Ֆրենժիէ. «Մենք Դիմադրութեան Կը Զօրակցինք Մինչեւ Բռնագրաւուած Հողերուն Ազատագրումը»

Ֆրենժիէ ընտանիքին անդամները եւ Մարատա հոսանքի ղեկավարներ` ճաշկերոյթի սեղանին շուրջ
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ նախանցեալ օր Զղարթայի պալատին մէջ Մեծ պահքի սկզբնաւորութեան նախորդող հինգշաբթի օրուան առիթով սարքուած խրախճանքի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանը դժուար օրերու դէմ յանդիման կը գտնուի, սակայն պիտի կարենայ դիմագրաւել այդ օրերը, ինչպէս որ կրցած է դիմագրաւել բոլոր դժուարութիւնները:
Ֆրենժիէ նշեց, որ շրջանային զգայուն այս հանգրուանին ընթացքին Լիբանան եւս կը գտնուի անկիւնադարձային հանգրուանի մը մէջ:
Ան հաստատեց, որ իրենք կը զօրակցին ազատութեան եւ բացուելու քաղաքականութեան, սակայն կը փափաքին նաեւ պահպանել իրենց արժանապատուութիւնն ու բռնագրաւուած հողերը ազատագրելու կամքը:
«Մենք Դիմադրութեան կը զօրակցինք, մինչեւ բռնագրաւուած հողերուն ազատագրումը եւ բոլորին կողմէ իրենց իրաւունքները ստանալը», ըսաւ ան:

