Յարութ Քէօյլեանի Յիշատակին

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

harout-KeuylianՄահուան քառասունքին առիթով կը գրեմ այս  քանի մը տողերը թաղեցի Յարութին անժամանակ մեկնումին համար, բայց, նոյն ատեն կը կարծեմ, որ քիչ ետք զինք պիտի տեսնեմ փողոցի անկիւնադարձին, յետմիջօրէի մէկ ժամուն, քանի մը երիտասարդներու հետ խօսակցելով.

– Բարեւ, Յարո՛ւթ…

Ան կը պատասխանէ նախ` ժպիտով: Բառէն, ձայնէն առաջ իր ժպիտը, որ լաւատեսութիւն կը ներշնչէ:

Բարեւէն ետք անխուսափելի` «ի՞նչ կայ, չկայ»ն…

– Ի՞նչ պիտի ըլլայ, օր մը լաւ կ՛ըլլայ…

Յարութիւն Քէօյլեան ծնած էր Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ թաղը, մարաշցի ծնողքէ: Բարեպաշտ ընտանիք մը, որուն հաւատամքը հայ եկեղեցին էր, հայ դպրոցը եւ պարկեշտ հայ ըլլալը:

Երիտասարդութեան սեմէն հազիւ նոր ոտք կոխած` Յարութ կը յայտնուի լիբանանեան «Թելէ Լիպան» պատկերասփիւռի կայանին մէջ` իբրեւ լուսանկարիչ: Պատանի տարիներէն իր սիրած արուեստն էր ատիկա, որ զարգացուց, մտաւ իր երազած շրջանակին մէջ, ուր ընդունուեցաւ սիրով, որովհետեւ վարակիչ էին իր ժպիտը, խոնարհութիւնը եւ ծառայասիրութիւնը:

Դիւրին չէր նման պաշտօնական շրջանակի մը մէջ լեզու գտնելը, ուր կար լաւ արաբերէն խօսելու հարցը, լուռ, անտրտունջ, անբացակայ մնալ երկար տարիներ, մինչեւ իր ժամանակին հասուննալը:

«Թելէ Լիպան»-էն Լիբանանի նախագահական պալատ «մէկ քայլ» էր… Յարութ ներկայ էր պալատին մէջ տեղի ունեցող բոլոր շարժումները անմահացնելու իր լուսանկարչական սարքով: Նախագահներ` զօր. Ֆուատ Շեհապ, Շարլ Հելու, Սլէյման Ֆրանժիէ, Էլիաս Սարգիս, Ամին Ժեմայէլ, Էլիաս Հըրաուի, Էմիլ Լահուտ եւ մինչեւ նախագահ Միշել Սիւլէյմանի հետ գործակցութիւն` ամենայն հաւատարմութեամբ: Ան ընկերակցած էր յիշեալ նախագահներուն ճամբորդութիւններուն, զանազան առաքելութիւններուն` Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկաներ եւ Ծայրագոյն Արեւելք: Բազմատեսակ յիշատակներ ունէր Յարութ այս փորձառութիւններէն: Վստահ ենք, որ իր լուսանկարչական ալպոմները եւ տեսաերիզները (վիտէօ) եւ նորագոյն ձեւաւորումներով պատրաստուածները պահած է ան իբրեւ արխիւ: Լիբանանի ժամանակակից պատմութեան վկայութիւններ են անկասկած:

Իր անուան չէինք կապած ոչ մէկ «նախդիր», ո՛չ պարոն, ո՛չ ընկեր, ո՛չ եղբայր, ո՛չ ըսթեզ եւ այլն, այլ պարզապէս` Յարութ…

Փողոցի անկիւնադարձին, զինք բարեւելէ ետք կը հարցնէի պալատին գործունէութեան, քիչ մըն ալ քաղաքական անցուդարձերուն մասին: Ան ոչինչ կ՛ըսէր, կը ժպտէր միայն ու յետոյ կ՛աւելցնէր.

– Ամէն ինչ լաւ է, լաւ կ՛ըլլայ…

Գաղտնապահ էր: Ոչ մէկ խօսք` իր տեսածին ու լսածին մասին: Կ՛ուրախանար, երբ հայկական պաշտօնական ներկայացուցիչներ նախագահին այցելէին, անոնց լուսանկարները կ՛առանձնացնէր եւ կը նուիրէր ենթականերուն:

Կուսակցական մը չէր եղած, բայց հետամուտ էր ազգային կեանքին, ներկայ կը գտնուէր հոն, ուր կարեւոր էր ներկայ ըլլալը: Յատուկ վերաբերում ունէր մեր աւանդութիւններուն հանդէպ, մասնաւորաբար իր ծնողաց ծննդավայրին, Կիլիկիոյ Մարաշ քաղաքին յիշատակը պահող Մարաշի հայրենակցական միութեան հանդէպ: Այս շեշտուած սէրը իրեն փոխանցած էր իր մայրը` Մարի Քէօյլեան (Հաճի Մարին), որ երկար տարիներ ատենապետուհին եղած էր յիշեալ միութեան Տիկնանց վարչութեան:

Յարութիւն Քէօյլեանի ներկայութիւնը Նոր Մարաշի մէջ անուղղակի ապահովութիւն էր իբրեւ աւանդապահ եւ ազգասէր հայ, ինչպէս նաեւ` պատկառելի հաստատութեան մը մէջ պաշտօնավարող հայ: Հոն կազմած էր լրագրողներու, լուսանկարիչներու բարեկամական շրջանակ: Արժանացած էր ամէնուն սիրոյն, յարգանքին. «Էհլէն, Յարո՛ւթ, հապիպ էլ շաապ»: Այս քանի մը արաբերէն բառերը կը բաւէին ջերմացնելու Յարութին սիրտը` իբրեւ հաւատաւոր լիբանանցի: Վստահութիւն շահած էր իր գործընկերներուն, օգնութեան կը փութար իրմէ ծառայութիւն մը խնդրողին:

Յարութ ամուսնացած էր իր հայրենակից Սօսի Մինասեանին հետ: Ունեցան երեք զաւակ եւ թոռներ: Սօսին կանուխ տարիքին անդամուհին եղած էր Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Աշխէն» մասնաճիւղին, յաճախ` ատենապետուհիի պաշտօնով: Սօսին երբ դժուարութեան մատնուէր իր միութենական գործունէութեան ընթացքին, մասնաւորաբար դաշտագնացութիւններու, ճաշկերոյթներու, հեռաւոր տարածքներու մէջ յարմար զբօսավայր կամ ճաշարան գտնելու, ամուսինը` Յարութ կը հասնէր օգնութեան, ինքնաբերաբար կ՛ըլլար ԼՕԽ-ի անդամ` մասնաճիւղին վարչական գործերը դիւրացնելով, երկար ժամեր Լիբանանի հարաւէն հիւսիս յարմարագոյն վայրը գտնելու համար:

Մեր թաղին մէջ երկար ատեն պիտի փնտռենք Յարութը: Անոր բացակայութիւնը իրաւամբ տխուր տրամադրութիւն պիտի ստեղծէ: Պիտի չմոռնանք բարի եւ նուիրեալ Յարութը: Թող իր յիշատակը անթառամ մնայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES