Մարած Լապտերին Պայծառ Լոյսը* (Կասիա Թիւթելեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)
Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
Այս օրերուն, երբ մահը քիչ մը ամէնուրեք արդէն դարձած է գրեթէ ամէնօրեայ ներկայութիւն, հարազատի մը մահուան բօթը կարծես կը յուշէ մեզի, որ մահը ո՛չ միայն մեր անբաժան ստուերն է, այլեւ` մեր հարեւանն ու կեանքի ուղեկիցը: մեր կեանքի իւրաքանչիւր ակնթարթը անդադար հալածող յամառ, քարսիրտ եւ ահռելիօրէն անբարեկամ ընկերը նաեւ, որուն հետ ճակատագրուած ենք քալելու կեանք մը ամբողջ, միշտ ենթակայ իր քմայքին, բայց նաեւ` քալելու իրեն դէմ` մեր անցաւոր կեանքը իմաստաւորելու վճռականութեամբ, «մահուամբ զմահ կոխելու» հաւատքով եւ նոյնիսկ յետ մահու պայքարելու ուխտով:
Մեր բոլորին յարգանքը նուաճած Կասիա Սահակեան-Թիւթելեանի կորուստին առիթով բանաձեւուած այս կցկտուր խոհը, կը հաւատանք, կրնայ լաւագոյն թարգմանը հանդիսանալ հեզահամբոյր, նուիրեալ եւ ամէն յարգանքի արժանի այս հայուհիին կենսափորձին, որ սկսաւ իր ժողովուրդին վէրքերով ու երգերով մաքառող բազմավաստակ դաշնակցականի մը` Արամ Սահակեանի հերոսապաշտ ընտանիքին մէջ, ոգի ու նկարագիր կազմեց մեր պաշտելի անուն եւ անանուն անձնամոռ հերոսներուն շունչով ու գաղափարական աւանդով եւ Ուրֆայի, Սասունի, Շապին Գարահիսարի ու միւս արծուեբոյններուն դասերով ու կտակով զինուած` նետուեցաւ կեանքի եւ լինելութեան ռազմադաշտ: Լուռ ու անշշուկ, առանց փողի ու թմբուկի, բայց եւ հաստատաքայլ, ինքնավստահ ու գերերջանիկ, ինչպէս վայել է մեր խոնարհ հերոսներուն: Յաճախ ինքզինք պահելով լուսանցքի վրայ, բայց դառնալով գօտեպնդիչ եւ ոգեշնչող ներկայութիւն, իր ընտանիքն ու անմիջական շրջապատը իբրեւ գաղափարի պատնէշով պաշտպանող ոգեղէն պարիսպ եւ ծառայութեան սխրալի ներշնչարան:
Միթէ այս ճշմարիտ ճշմարտութեան է՛ն պերճախօս վկայութիւնը չէ՞ Կասիկ Թիւթելեանի համառօտ կենսագրութիւնը: Իր վաւերական դաշնակցական հօր` Արամ Սահակեանի ծանրաշուք ներկայութիւնը պիտի բաւէ, որ ուսումնատենչ պարմանուհին ընթանար հօրը քայլերով: Գաղափարի, նուիրումի եւ դաշնակցական գործի շիկացած մթնոլորտը այս ազնուական տան անպայման պիտի կողմնորոշէր, որ այս ազնուարիւն երիտասարդուհին միանար ԶՈՄ-ի շարքերուն` իբրեւ հաւատաւոր եւ ուխտեալ դաշնակցական, այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ շարքերը մեծաւ մասամբ այրերու կողմէ գրաւուած էին, իսկ ընկերուհիները մատի վրայ կը համրուէին: Հապա 1956-ին, նոյնքան հաւատաւոր դաշնակցական երիտասարդի մը` Ցոլակ Թիւթելեանի հետ ընտանիք կազմելու իր ճիշդ որոշումը կրնա՞ր չունենալ իր բարի անդրադարձները:
Հարցումն իսկ պէտք է: Ընկհ. Կասիկ առած էր իր որոշումը եւ ծառայութեան անսխալ կողմնացոյցը այնուհետեւ իր քայլերը պիտի առաջնորդէր միշտ հո՛ն, ուր ազգային պարտականութիւն մը զինք պիտի կանչէր` Ճեմարանէն մինչեւ ԼՕԽ եւ ԼՕԽ-էն մինչեւ Համազգային: Միշտ կազմ ու պատրաստ` ծառայելու իր ժողովուրդին, այս պարագային` հայ դպրոցին, հայ մշակոյթին եւ հայ կարիքաւոր ընտանիքներուն: Անգլերէն լեզուի դասատու` Համազգային «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի մէջ, հայկական նրբաճաշակ տարազներու պահպանման ու արդիականացման գործօն դերակատար` Համազգայինի «Քնար» պարախումբի շրջանակին մէջ եւ բարեգութ ու բարեգործ ներկայութիւն` ԼՕԽ-ի նախ «Կարս», ապա «Արցախ» մասնաճիւղերու գործունէութեանց լայն դաշտերուն վրայ: Բայց այս բոլորէն առաջ եւ վերջ` պարտաճանաչ, նուիրեալ եւ առաքինի դաշնակցակա՛ն հայ մայր:
Այո՛, դաշնակցակա՛ն հայ մայր, որուն մայրութեան կոչումն ու առաքելութիւնը միշտ տարբեր է եղած եւ առնուազն քիչ մը աւելի` մեր բոլոր համբուրելի մայրերուն իր վերուստ վստահուած սրբազան պարտականութենէն: Եւ որովհետեւ դաշնակցական հայ մայր էր, ան ձեւով մը նաեւ փորձեց ըլլալ դաշնակցական պատանիին մայրը, իր գաղափարի ընկերներուն հարազատ քոյրը եւ սիրելի ընկերուհին: Համեստութեան, ծառայութեան եւ պարտաճանաչութեան յուշարարն ու կենդանի օրինակը նաեւ, նոյնիսկ իր կեանքի վերջին տարիներուն, երբ տկարացած առողջութիւնը դաւեց իրեն դէմ: Բայց Կասիկ Թիւթէլեան երբեւիցէ չտկարացաւ, ընդհակառակն, մնաց իր դաշնակցականի ուխտով հպարտ եւ նոյն քաջակորով ընկերուհին, միեւնոյն ուխտապահը:
Հիմա, ցաւ ի սիրտ, արդէն մարած է իր կեանքի լապտերը: «Մարած է»-ն քիչ մը անհեթեթ խօսք է անշուշտ, որովհետեւ լոյսը իր շնչաւորած օճախին, հազա՜ր փառք Աստուծոյ եւ դաշնակցութեան խստաբիբ սուրբերուն, իբրեւ ուխտ ու կտակ` կը շողշողայ ամէն վայրկեան, կ՛արեւէ տիւ ու գիշեր եւ տակաւին պիտի արեւէ որպէս մէկ անբաժան էամասնիկը դաշնակցութեան Արեգակին:
Յարգանք իր յիշատակին եւ բիւր յարգանք իր վաստակին:
ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէութեան անունով արտասանուած դամբանական

