Ռումիէի Բանտին Մէջ Սկսած Հացադուլն Ու Ցոյցերը Վերջ Գտան
Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Ռումիէի մէջ սկսած հացադուլն ու ցոյցերը վերջ գտան, երբ Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր Ռումիէ գործուղեց դատախազ Տենի Զհըննին` իմանալու համար արգելափակեալներուն պահանջները:
Ռիֆի իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Զհըննիի հետ եւ անոր յստակ ցուցմունքներ տուաւ` լուծելու համար ստեղծուած հարցը:
Արդարութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Զհըննի Ռումիէի մէջ հանդիպում մը ունեցած է բողոքող բանտարկեալներուն հետ ու անոնցմէ իմացած իրենց պահանջները եւ խոստացած երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ գործադրել զանոնք, ինչ որ վերջ մը դրած է հացադուլին եւ բողոքի ցոյցերուն:
CATEGORIES Լիբանանեան

