Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Մուքպելի այցելեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Պու Սաապ ակնկալեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մշակումը աւարտի, եթէ շրջանային որոշ փոփոխութիւններ չարձանագրուին:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Տորի Շամուն ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը անշեղ են իրենց քաղաքական կեցուածքներուն մէջ, յատկապէս այն կեցուածքները, որոնք կը վերաբերին կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը հիմնական հարց է, այնքան ատեն որ կայ հզօր թշնամի մը, որ զինուորական հսկայ ուժ ունի:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆուատ Սաատ կոչ ուղղեց յանդուգն որոշում մը տալու եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախագահական պաշտօնավարութեան շրջանը երկարաձգելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի ընդգծեց, որ Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն եռեակ տարազը մերժելի է` աւելցնելով, որ պետութիւնը պէտք է ըլլայ լիբանանեան միակ հեղինակութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Կեպի Լայեուն յոյս յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին գծով նշմարուող ներքին տարակարծութիւնները կարելի ըլլայ վերացնել:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, միջազգային ընտանիքը յանձնառու է, որ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին վրայ ապահովական կացութիւնը չվատթարանայ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով միջազգային փորձագէտներէ, յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ իրագործուած ապահովական նուաճումները առանձինն բաւարար չեն նկատուիր ահաբեկչութիւնը հարուածելու:
ՊՔԵՐՔԷԻ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կը զօրակցի լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ նախագահական թեկնածուի մը շուրջ համախոհութեան:
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտա երէկ Ապրայի դէպքերուն առումով արձակեց վճիռներ, որոնց շրջագիծին մէջ ան մահապատիժի վճիռը առաջարկեց Ահմետ Ասիրի եւ 56 ուրիշներու համար:

