Սուրիական Օդուժը Ռմբակոծած Է Խըրպըթ Եունինը
Սուրիական օդուժը երէկ ռմբակոծեց Արսալի բարձունքը գտնուող Խըրպըթ Եունին շրջանը:
Ըստ նախնական տուեալներուն, սուրիական ռմբակոծումը թիրախ դարձուց այդ շրջանին մէջ գտնուող սուրիական ընդդիմութեան զինեալները:
Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Պաալպեքի Պրիթել գիւղաքաղաքը եւս ռմբակոծումի ենթարկուած է:
Ըստ Պրիթելի բնակիչներուն, իրենց դէմ ռմբակոծումը կատարուած է սահմանամերձ Տուրրա գիւղաքաղաքէն, ուր կ՛ապրին սուրիացիներ եւ լիբանանցիներ: Նոյն շրջանը բնորոշուեցաւ իբրեւ սուրիական ընդդիմութեան զինեալներու մարզումի շրջան:
Ռմբակոծումը պատճառեց մարդկային եւ նիւթական վնասներ:
Երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ՏԱՀԵՇ համացանցի թուիթըրեան իր հաշիւին ընդմէջէն ստանձնեց Պրիթելի դէմ «Կրատ» տիպի երեք հրթիռներ արձակելու գործողութեան պատասխանատուութիւնը:

