Մամ
ԱԼԻՍ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Քանի մը տողերով ձեզի պիտի ներկայացնեմ պատմութիւնը մեծ կնոջ մը, որ կը կոչուէր Կասիկ: Ան գեղեցիկ ու վայելուչ էր ֆիզիքապէս, բայց նաեւ անկեղծ, խթանող` առանց պարծենկոտութեան, չէր սիրեր գովաբանութիւն լսել իր կամ իր սիրելիներուն մասին:
Հօրենական ընտանիքին մասին քանի մը դրուագ կը պատմէր ու կը նշէր, թէ ինք կը կրէ հօրաքրոջ անունը, որ մահացած էր 1915-ի ջարդերու ընթացքին կրած չարչարանքներուն պատճառով:
Կասիկ անսահման զմայլանք ունէր հօրը` Արամին նկատմամբ, որ թէեւ դպրոցական գրասեղան բնաւ չէր վայելած, բայց եւ այնպէս իր հետեւողական ու երկարամեայ պայքարով ու ճիգով դարձած էր «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ:
Ան կը պաշտէր իր եղբայրը` Վարուժանը, որ իր կարգին կը համարուէր Լիբանանի մէջ կնոջական հիւանդութիւններու մասնագէտ լաւագոյն բժիշկներէն մէկը:
Մօրաքրոջ` Շաքէին եւ Քեռիին` Վազգէնին մասին երբ արտայայտուէր, կը լեցուէր հպարտութեամբ, սակայն միեւնոյն ժամանակ շատ կ՛ազդուէր անոնց յիշատակումով:
Եղիս մաման` իր մայրը, Կասիկին համար կը մարմնաւորէր անպարտելի կինը, որմէ ան ստացած էր բոլոր արժէքները` ճաշակը, աշխատանքի նկատմամբ յարգանքը, քաջութիւնը, պարկեշտութիւնը եւ ընտանիքը առաջնահերթութիւն համարելը:
Իր կեանքի առանցքը, սակայն, իր սէրն էր հանդէպ այն մարդուն, որուն հետ ապրեցաւ երջանկութեան եւ ուրախութեան 58 տարիներ:
Ցոլակ` իր ամուսինը, անզուգական մարդն էր. մեծահոգի, համեստ եւ աշխատասէր:
Կասիկ եւ Ցոլակ կը կազմէին իտէալական զոյգ մը, որ հակառակ այն դժուար օրերուն, որոնք շատ քիչ անգամներ խանգարեցին զոյգին սիրով լի կեանքը (Լիբանանի պատերազմը, Ցոլակի դեղարանի պայթումները, Ցոլակի կեանքը վտանգող մահափորձը, Կասիկի սրտի վիրահատութիւնը), անոնք մնացին անսասան ու շատ շա՛տ սերտ զոյգ:
Կասիկ դիմելով զաւակներուն կը կրկնէր լսողաց իւրայատուկ նախադասութիւն մը ու կ՛ըսէր, թէ` «ձեր ստանձնած իւրաքանչիւր աշխատանք կատարեցէք ամբողջ սրտով եւ ոչ թէ սոսկ պահանջի կամ հասարակ գործի մղումով»:
Դաշնակ կը նուագէր ամբողջ սրտով, արուեստի գործեր կը հիւսէր Ուրֆայի յատուկ ձեռագործներ աշխատելով ու կը պատրաստէր բացառիկ համադամ ճաշեր:
Ընտանեկան իր պարտականութիւններու կողքին, ան իր ժամանակը կը տրամադրէր ԼՕԽ-ի եւ յատկապէս Համազգայինի ազգանուէր գործունէութիւններուն:
Կասիկին համար հայկական երաժշտութիւնը նոթերու շարք չէր միայն, հայկական պարը շարժումներու եւ քայլերու յաջորդականութիւն չէր, հայկական շրջանները խորհրդանշող տարազները հասարակ հագուստներ չէին, այլ այս բոլորը իրենց համար կը ներկայացնէին անվեհեր ազգի մը պատմութեան բաղադրիչները, որոնք պէտք է պահպանել եւ փոխանցել:
Քանի մը շաբաթներ անցան, Կասի՛կ, մեզմէ բաժնուելուդ, եւ արդէն կարօտցած ենք քեզ: Շատ կարօտցած ենք քեզ բոլորս` Ցոլակը, Մարալը, Րաֆֆին եւ ես:
Ձայնդ կը լսեմ եւ կը փնտռեմ քեզ` ըսելու, թէ որքա՛ն կը սիրեմ քեզ, եւ թէ` որքա՛ն գեղեցիկ ու վայելուչ ես:
Կ՛ուզեմ քեզ գրկել, սեղմել ու խոստովանիլ, թէ որքա՛ն բան փոխանցած ու սորվեցուցած ես մեզի:
Ժամանակիդ մեծ մասը յատկացուցած ես մեր ուսման եւ կրթութեան բաժնած ես մեր ցաւերն ու ուրախութիւնները, մեր յաջողութիւններն ու մեր ձախողութիւնները, խնամած ես մեր զաւակները` անձնազոհութեամբ եւ նուիրումով, անտեսելով առողջական վիճակդ ու հանգիստդ:
Վստահ եմ, որ հոնկէ, ուր կը գտնուիս, մեզի մօտէն կը հետեւիս, եւ կը խոստանամ, որ մեզ պիտի գտնես այն բարձրութեան վրայ, որուն դուն մեզ առաջնորդեցիր:
Մա՛մ, քեզ շատ կը սիրենք:

