյթ է, ոչ միայն թմրամոլութիւնը:

Scan0001-(3)

 

 

Share this Article
CATEGORIES