Լիբանանահայութիւնը Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւններով Եւ Եկեղեցական Արարողութիւններով Նշեց Սրբոց Վարդանանց Տօնը
Անցնող օրերուն ընթացքին լիբանանահայութիւնը խուռներամ շարքերով ներկայ գտնուեցաւ Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին նուիրուած հանդիսաւոր տօնակատարութիւններուն եւ եկեղեցական արարողութիւններուն: Ընդառաջելով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի կոչին, այս հոգեւոր եւ ազգային տօնին առիթով հայկական բոլոր խանութները եւ գրասենեակները մնացին փակ:
Այս տարի Վարդանանց տօնակատարութիւնները ընթացան հետեւեալ ձեւով:
Վարդանանցը` Անթիլիասի Մէջ
Հինգշաբթի, 27 փետրուարին, յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագի, Անթիլիասի վեհարանին մէջ տեղի ունեցաւ Սրբոց Վարդանանց յատուկ տօնակատարութիւն: Այս առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատգամին մէջ մէջբերումներ կատարելով Եղիշէ պատմիչին Վարդանանց նուիրուած գրքէն, յիշեցուց Վարդանանց պատերազմը կանխող պայմանները Հայաստանի մէջ, երբ հայ ժողովուրդի հաւատքը եւ հայրենիքը դարձած էին խնդրոյ առարկայ: Այս կացութեան դիմաց, հայ ժողովուրդը միահամուռ կամքով ու հաւատքով դէմ կեցաւ թշնամիին ու պաշտպանեց իր հաւատքն ու հայրենիքը: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց, թէ «հայութիւնը մէկ ամբողջութիւն է ու այդ մէկ ամբողջութեան մէջ անքակտելիօրէն միացած է հաւատքն ու հայրենիքը: Ա՛յս գիտակցութեամբ հայ ժողովուրդը գիտցաւ պաշտպանել իր գերագոյն արժէքներն ու իրաւունքները: Այսպէս եղած է մեր պատմութիւնը: Ա՛յս գիտակցութեամբ մեր ժողովուրդը առաջնորդած են մեր պատմութեան բոլոր ժամանակներու վարդաններն ու ղեւոնդները»:
Անդրադառնալով ներկայ ժամանակներուն` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Այսօր եւս մեր հաւատքի, հայրենիքի ու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը մեր ժողովուրդը կը մղէ նոր աւարայրեան ճակատամարտներու: Մեր հայրենիքը այսօր լուրջ տագնապներու դիմաց է: Հայրենի ժողովուրդը կը հեռանայ մեր պապերու քրտինքով ու արիւնով շաղախուած ու պաշտպանուած հողերէն: Տնտեսական տագնապը լուրջ դժուարութիւններու դիմաց կը դնէ մեր ժողովուրդը: Հայաստանը շրջապատուած կը մնայ թշնամիներով: Միւս կողմէ, մեր քրիստոնէական հաւատքը` թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ մնայուն կերպով ենթակայ է փորձութիւններու: Մեր ժողովուրդի իրաւունքները տակաւին կը մնան ոտնակոխուած: Այս վտանգալից կացութեան դիմաց, մեր ժողովուրդը կոչուած է Վարդանանց ու Ղեւոնդեանց նո՛յն հաւատարմութեամբ պայքարիլ: Վարդանանց ու Ղեւոնդեանց նշումը հրաւէր մըն է իւրաքանչիւր հայու` վերանորոգելու իր հաւատքն ու հաւատարմութիւնը` գործնապէս մասնակից դառնալու հայութեան հաւաքական պայքարին»:
Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ` Գարեգին աբղյ. Շխրտըմեանի, ներկայացուց շարք մը ազգայնաշունչ երգեր: Արտասանութիւններ կատարուեցան նաեւ դպրեվանքի Ժառանգաւորներուն կողմէ, ներկայութեամբ ժողովական մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին:
Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ
Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին առիթով հինգշաբթի, 27 փետրուար 2014-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:
Հաւատացեալներուն ուղղուած իր պատգամին մէջ առաջնորդ սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ Վարդանանց տօնը տօնն է այն քաջորդիներուն, որոնք Աւետարանին խօսքն ու շունչը իւրացուցած էին իրենց էութեան մէջ եւ իրենց մտածումներով կու գային ըսելու աշխարհին, որ անգիտակից մահը մահ է, իսկ գիտակցօրէն յանձն առնուած մահը` անմահութեան կ՛առաջնորդէ:
«Դարեր շարունակ մեր ժողովուրդը պահեց իր գոյութիւնը… Չկորսուեցաւ, որովհետեւ պահեց իր հոգին, պահեց քրիստոնէական կրօնը, ինչ որ նուիրական է ազգին համար, էական է` իր սեփական դիմագիծը պահելու համար, պահեց ու պաշտպանեց հոգեւորը եւ այսօր ալ կը շարունակէ պահել այն, ինչ որ իբրեւ սրբազան աւանդ եւ կտակ իր նախնիներուն կողմէ փոխանցուեցաւ իրեն», եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը` յորդորելով ներկաները իրենց գիտակցութեան մէջ վերականգնելու Վարդանանց ոգին, որ Աւարայրի դաշտին մէջ խիզախօրէն գիտցաւ ոչ ըսել իր կեանքի եւ գոյութեան սպառնացող թշնամիին: Ս. պատարագէն եւ հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:
Աւարտին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Եկեղեցւոյ թաղականութեան անունով Յակոբ Գալայճեան ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք նկատել տուաւ, որ իբրեւ Աւարայրի ճակատամարտի հոգիով դաստիարակուած սերունդ հաւատքով եւ զոհաբերութեամբ, հակառակ բազում դժուարութիւններու կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը` յանուն եկեղեցւոյ բարեզարդման: Ան անդրադարձաւ թաղականութեան գործունէութիւններուն եւ ապագայ ծրագիրներուն:
Այնուհետեւ օրուան հանդիսավար, եկեղեցւոյ դպրապետ Երուանդ Քէշիշեան յայտնեց, որ գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ պիտի ունենան եկեղեցւոյ դպրաց դասէն 10 անդամներ, նուագակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի: Ան մերթ ընդ մերթ բեմ հրաւիրեց Զեփիւռ Ճանպուլեանը, Մանօ Մինասեանը, Անայիս Կետիկեանը, Գէորգ Գուշաքճեանը, Սօնա Գարաօղլանեանը, Մարալ Ադամեանը, Յովիկ Թաֆրանեանը, Անի Մաչուլեանը, Արեւիկ Գրիգորեանը, որոնք մեկնաբանեցին ժողովրդական երգեր: Իր կարգին, Երուանդ Քէշիշեան եւս մեկնաբանեց «Երգիր ինձ համար» եւ «Շողոտ շաղոտ» երգերը, իսկ Սերոբ Յակոբեան ելոյթ ունեցաւ ազգային-հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերով: Գեղարուեստական յայտագիրին ընթացքին «փաուըր փոյնթ»-ով ցուցադրուեցան անցնող շաբաթավերջին դպրաց դասի կատարողութեամբ ներկայացուած «Հաւատքի պատերազմը» երգախառն թատրոնի նկարները, ինչպէս նաեւ մատաղի պատրաստութիւնը:
Սիրոյ սեղանի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազան հայրը: Ան նկատել տուաւ, որ մեր նախնիները մեր գոյութեան համար ըրին այն, ինչ որ կարելի էր, նաեւ անկարելին կարելի դարձուցին իրենց սեփական կեանքին նուիրումով, որպէսզի մենք մեր հասկացողութեամբ, մեր արժէքներով, բարքերով, սովորութիւններով, մեր ազգային եւ եկեղեցական հարստութիւններով կարենանք մեր կեանքը ապրիլ:
Վարդանանց, Փետրուարեան Ապստամբութեան Եւ
Արցախեան Պահանջատիրութեան Ժողովրդային
Տօնակատարութիւն` Այնճարի Մէջ
Հինգշաբթի, 27 փետրուար 2014-ի առաւօտեան, Այնճարի եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ եւ յիշատակի արարողութիւն` Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով:
Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Այնճարի Հայ կաթողիկէ քոյրերու վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց հերոսներուն, Փետրուարեան ապստամբութեան եւ Արցախեան պահանջատիրութեան նուիրուած պաշտօնական տօնակատարութիւնը, կազմակերպութեամբ` ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին:
Ձեռնարկը ընթացք առաւ լիբանանեան եւ հայաստանեան քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ, որուն յաջորդեց բացման խօսքը` ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբի ատենապետ Կարօ Փիլաւճեանի կողմէ: Ան ներկաներէն խնդրեց 1 վայրկեան յոտնկայս յարգել յիշատակը հայ նահատակներուն, որմէ ետք ան պարզեց Վարդանանցի, Փետրուարեան ապստամբութեան եւ Արցախեան պահանջատիրութեան ունեցած մեծ նշանակութիւնը հայոց պատմութեան մէջ:
Բացման խօսքին յաջորդեց Հայ քոյրերու վարժարանի աշակերտութեան գեղարուեստական ներկայացումը` պարով եւ երգով:

Վեր. Յովհաննէս Սվաճեան

Յակոբ Այնթապլեան
Օրուան առաջին բանախօսը` վեր. Յովհաննէս Սվաճեան, խօսեցաւ Վարդանանց ճակատամարտին մասին` նշելով, որ անիկա խիզախ քաղաքականութեան մը արտայայտութիւնն էր, որուն կարգախօսն էր «Վասն Քրիստոսի, վասն հայրենեաց», որ կ՛ամփոփէր այդ օրերուն ազգին բռնած ուղին եւ ընթացքը:
Ան շարունակեց հարց տալով. «Մենք կը հպարտանանք, թէ քրիստոնէութիւնը հայացուցած ենք, բայց հայութիւնը քրիստոնէացուցած ենք: Քրիստոնէական նկարագիրի գիծերը, վարմունքը եւ սէրը թափանցած են հայ մարդուն, հայ ընտանիքին եւ հայկական կառոյցներուն մէջ: Ո՞ւր է մեր ժողովուրդի բարոյական մակարդակը այսօր: Ինչո՞ւ այսօր հայ ընտանիքին մէջ սէր չկայ եւ քայքայումները շատցած են…»:
Վեր. Սվաճեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով, «վասն Քրիստոսի եւ վասն հայրենեաց» խօսքը պիտի օգնէ հայ ժողովուրդը չվախնալու եւ անորոշութեան մէջ չմնալու:
Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին Վարդանանց ճակատամարտը խորհրդանշող կենդանի պատկեր մը:
Օրուան երկրորդ բանախօսը` Յակոբ Այնթապլեան, խօսեցաւ Հայաստանի անկիւնադարձային օրերուն մասին, որոնք նախորդեցին անոր խորհրդայնացման եւ ապա Խորհրդային Միութեան քայքայման պատճառով հայ ժողովուրդին ընծայուած առիթին մասին, երբ հայերը ձայն բարձրացուցին արդարութիւն պահանջելով եւ Արցախը Հայաստանին միացնելու կոչով:
Ան ըսաւ, թէ 10 դեկտեմբեր 1991-ի հանրաքուէով Արցախեան շարժման շղթայազերծումը իր յաղթական պսակին կ՛արժանանայ, երբ Արցախի ժողովուրդը կ՛ամրագրէ ինքնորոշման իր ճանչցուած իրաւունքը` հաստատելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը` իբրեւ ազատ, անկախ եւ ժողովրդավարական պետութիւն:
Վերջապէս ան կոչ ուղղեց ներկաներուն վերակազմակերպելու հաւաքական ճակատը ի խնդիր բարգաւաճ ու հզօր, ազատ անկախ եւ միացեալ Հայաստանի…
Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի աշակերտները հանդէս եկան ազգային-հայրենասիրական երգերով եւ Սասունի ազգագրական պարով:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ պահպանիչով` հոգեւոր հայրերուն կատարողութեամբ:
Վարդանանց Տօնակատարութիւնը`
«Յովհաննէս Պօղոսեան» Թատերասրահին Մէջ
Չորեքշաբթի, 26 փետրուար 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին ՀԿՄ-ի «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Վարդանանց յիշատակը:
Տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, նախագահութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքական Պէյրութի թեմի ընդհանուր փոխանորդ եւ Զմմառու մայրավանքի մեծաւոր Գաբրիէլ Թ.Ծ. վրդ. Մուրատեանի եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան:
Նախ հնչեցին լիբանանեան եւ հայկական քայլերգները: Օրուան հանդիսավար` Ս. Մեսրոպի արիներէն Լեւոն Փիլաւճեան ողջունեց ներկաները:
Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Եղիկ Պետրոսեան, որ Վարդանանց ոգիով ընթանալու կոչ ուղղեց:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր:

Ղազար վրդ. Պետրոսեան
Օրուան բանախօս Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխժողովրդապետ հ. Ղազար վրդ. Պետրոսեան նախ պատմական ակնարկով մը ներկայացուց Վարդանանցը` ըսելով. «Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակման առաջին իսկ օրէն, հայը փարեցաւ Քրիստոսին եւ իր կեանքին գնով պայքարեցաւ, որ զայն ամուր, անբիծ պահէ:
«Հայը պայքարեցաւ ե՛ւ անհատապէս, ե՛ւ ազգովին, եւ այդ պայքարի ցայտուն ապացոյցներէն մին` 451-ի մայիսին, Վարդանանց ճակատամարտն էր` ընդդէմ զրադաշտական կրօնը հայուն պարտադրող Յազկերտին:
«Ճիշդ է, պատերազմը մայիսին տեղի ունեցաւ Աւարայրի դաշտին վրայ, Տղմուտ գետի ափին. սակայն մենք զայն կը նշենք Բարեկենդանին նախորդող հինգշաբթին, որպէսզի Վարդանանցի ոգիով տոգորուած պահենք Պահքի շրջանը»:
«Բլբուլ» եւ «Արծիւեան» երգչախումբերու ելոյթներէն ետք Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հ. Սարգիս վրդ. Դաւիթեան հանդիսութիւնը յաջողցնողներուն եւ մասնակիցներուն շնորհակալութիւն յայտնեց:
Տօնակատարութիւնը իր լրումին հասաւ մեծաւոր հօր` Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեանի սրտի խօսքովն ու աւանդական պահպանիչով:
Մեծաւոր հայրը յորդորեց ըսելով. «Վարդանանց երախտաւորները կը հաւատային, թէ հայերը հիմնուած են Քրիստոսի հաւատքին վրայ, եւ յանուն այդ հաւատքին ամրապնդման մարտիրոսացան, որով մեր ժողովուրդը վերընձիւղուեցաւ, եւ այսօր կը յիշատակենք անոնց սխրագործութիւնը: Ուրեմն, եկէ՛ք Վարդանանց ոգիով տոգորուած շարունակենք մեր երթը` ի կատարումն աշխարհի»:
Միացեալ Պաշտամունք` Հայ Աւետարանական
Էմմանուէլ Եկեղեցւոյ Մէջ
Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւնը, այս տարի Վարդանանց տօնին նուիրուած միացեալ պաշտամունքը նշեց հինգշաբթի, 27 փետրուար 2014-ին, Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ:
Պաշտամունքը առաջնորդեց վեր. Յովհաննէս Սվաճեան, Աստուածաշունչէն ընթերցումներ կատարեցին վեր. Հրայր Չոլագեան եւ Վարդուկ Պալըգճեան, իսկ աղօթքը կատարեց վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան: Օրուան պատգամաբերն էր վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, որ անդրադարձաւ Վարդանանց ճակատամարտին տեղի տուած պատճառներուն եւ ըսաւ. «Պարսկական թագաւորութիւն մը ստեղծելու Յազկերտի հեռաւոր ու մեծ ծրագիրին իրականացման համար կը պահանջուէր մէկ բան` հայոց կրօնափոխութիւնը: Հայն ու Հայաստանը, այդ մեծ կայսրութեան մէջ լուծարքի ենթարկելու համար ամէնէն կարեւոր եւ զօրաւոր միջնաբերդը քրիստոնէական հաւատքն էր, եւ պարսիկներ ուզեցին այդ միջնաբերդը գրաւել, որմէ ետք այնքան ալ դժուար պիտի չըլլար նուաճել միւս կռուանները, այսինքն` լեզուն եւ մշակոյթը»:
Ապա ան աւելցուց. «Վարդանանց շարժումը նաեւ միացուց հայ եկեղեցին ու հայ բանակը եւ զանոնք դրաւ մէկ խրամատի մէջ: Ան տարբեր մեկնաբանութիւն տուաւ հայ եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան, ուր եկեղեցին եւ քրիստոնէութիւնը համոզուեցան, թէ ներկայ պիտի ըլլան ժողովուրդի դիմագրաւած բոլոր պայքարներուն մէջ, եւ պիտի ունենան գործօն դերակատարութիւն, մանաւանդ ազգային պայքարի մէջ հաւատքով, ծառայութիւններով եւ ի հարկին զէնքի եւ նահատակութեան գնով»:
Հայրենասիրական երգերով մասնակցեցան Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի աշակերտները, ղեկավարութեամբ` Սօսի Ապուհանեանի: Ռոզին Քելլուկեան ասմունքեց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Վարդանական»-ը` սրինգի ընկերակցութեամբ Յակոբ Քելլուկեանի:
Օրուան նուիրահաւաքէն գոյացած գումարը, ըստ վերջին տարիներու խորհրդանշական աւանդութեան, կը տրամադրուի Թեհրանի Հայ աւետարանական եկեղեցիներուն:
Պաշտամունքը իր աւարտին հասաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի Առաքելական օրհնութեամբ:
Պաշտամունքի ընթացքին երգեցողութեան դաշնամուրի վրայ ընկերակցեցաւ Եսթար Քիլաղպեան:
Զմմառեան Միաբանութեան Ժառանգաւորները
Նշեցին Վարդանանցը
Վարդանանց յիշատակի նուիրուած օրուան առիթով, հինգշաբթի, 27 փետրուարի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Զմմառեան միաբանութեան Ժառանգաւորաց Ս. Յովսէփ մատրան մէջ, յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագին, զոր մատուցեց ժառանգաւորներու տեսուչ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանը: Դասախօսեց կիսասարկաւագ Ժան Տիգրան Փիլիպպոս, որ վեր առաւ Վարդանանց դերակատարութիւնը հայ ազգի գոյատեւման եւ պայքարին մէջ:
Վարդանանց նուիրուած ոգեկոչման աւարտին նորընծաները երգեցին «Իմ հայրենեաց հոգի Վարդան» եւ «Մենք քաջ Վարդանի տոհմն ենք» երգերը: Ապա ժառանգաւորները հնչեցուցին Ներսէս Շնորհալիի «Նորահրաշ պսակաւոր» շարականն ու Վարդանանցի նուիրուած «Գողթնի Քնարք» երգը, ղեկավարութեամբ` կիսասարկաւագ Ֆատի Պարգեւ Պաշխընճիի:
Նաեւ` Հայաստանեայց Առաքելական
Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութեան Կեդրոնին Մէջ
Կազմակերպութեամբ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան, հինգշաբթի, 27 փետրուար 2014-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Եղբայրակցութեան աղօթատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց հաւատամարտի տօնակատարութիւն:
Տօնակատարութիւնը ընթացք առաւ աղօթքով, որմէ ետք խօսք առաւ Սեւակ Կիւլվեքճեան, որ իր արտասանած խօսքին մէջ ներկայացուց Վարդանանց ճակատամարտի յատկանիշները եւ անոնց կարեւորութիւնը հաւատացեալ հայ ժողովուրդի կեանքին համար:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Նշան աբղյ. Լախոյեան, որ շեշտը դնելէ ետք ազգերու կեանքին մէջ պատմութեան դերակատարութեան կարեւորութեան վրայ, յայտնեց, որ ազգերը կ՛անմահանան իրենց պատմութեամբ, մանաւանդ երբ այդ պատմութիւնը անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցած է անոնց կեանքին մէջ, նոյնն է պարագան հայ ժողովուրդին, անոր պատմութիւնը կու տայ անմահանալու յատկութիւնները: Տօնակատարութիւնը վերջ գտաւ Սեւակ Կիւլվեքճեանի փակման խօսքով. շնորհակալութիւն յայտնեց հաւատացեալ ժողովուրդին` ներկայութեան համար, ապա ժողովուրդը աղօթատեղիէն բաժնուեցաւ Տէրունական աղօթքէն ետք:

