Խոջալուի «Ջարդի» 22-ամեակին Առիթով Ազրպէյճանական Հակահայ Քարոզարշաւի Թափանցումը Արաբական Մամուլին Մէջ
ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ
Խոջալուի «ջարդի» 22-ամեակին առիթով ազրպէյճանական հակահայ քարոզարշաւը վերստին աշխուժացած է արաբական աշխարհին մէջ:
Կ՛արժէ ակնարկով մը անդրադառնալ այդ արձագանգներուն:
Այս տարի եւս, անցնող օրերուն, արաբական մամուլը տեղ տուած է Խոջալուի «ջարդի» 22-ամեակին առիթով շարք մը արաբական երկիրներու մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատուներուն կազմակերպած ձեռնարկներուն: Էմիրաթական յայտնի «Պայան» թերթը անդրադարձած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան կազմակերպած ձեռնարկին:
«Ազրպէյճանական համայնքը կը նշէ Խոջալուի «ջարդերուն» յիշատակը» վերնագիրին տակ թերթը կը գրէ, թէ ազրպէյճանական համայնքը նշեց Խոջալուի «ջարդերու» յիշատակը. ձեռնարկին ընթացքին համայնքի ղեկավար Սամեր Ատել Իմանով հաստատեց, որ Խոջալուի մէջ անզէն հարիւրաւոր բնակիչներ ենթարկուեցան ջարդի եւ զարհուրելի չարչարանքի, եւ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը, շրջանին մէջ տեղակայուած խորհրդային զօրքերուն մասնակցութեամբ յարձակում կատարեցին Խոջալու քաղաքին վրայ:
«Պայան» Խոջալուի «ջարդերը» որակած է իբրեւ «Մարդկութեան պատմութեան ընթացքին 20-րդ դարու ամէնէն սարսափելի ոճիրներէն մէկը»:
Թերթը նաեւ նշած է կատարուած ջարդերուն մանրամասնութիւնները եւ եզրափակած է այն մտքով, որ Հայտար Ալիեւ մեծ դեր խաղցած է բացայայտելու Խոջալուի ջարդերուն իրականութիւնը:
Միւս կողմէ, եգիպտական մամուլի կարգ մը ներկայացուցիչներ հաղորդեցին Գահիրէի համալսարանի «Տնտեսութեան եւ քաղաքագիտութեան» բաժանմունքի ուսանողներուն կողմէ Խոջալուի «ջարդերու» 22-ամեակին առիթով կազմակերպուած հեծելարշաւին մասին:
«Նաշաթաք» կայքը, որ առնչուած է ուսանողական եւ այլ ձեռնարկներու, կը նշէ, որ համալսարանի տարբեր բաժանմունքներուն ուսանողները մասնակցեցան նշեալ իրազեկման խաղաղ արշաւին` յիշատակելու համար ազրպէյճանցի «անմեղ զոհերու յիշատակը»: Արշաւի եգիպտացի պատասխանատու ուսանողները հաստատեցին, որ «այս նախաձեռնութիւնը կ՛իրականացուի, քանի որ բաժանմունքին ուսանողները կը հաւատան մարդկային հարցերուն, եւ Ազրպէյճան ամբողջութեամբ իրաւունք ունի ազրպէյճանցի ժողովուրդին դէմ կատարուած Խոջալուի «ջարդերուն» հարցով արդարութիւն պահանջելու, ինչպէս նաեւ ամբողջութեամբ իրաւունք ունի վերադարձնելու Ղարաբաղը, եւ չկայ Ազրպէյճան առանց Ղարաբաղի»:
Անդրադառնանք նաեւ Խոջալուի «ջարդերը» յիշատակող հակահայ յօդուածի մը, որ տարածուեցաւ արաբական բնոյթ կրող ելեկտրոնային կայքերու վրայ, ինչպէս` «Սաֆուա» եւ «Նունփոսթ» կայքերը:
«Խոջալուի ջարդը եւ Ազրպէյճանի մէջ հայերու ֆաշականութիւնը» խորագիրին ներքեւ, յօդուածը կը վկայակոչէ 1992 թուականին հրապարակուած տարբեր եւրոպական` ֆրանսական, բրիտանական եւ ռուսական մամուլի հաղորդումներէն հատուածներ այն մասին, թէ «հայ զինեալներ հարիւր իսլամական գիւղերու մէջ ցեղասպանութիւն իրականացուցած են եւ սպաննած ազրպէյճանցիները…»:
Յօդուածը կը շեշտէ, որ Խոջալուի «ջարդը» շարունակութիւնն է հայերու կողմէ գործադրուած ջարդերու շարքին, որոնք իրականացուած են 1998-էն մինչեւ 1994: «Խնդիրը ունի պատմական արմատներ, երբ ռուսական կառավարութիւնը 1923-ին Ղարաբաղը պաշտօնապէս յանձնեց Ազրպէյճանին», կը նշուի յօդուածին մէջ:
Եզրափակելով յօդուածը կը նշէ, որ սպանական Աթլեթիքօ ֆութպոլի խումբը` զօրակցելով ազրպէյճանցի ժողովուրդին եւ Խոջալուի ողբերգութեան հետ, պիտի կրէ սեւ նշաններով շապիկներ Օսասոնայի եւ Ռէալ Մատրիտի հետ ունենալիք խաղին ժամանակ:
Խոջալուի 22-ամեակին առիթով արաբական մամուլին մէջ կատարուած ազրպէյճանական նման թափանցումներէն բացի, նշենք այս տարի եւս արաբական երկիրներուն մէջ գործող Ազրպէյճանի դեսպանատուներու դրսեւորումներէն մէկը:
Քուէյթեան «Ռայ» թերթը 23 փետրուարին հրապարակած է Քուէյթի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Թորալ Ռիտայեւի յօդուածը:
«Խոջալուի ջարդը» կրող յօդուածը մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ կատարուած ջարդին եղելութիւնները, ուր դեսպանը կը հաստատէ, որ «Ազրպէյճան կը նշէ 22-ամեակը Խոջալուի «ջարդին», որ կը նկատուի 20-րդ դարու ամէնէն սարսափելի ողբերգութիւններէն մէկը»:
Ան կը մատնանշէ, որ Խոջալուի ջարդը արժանացած է միջազգային լրատուութեան ուշադրութեան` օրինակներ տալով եւրոպական տարբեր լրատուամիջոցներու հաղորդումներէն: Դեսպանը ակնարկած է նաեւ միջազգային ամպիոններուն մէջ Ազրպէյճանի տարած աշխատանքին, մանաւանդ ՄԱԿ-ի եւ «Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան» ծիրին մէջ որդեգրուած բանաձեւերուն:
Յայտնենք, որ նախատեսելի է, որ արաբական լրատուամիջոցներուն մէջ այս նիւթով հրապարակումները շարունակուին:
«Ազդակ»-ի արաբերէն կայքի խմբագիր
ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ

