Նախարարական Յանձնախումբի Ութերորդ Նիստ` Երկուշաբթի Երեկոյեան Ժամը 6:00-Ին
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակող յանձնախումբին նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նախարարներ Մոհամետ Ֆընէյշ, Ալի Հասան Խալիլ, Պութրոս Հարպ, Ժըպրան Պասիլ, Սըժաան Քազզի, Նուհատ Մաշնուք եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուր:
Նիստը աւարտեցաւ երեկոյեան ժամը 6:45-ին` առանց ծրագիրին մշակումը աւարտելու:
Յանձնախումբը իր ութերորդ նիստը պիտի գումարէ երկուշաբթի, 3 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Ռաատ մաղթեց, որ նախարարական յանձնախումբը աւարտէ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մշակումը:
Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժի: Քննարկուեցան նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

