Խրիմի Մէջ. Սեպաստոփոլի Եւ Սիմֆերոփոլի Օդակայանները Գրաւուեցան

Simferopol28022014Ուքրանիոյ պաշտօնանկ եղած նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ երէկ Ռուսիոյ Տոնի Ռոստով քաղաքին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց.«Մտադիր եմ շարունակել պայքարը Ուքրանիոյ ապագային համար` ընդդէմ անոնց, որոնք վախցնելով, ահաբեկելով կը փորձեն «հեծնել» զայն»:

«Զիս ոչ ոք պաշտօնանկ ըրած է, ես ստիպուած էի լքելու Ուքրանիան` իմ եւ հարազատներուս կեանքին սպառնացող անմիջական վտանգին տակ», ըսաւ Եանուքովիչ:

Ան նշեց, որ «Ուքրանիոյ մէջ իշխանութիւնը բռնագրաւած են ազգայնական, Ֆաշական «անգիտակից երիտասարդները», որոնք Ուքրանիոյ բնակչութեան բացարձակ փոքրամասնութիւնը կը կազմեն»:

Եանուքովիչ ըսաւ, որ ներկայ կացութեան ելք կը նկատէ միջազգային միջնորդներու մասնակցութեամբ 21 փետրուարին ընդդիմութեան եւ իշխանութեան միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարումը, սահմանադրական բարեփոխման անյապաղ սկիզբը եւ աւարտը սեպտեմբեր 2014¬ին, որմէ ետք նախագահական ընտրութիւն` դեկտեմբեր 2014¬ին եւ նոր սահմանադրութեան որդեգրում:

Եանուքովիչ նշեց, որ «Ուքրանիոյ մէջ պատահածը Արեւմուտքի անպատասխանատու կեցուածքին արդիւնքն է»` աւելցնելով, որ ինք անակնկալի մատնուած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին չէ հակազդած: «Վլատիմիր Փութինի նկարագիրին ծանօթ ըլլալով` ապշած եմ, որ տակաւին այսպիսի ինքնազսպումով լուռ կը մնայ», ըսաւ ան:

Աւելի ուշ Քրեմլին յայտարարեց, որ Փութին արեւմուտքցի ղեկավարներու հետ կապ հաստատած է` շեշտելու համար «բռնարարքներու յաւելեալ մագլցում չարտօնելու ծայրայեղ կարեւորութիւնը»:

Մինչ այդ, զինուորներ Խրիմի Սեպաստոփոլ եւ ՍիմՖերոփոլ քաղաքներու օդակայանները առին իրենց վերահսկողութեան տակ: Ըստ «Մայատին»¬ի, զինեալներ գրաւած են Խրիմի Պալաքլաւա քաղաքին մէջ Ուքրանիոյ ծովուժին ռազմակայանը:

Ուքրանիոյ նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Ալեքսանտր Թուրչինով խորհրդարանի նիստին ժամանակ յայտնեց, որ Ազգային անվտանգութեան ու պաշտպանութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ հրաւիրեց` քննարկելու համար Խրիմի մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Ան պաշտօնազրկեց ուքրանական բանակի սպայակոյտի պետը:

Ուքրանիա նաեւ պահանջեց ՄԱԿ¬ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստ հրաւիրել` Խրիմի հարցը քննարկելու համար:

Ուքրանիոյ ներքին գործոց նախարար Արսէն Աւագով յայտնեց, որ Խրիմի մէջ «Պելրպեք» (Սեպաստոփոլ) եւ ՍիմՖերոփոլ օդակայանները գրաւած են ռուսական նաւատորմիղի ստորաբաժանումները: Աւագով Խրիմի մէջ տեղի ունեցածը Ռուսիոյ կողմէ ներխուժում եւ բռնագրաւում նկատեց: Ռուսիոյ Սեւծովեան նաւատորմը հերքեց օդակայաններու գրաւման մեղսակցութիւնը:

Տաւութօղլու. «Թուրքիա Մտահոգ Է
Խրիմի Մէջ Ստեղծուած Կացութեամբ»

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ Անգարա Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան կ’աջակցի եւ ուշադիր կը հետեւի զարգացումներուն, որոնք տեղի կ’ունենան Խրիմի ինքնավար հանրապետութեան մէջ: «Խրիմը կարեւոր է Թուրքիոյ համար, որովհետեւ անիկա Թուրքիոյ դարպասն է դէպի Ուքրանիա, անիկա նաեւ կարեւոր է մեր թաթար հայրենակիցներուն համար», ըսած է Տաւութօղլու:

Ըստ անոր, ներկայիս Խրիմի մէջ կ’ապրին շուրջ 280 հազար թաթարներ, որոնք կը կազմեն ընդհանուր բնակչութեան 13 առ հարիւրը:

Ուքրանական եւ թրքական լրատուամիջոցներուն հաղորդումով, Խրիմի մէջ գոյութիւն ունեցող անորոշ քաղաքական իրադրութեան կապակցութեամբ Տաւութօղլու մտադիր է այցելել շրջան, սակայն այցելութեան ժամկէտը տակաւին յայտնի չէ:

Խրիմի խորհրդարանը հինգշաբթի օր որոշած էր Խրիմի ինքնավարութեան ընդլայնման հարցով հանրաքուէ կատարել 25 մայիսին: Նշենք, որ այդ թուականին Ուքրանիոյ նոր իշխանութիւնները նախագահական ընտրութիւն ճշդած են:

Կը նախատեսուի, որ խորհրդարանը վերականգնէ 1992¬ի սահմանադրութիւնը: 1992¬ի մայիսին որդեգրուած սահմանադրութեամբ Խրիմ կը հռչակուէր անկախ, գերիշխան պետութիւն, որ իր լիազօրութիւններուն մէկ մասը յանձնած էր Ուքրանիոյ կեդրոնական իշխանութիւններուն: Այդ նոյն սահմանադրութեամբ Խրիմ սեփական նախագահ ունենալու իրաւունք ունէր, սակայն 1990-ականներու կիսուն Քիեւ արգիլեց 1992¬ի սահմանադրութիւնը` վերցնելով նախագահի պաշտօնը:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES