Համազգայինի Բարերարներէն` Յովհաննէս Մանուկեանի Քառասունքին Առիթով. Յովհաննէս Քեռիի Վառ Յիշատակին

ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Hovhannes-Manoogian-Alakyaz-Քառասուն օրեր առաջ ամերիկաբնակ Մանուկեան ընտանիքը ինչպէս Լիբանանի անոր հարազատները կորսնցուցին սիրելի  մը, յանձնառու ամուսին մը, հոգատար հայր մը, բարեսիրտ ազգական մը եւ բարեխնամ ազգային մը:

Յովհաննէս Մանուկեան կամ Յովհաննէս քեռին, ինչպէս վարժ էինք կոչել զինք, ծնած էր  1926-ին, Ալեքսանտրէթ (Իսկենտերուն), ուր իրենց ընտանիքը ծանօթ էր որպէս «Մանուկլար», իսկ հայրը Մանուկը` «Մանուկլարըն Մանուկու»:

Ինչպէս ամէն հայ ընտանիք` Մանուկեանները եւս զոհ գացած են 1915-ի Եղեռնի թրքական եաթաղանին, որմէ հրաշքով փրկուած է միայն  հայրը` Մանուկը, որ 1939-ին փոխադրուած է Լիբանան: Լիբանանի գաղթականական համեստ պայմաններու մէջ փոքրիկ Յովհաննէս հետեւած է նախակրթարանի ուսման: Թէեւ ան Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած շատ մը մանուկներու նման որբանոցի դառնութիւնը չէ «համտեսած», սակայն անոր մանկութիւնը այնքան ալ նախանձելի եղած չէ: Ապրուստի եւ նիւթական անցուկ պայմաններու մէջ նախնական ուսումը աւարտելով` Յովհաննէս Մանուկեան անձնական ճիգերով յաջողած է մուտք գործել Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարան, ծանօթ` Հայ Ճեմարան անունով, եւ  զայն աւարտած է 1948-ին: Ճեմարանի մէջ աշակերտած է 1918-ի Մայիսեան անկախութեան նուիրեալներէն`  Նիկոլ Աղբալեանին, Լեւոն Շանթին, Կարօ Սասունիին,  Գառնիկ Գիւզէլեանին, ինչպէս նաեւ` Մուշեղ Իշխանին, Եոլանտ Աճէմեանին, Հուրի Իփէկեանին եւ ուրիշներու:

Ապրուստի պայմանները զինք մղած են հրաժարելու բարձրագոյն ուսումէ եւ օգնելու հօրը` որպէս երկաթագործ: Քանի մը տարիներու աշխատանքէ ետք ան արդէն կը փայլի կառուցողական ասպարէզի մէջ ու կը դառնայ փնտռուած ու հմուտ «թօփոկրաֆ»:

Դժբախտաբար, 1975-ի լիբանանեան պատերազմի փոթորիկը զինք ալ կը մղէ արտագաղթելու դէպի Միացեալ Նահանգներ, ուր կը հաստատուի Լոս Անճելըսի մէջ:  Ուսումնատենչ Յովհաննէս կը կատարելագործէ իր փափաքը` շրջանի ամերիկեան «Վալի» եւ ապա` «Փիրս» քոլեճներուն մէջ` հետեւելով կառուցողական ամերիկեան «մեթոտ»-ներուն: Յաջողութեամբ աւարտելէ ետք իր ուսումը, ան «կը նետուի» կառուցողական եւ առուծախի ասպարէզ  եւ յամառ աշխատանքէ ետք կը յաջողի նիւթական բարեկեցիկ վիճակ ապահովել իր ընտանիքին: Ամերիկեան օտար ափերուն վրայ հայրենասիրական յանձնառու ոգիով կը դաստիարակէ իր չորս մանչերը, որոնցմէ երկրորդին, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ու մէկէ աւելի անգամներ քաղաքապետ ընտրուած` Րաֆֆի Մանուկեանի քաղաքապետութեան շրջանին ամերիկեան Կլենտէյլն ու հայրենի Կապանը դարձած են «քոյր» քաղաքներ: Յովհաննէս Մանուկեան բազմաթիւ սփիւռքահայերու նման, դիմակալեց  հայապահպանումի մարտահրաւէրը ու յաջողեցաւ յաղթահարել զայն` հայօրէն դաստիարակելով իր զաւակները, աշխուժ գործունէութեամբ մասնակցելով գաղութի ազգային հասարակական կեանքին: Եղած է Չորք Մարզպանի (Տէօրթ Եոլ ) հայրենակցական միութեան գործունեայ անդամներէն, խորապէս հաւատարիմ` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան առաքելութեան ու գաղափարական աւանդին: Եղած է հոգածու, բարեխնամ բարերար` լուսարձակէ հեռու, նիւթապէս օգնելով կարիքաւորներուն, յատկապէս` կրթանպաստի կարօտ աշակերտներուն, իր անձնական թէ միութենական միջոցներով: Եղած է ամերիկահայ գաղութի յարգելի անձնաւորութիւններէն եւ մեծարուած է մէկէ աւելի առիթներով, որոնց կարգին 2012-ին` Համազգայինի Կլենտէյլի մասնաճիւղին կողմէ:

Յովհաննէս Մանուկեանի կեանքի վերջին շրջանը կը յիշեցնէ Մայիսեան անկախութեան վերջին վարչապետ, Ճեմարանի նախկին տնօրէն` Սիմոն Վրացեանի «Կեանքի ուղիներով» յուշերը, ուր ան Հայաստանի անկախացումէն ետք կը շրջի ամերիկեան հայաբնակ նահանգ ները յորդորելով ու քաջալերելով շրջանի հայերը` վերադառնալու եւ իրենց  ձիրքերով  ու կարողութիւններով  ծաղկեցնելու նորանկախ հայրենիքը: 2004-ին, Մանուկեան ականջալուր Վրացեաններու եւ աւելի ուշ` Ճեմարանի մէջ  Աղբալեաններու եւ Շանթերու պատգամին` կը վերադառնայ հայրենիք, ուր կը գնէ հողաշերտ մը Էջմիածինի Արմաւիր աւանի Կրիպոյետով շրջանէն: Իր կեանքի վերջին տասնամեակին հայրենիքի մէջ իր կեցութեան ընթացքին ան իր գնած 109 հեկտար տարածութեամբ Կրիպոյետովի իր հողաշերտը կը կտակէ Համազգային հայ մշակութային ընկերակցութեան:

Հոկտեմբեր 2011-ին կ՛այցելէ Լիբանան, ուր իր երկամսեայ կեցութեան ընթացքին անհամբեր կը շրջի հայաբնակ վայրերը, սկսելով Ճեմարանի նորակառոյց Մ. Եւ Հ. Արսլանեան համալիրէն մինչեւ «Ազդակ» եւ այլ կեդրոններ: Հեռաւոր Ամերիկայէն իր հարազատներուն այցելող այս քեռին, բնաւորութեամբ հեզ ու համեստ, շուտով կը բարեկամանայ բոլորին հետ, կարծէք տարիներու դրացիներ կամ հարազատներ ըլլային: Պուրճ Համուտի մէջ ամէն քայլափոխ սիրելի թէ յուզումնալից յիշատակ մը կ՛արթնցնէր իր մէջ:

Ան նաեւ եղած էր «գրչի մարդ»: Ճեմարան աշակերտելու իր առաջին օրերէն իսկ,

ներշնչուելով հիմնադիր սերունդի ազգաշունչ մթնոլորտէն, կը սկսի գրել բանաստեղծութիւններ, որոնք երեք տարուան ընթացքին արդէն կը հասնին շուրջ երեսունի: Սակայն իր ակնկալածին պէս չգնահատուելով բանաստեղծուհի Հուրի Իփէկեանէն` կը փճացնէ անոնց մեծ մասը: Գրած է հայերէն ու ֆրանսերէն, ունի քերթողական չորս հատորներ, Ալագեազ գրչանունով:

Ճիշդ է, որ Յովհաննէս Մանուկեան յամառ ճիգերով յաջողած է իր կեանքին մէջ եւ կրցած է իր ընտանիքին ապահովել բարեկեցիկ կեանք, սակայն աւելի կարեւորը` ան իր զաւակներուն (որ կարելի է ուղղուած նկատել նաեւ համայն հայ երիտասարդութեան) կտակած է յատուկ պատգամ մը` «Լսիր Որդեակ» խորագրեալ իր բանաստեղծութեամբ.-

Եթէ օր մը յանկարծ մոռնաս քու օճախը, հօրդ  լեզուն,
Սրբութիւններն մեր վաղեմի  ու կապոյտը մեր երկնքի
Եթէ շեղիս մեր պապերուն  արիւնաներկ ճանապարհէն,
Քեզ կ՛անիծեմ վիհը ինկած, Արտաւազդէն ալ զօրաւոր:
Շինէ բոյնդ ծիծեռնակի, հիւրընկալող երկնքին տակ,
Հայկեաց  դուստր, Հայկեաց զարմեր, թող ճռուողեն տանդ շեմին,
Ու այն ատեն հանգիստ քունով, հրաժեշտ տամ այս աշխարհէն,
Վստահ որ դուն կաս իմ ետին, Գոյատեւող հայու ուղին:

ԱԼԱԳԵԱԶ
Սեպտեմբեր 1983

 

 

Share this Article
CATEGORIES