Հայ Եկեղեցւոյ Լուսապսակ Սուրբեր. Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետ Լուսաւորիչ Միտքերու
ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ
Հայոց Դպրոցներ Հայաստանի
Պարսկական Բաժնին Մէջ
Յաջորդ կարեւորագոյն աշխատանքը Հայաստանի տարածքին հայկական դպրոցներ բանալու, կրթական հաստատութիւններ հիմնելու հրամայականն էր: Այստեղ եւս կը տեսնենք համագործակցութիւն, ծրագրաւորում եւ ուսումնական աշխատանքի բաժանում Հայոց հայրապետին եւ գիւտարար վարդապետին միջեւ: Մինչ Հայաստանի մայրաքաղաք` Վաղարշապատի մէջ արքունիքի աւագանիի, ազնուական դասակարգի ընտանիքներու ու պարզ ժողովուրդի զաւակներուն հայոց լեզուի ուսուցումը կը ստանձնէ Սահակ կաթողիկոս, Մաշտոց, իրեն հետ առած իր աշակերտները, կը շրջագայի քանի մը անգամ Պարսկահայաստանի բոլոր գաւառները` դպրոցներ հիմնելու, ուշիմ աշակերտներ հաւաքելով, հայերէն դասընթացքներ հաստատելու գործով: Ամէն տեղ կը գտնէ սիրալիր ընդառաջում եւ յաջողութիւն: Այդ բոլոր ուղեւորութեանց, թափուած ճիգերու մանրամասն նկարագրութիւնը կը գտնենք Կորիւնի «Վարք Մաշտոց»-ի մատեանին մէջ:
Այս գրութեան սկիզբը մենք նշեցինք, որ Սահակ ունէր իրեն հետ վաթսուն հոգիներէ բաղկացած աղօթակից աշակերտներու խումբ մը. նոյնպէս Մաշտոց իր վանական կեանքի ճգնողական տարիներէն սկսեալ կը պահէր իր հովանաւորութեան տակ խումբ մը աշակերտներ: Կ՛աղօթէր անոնց հետ, կ՛ուսուցանէր եւ կը դաստիարակէր զանոնք, յաճախ կը ճամբորդէր անոնց հետ: Անոնցմէ լաւագոյնները արդէն դարձած էին իր գործակիցները Ասորիքի քաղաքներուն մէջ, երբ գիրերու գիւտէն ետք կատարուեցան Աստուածաշունչի թարգմանութեան առաջին փորձերը:
Ուրեմն Սահակ եւ Մեսրոպ մինակ չէին այս համազգային ծաւալուն աշխատանքներուն մէջ, այլ վերոյիշեալ վերծանողներու եւ թարգմանիչներու հոգեւոր բանակը գործի էր լծուած ամէնուրեք: Մէկ կողմէ իրենք կը սորվէին, միւս կողմէ` կը սորվեցնէին: Աստուածաշունչի թարգմանութեան զուգահեռ կը կատարուէր դպրոցներու, վանական նոր կեդրոններու հիմնադրութեան նուիրական աշխատանքը: Նորագիւտ տառերով հայերէն գրաւոր լեզուն սորվեցնելու, անոր գործածութիւնը տարածելու եւ հիմնաւորելու աշխատանքը տենդագին թափով յառաջ կը տարուէր եկեղեցւոյ հովանիին տակ` վայելելով Վռամշապուհ արքայի, նախարարական տուներու եւ տեղական իշխաններու նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը:
Հետաքրքրական է, որ Սահակ եւ Մեսրոպ միայն հոգեւորականներու կամ ազնուական դասակարգի ընտանիքներու զաւակներու դաստիարակութեամբ չէ, որ կը զբաղէին, այլ նաեւ` խոնարհ ու համեստ դասակարգի ընտանիքներու ուշիմ զաւակներու ուսումով: Վերջապէս, բացուած էին Հայաստանի հողին վրայ Գրիգոր Լուսաւորչի «Հաւատքի լուսոյ խորաններու» կողքին Սուրբ Մեսրոպի եւ Սահակ հայրապետի «Միտքի Լուսաւորութեան նոր տաճարները»` հայաշունչ եւ հայատրոփ ուսումնարանները, եթէ կարելի է ըսել, ազգային վարժարանները: Ուստի, ուսումնատենչ հայ պատանիներ ու երիտասարդներ, որոնք օտար երկինքներու տակ` տարիներով իրենց կեանքը մաշեցնելէ ետք ոչ մէկ օգուտ կը քաղէին ասորական մշակոյթէն, հիմա մեծ սիրով եւ խանդավառութեամբ, խուռներամ կը դիմէին այս նորաբաց դպրոցները, ուր կը հնչէր հայոց լեզուն Մեսրոպեան նորագիւտ հայերէն տառերով:
Խորենացի գեղեցիկ վկայութիւն մը ունի Մաշտոցի ուսուցման եղանակի մասին: «Ան կը սորվեցնէր ոչ որպէս արուեստ, այլ կարծես աշակերտներուն ոգի կը ներշնչէր իբրեւ առաքեալ» (հատուած Գ. Գլ. Կ.): Ի՜նչ սքանչելի բնութագրում: Այն ինչ պէտք էր ըսել բազմաթիւ նախադասութիւններով, համակ նուիրում ու ոգի դարձած, առինքնող ու ներշնչող ոսուցիչի մը, առաքելատիպ անձնաւորութեան մը, հայրենասէր մեծ հայու մը մասին, Խորենացի քանի մը բառերով` մէկ նախադասութեամբ յաւերժօրէն քանդակած է Մաշտոցի տիպարը դարերուն դիմաց:
Կորիւն վարդապետ իր գրքի ներածականի առաջին տողերուն մէջ կ՛ըսէ, երբ կը մտածէի «Ազգանազեան ազգի եւ Հայաստան աշխարհի աստուածապարգեւ գրերու մասին առանձին մատեանի մը մէջ գրուած յիշատակներ ծաղկեցնել եւ այդ մասին իրողութիւններ յիշելու մտահոգութեան մէջ էի, յանկարծ եկաւ, հասաւ կաթողիկոսական փոխանորդ Յովսէփի հրամանը` գրելու այդ մասին: Այնուհետեւ կ՛աւելցնէ. «Նոյնպէս մեր ուսման աշակերտակիցներէն շատեր քաջալերեցին զիս ձեռնարկելու այդ աշխատանքին»:
Այս ծաւալով համեստ, սակայն բովանդակութեամբ մեր մշակոյթի պատմութեան համար շատ կարեւոր մատեանը եղած է առաջին հայով գրուած ոչ թարգմանական, այլ ինքնուրոյն ստեղծագործական գիրքը, որ շարադրուած է ժամանակի ոգիով, քերթողական ոճով եւ ջերմ հայրենասիրութեամբ: Այդ պատճառով ալ մեր ժողովուրդը անոր հեղինակին ընծայած է Կորիւն Սքանչելի տիտղոսը, ինչպէս Մ. Խորենացիին` Պատմահայր Հայոց պատուանունը:
Կորիւն Սքանչելի, որ ականատես եւ մասնակից եղած է իր նկարագրած անցքերուն, իր ասութեամբ նաեւ արժանահաւատ տեղեկութիւններ քաղած է ժամանակակից բազմաթիւ անձերէ, հետեւեալ պերճախօս վկայութիւնը կու տայ Հայաստան աշխարհի մէջ կատարուած միտքերու լուսաւորութեան, քրիստոնէական հաւատքի հուրի արծարծման հրաշալի իրողութեան մասին:
«Այն ժամանակ անպայման սքանչելի դարձաւ մեր երանելի ու ցանկալի Հայաստան աշխարհը, ուր երկու հաւասարակիցներու [Սահակի եւ Մեսրոպի] ձեռքով յանկարծ, մէկ անգամէն եկան հասան, հայաբարբառ հայրենախօս դարձան օրէնուսոյց Մովսէսը` մարգարէական դասի հետ, եւ յառաջադէմ Պօղոսը` բոլոր առաքելական գունդով, Քրիստոսի աշխարհակեցոյց աւետարանի հետ միասին»*:
Այլ խօսքով, Աստուած` Աստուածաշունչի Հին ու Նոր կտակարաններու գիրքերու միջոցով հայերէն խօսեցաւ հայ ժողովուրդին հետ եւ այն ժամանակ քրիստոնէութեան էութիւնը հայկական դպրութեան միջոցով թափանցեց հայ հաւատացեալի հոգիին մէջ:
Այս հանգրուանին անհրաժեշտ կը համարենք կատարել հետեւեալ հաստատումը: Ամէն կասկածէ վեր է, որ Աստուածաշունչի առաջին` արագ թարգմանութիւնը կատարուեցաւ ասորերէնէ: Պատճառն ալ այն էր, որ պարսիկներ Բիւզանդիոնի մշակութային եւ քաղաքական ազդեցութեան դէմ պայքարելու համար արգիլած էին ամէն տեսակ յունարէն գիրքերու գործածութիւնը Պարսկահայաստանի մէջ: 431-ին, Եփեսոսի ժողովէն ետք, երբ Բիւզանդիոն գտնուող աշակերտները իրենց հետ Հայաստան բերին մայրաքաղաքի պատրիարք Մաքսիմիանոսի կողմէ Սահակ կաթողիկոսին ուղարկած Եփեսոսի կանոններուն հետ նաեւ յունարէն Աստուածաշունչի լաւագոյն օրինակ մը, Ս. Սահակ Եզնիկ վարդապետ Կողբացիի հետ կրկին անգամ կատարեց հիմնական սրբագրութեան աշխատանք` գոյութիւն ունեցող օրինակը բաղդատելով յունարէն բնագրին հետ:
Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան նուիրուած ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ վերանայութեան եւ սրբագրութեան աշխատանքը շարունակուած է յաջորդող տասնամեակներու եւ յատկապէս` 6-րդ եւ 7-րդ դարերու ընթացքին: Ուստի, մեր այսօրուան ունեցած գրաբար Աստուածաշունչի բնագիրը երկար ճանապարհ կտրած է. ան աստիճանաբար յղկուած, աւելի յստականալով դարձած է հաւատարիմ յունարէն բնագրին: Նաեւ գրաբար լեզուն դարերու ընթացքին իր քերականութեամբ եւ շարահիւսութեամբ եւ բառամթերքով աւելի կատարելագործուած է, մինչեւ արժանացած է Սուրբ Գրոց մասնագէտներու կողմէ Թագուհի թարգմանութեանց պատիւին:
Ի մտի ունենալով, որ այս գրութեան նպատակը Սահակ կաթողիկոսի անձին ու գործին վերաբերեալ տեղեկութիւնները լուսարձակի տակ առնել է, յարմար տեսանք Կորիւնի կողմէ յիշատակուած հետեւեալ հետաքրքրական տեղեկութիւնը մէջբերել այստեղ:
«Երանելի Սահակը ուսման վարժութեամբ աւելի շատ կը զբաղէր Մամիկոնեան [տոհմի] մարդերով, որոնց առաջինի անունն էր Վարդան, որ Վարդկան կը կոչուէր»*: Յատկանշելի է, որ սա նոյն Վարդան Մամիկոնեանն է, Սահակ կաթողիկոսի աղջկան կողմէ թոռը, որ հետագային դարձաւ Վարդանանց պատերազմի զօրավար, քաջ նահատակ, ազգային հերոսը: Անհրաժեշտ է նաեւ նշել, որ Կորիւնի այս վկայութիւնը կատարուած է Վարդանանց պատերազմէն շատ առաջ:
Ուրեմն Սահակ կաթողիկոս` որպէս հովուապետ, իր հօտի զաւակներուն հայերէն նոր տառերու ուսուցման եւ քրիստոնէական վարդապետութեան քարոզութեան ամբողջութեամբ նուիրած ըլլալով հանդերձ, յատուկ հոգ կը տանէր Մամիկոնեան տոհմի ականաւոր անձնաւորութեանց դաստիարակութեան. անոնց մէջ էր բնականաբար իր թոռը` Վարդան Մամիկոնեան, որ քրիստոնէական հաւատքի եւ հայրենիքի ազատութեան պաշտպանութեան սիրոյն, իմացեալ մահով անմահութիւնը ժառանգելու կտակը փոխանցեց գալիք սերունդներուն:
Նաեւ պէտք չէ մոռնալ, որ Յազկերտի բանակներուն դէմ դուրս եկած քաջամարտիկներու` Աւարայրամարտի սրբազան պատերազմի եկեղեցական եւ աշխարհական ղեկավարներուն մեծամասնութիւնը Սահակ հայրապետի եւ Մեսրոպ վարդապետի դաստիարակած աշակերտներն էին, սկսեալ կաթողիկոսական տեղապահ Յովսէփէն, մինչեւ Ղեւոնդ Երէց, Մամիկոնեան տոհմէն մինչեւ միւս նախարարական տուներու սուրբ վկաները:
Խօսելով Սահակ կաթողիկոսին մասին` կ՛ուզենք այստեղ յիշել մէկ այլ տեղեկութիւն:
Տասնամեակներ առաջ, երբ կ՛ուսումնասիրէինք Վրաց գրականութեան հինգերորդէն մինչեւ տասներորդ դարերու միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական աղբիւրները, այնտեղ գտանք սահմանափակ թիւով գրութիւններ, որոնք մեծաւ մասամբ նուիրուած էին վրաց եկեղեցւոյ սուրբերու կենսագրութեան: Անոնց շարքին էր Վարդան Մամիկոնեանի աղջկան` Ս. Շուշանիկի վկայաբանութիւնը, որուն հայերէն տարբերակը կարելի է տեսնել «Սոփերք հայկականք»-ի մէջ: Այնտեղ կը կարդանք, որ Ս. Շուշանիկ բանտին մէջ ունէր սուրբ գիրքեր, որոնց ընթերցումով կը մխիթարուէր եւ կը զօրանար իր հաւատքին մէջ:
Յատկանշելի է, որ այդ գիրքերուն մէջ կար փոքրիկ աւետարան մը, որ կը պատկանէր Ս. Սահակ հայրապետին. «Ունէր աւետարան մի փոքրիկ, որ նախնոյն իւրոյ էր Սրբոյն Սահակայ, ընդ իւր ունէր եւ նովաւ ի ծածուկ զԱստուած աղաչէր» (էջ 27):
Ս. Սահակի անուան յիշատակութիւնը այստեղ պատահականութեան արդիւնք չէ: Ուստի կարելի է ենթադրել` կա՛մ ժամանակին Ս. Սահակ հայրապետ նուէր տուած էր իր թոռան զաւակին եւ կա՛մ ալ Ս. Շուշանիկ ժառանգած էր այդ աւետարանը իր հօր` Վարդան Մամիկոնեանի միջոցով*:
(Շար. 6)
* Կորիւն, անդ, Գլ. ԺԱ:
* Կորիւն, Գլ. ԺԲ:
* Շուշանիկի մասին տեսնել G. Babian, The Relations Between, pp. 64-65: Վրացերէն բնագրի անգլերէն թարգմանութեան համար, D.M. Lang, Lives and Legends of the Georgian Saints (London, 1956), pp. 44-56. Հայերէն բնագրի համար, Սոփերք Հայկականք, Թ. (Վենետիկ, 1853), էջ 11-61:

